ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Փետրուարին՝ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը Մէջ։ Մարտին՝ Յայտնութիւն. Անոր Փառաւոր Յանգումը Մօտ Է։ Ապրիլին եւ Մայիսին՝ Դիտարանի բաժանորդագրութիւն։ ՆՈԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. Այն ժողովքները որոնք վերոյիշեալ ներկայացուելիք գրականութիւններուն կարիքը ունին, պէտք է զանոնք խնդրեն իրենց յաջորդ ամսական Գրականութիւններու Խնդրանքի «Ֆօրմ»ին (S–14) միջոցաւ։ Ներկայացնելը պէտք է ըլլայ վերայցելութիւններուն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին։
◼ Քարտուղարը եւ ծառայութեան տեսուչը պէտք է վերաքաղ ընեն բոլոր կանոնաւոր ռահվիրաներուն գործունէութիւնը։ Եթէ անոնցմէ ոեւէ մէկը դժուարութիւն կը գտնէ ժամերու նպատակակէտին հասնելու մէջ, երէցները պէտք է կարգադրութիւն ընեն օգնութիւն տալու համար։ Թելադրութիւններու համար, վերաքաղ ըրէք Ընկերութեան Հոկտեմբեր 1, 1992–ի եւ Հոկտեմբեր 1, 1991–ի (S-201) նամակները։ Նաեւ, նկատի առէք Օգոստոս 1986 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկին յաւելուածին 12–20–րդ պարբերութիւնները։
◼ Յիշատակատօնի տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի Ապրիլ 6, 1993–ին։ Թէեւ դասախօսութիւնը կրնայ կանուխ սկսիլ, հաճեցէք վերյիշել թէ Յիշատակատօնի հացն ու գինին Պէտք չէ ներկայացնել արեւնամուտէն առաջ։ Տեղական աղբիւրներէ ստուգեցէք թէ ե՛րբ արեւնամուտը տեղի կ’ունենայ ձեր շրջանին մէջ։ Այդ թուականին որեւէ ժողով պէտք չէ վարուի, բացառելով դաշտի ծառայութեան ժողովները։ Եթէ ձեր ժողովքը կանոնաւորաբար ժողով կ’ունենայ Երեքշաբթի օրը, կրնաք ուրիշ օր մը այդ ժողովը ընել եթէ Թագաւորութեան Սրահը մատչելի է։ Եթէ ձեր Ծառայութեան Ժողովը ազդուի, թերեւս կարելի ըլլայ ուրիշ Ծառայութեան Ժողովի մը հետ միացնել որեւէ բաժին որ յատկապէս կիրարկելի է ձեր ժողովքին համար։ Այն ժողովքները, որոնք շրջանային տեսուչի այցելութիւնը ունին, պէտք է ուրիշ օր մը ընեն այն ժողովները որոնք սովորաբար Երեքշաբթի օրը տեղի կ’ունենան։
◼ Այն հրատարակիչները որոնք կը փափաքին ծառայել որպէս օժանդակ ռահվիրաներ Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներուն ընթացքին, պէտք է հիմա իրենց ծրագիրները ընեն եւ իրենց դիմումնագիրները շուտով յանձնեն։ Ասիկա երէցներուն պիտի օգնէ որ դաշտի ծառայութեան անհրաժեշտ կարգադրութիւններ ընեն եւ ձեռքի տակ բաւարար գրականութիւններ ապահովեն։