ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ ՓԵՏՐՈՒԱՐ ԱՄՍՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ
Փետրուար 1–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 34
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկէն ընտրուած ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ։ Ցոյց տուէք ինչպէս պարբերաթերթեր ներկայացնել, գործածելով ընթացիկ թիւեր։
20 վյրկ. «Մեր Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան Վարիչին Հետ Համագործակցիլ»։ Հարց պատասխանով։
15 վյրկ. «Պարզ եւ Ազդեցիկ Ներկայացումներ»։ Ունկնդիրներուն հետ խօսակցեցէք։ Երբ 3–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնէք, ցուցադրեցէք ինչպէս հրատարակիչ մը տանուտիրոջ հետաքրքրութիւնը կ’արթնցնէ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն նկատմամբ։
Երգեցողութիւն թիւ 112 եւ փակման աղօթք։
Փետրուար 8–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 55
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Ընթացիկ պարբերաթերթերէն խօսակցական կէտեր բացատրեցէք։ Բոլորը քաջալերեցէք որ դաշտի ծառայութեան մասնակցին այս շաբաթավերջը։
20 վյրկ. «Յաւիտեան Ապրիլ Գրքով Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւններ Վարեցէք»։ Հարց պատասխանով։ 6–րդ պարբերութիւնը նկատի առնելէ ետք, ցուցադրեցէք ինչպէս պատանի մը կրնայ ներկայացնել ու Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ գործածելով Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը։ Պատմեցէք տեղական որեւէ փորձառութիւն պատանիներու մասին որոնք կրցան ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։
15 վյրկ. «Աստուծոյ Խօսքը Չենք Խարդախեր»։ Դասախօսութիւն վերակացու տեսուչին կամ ուրիշ երէցի մը կողմէ, հիմնուած Դիտարանի 1 Դեկտեմբեր 1992 թիւին վրայ, էջ 26–9 [Անգլ.]։ Ջերմօրէն գովեցէք եղբայրները թիկունք կանգնելուն համար Ընկերութեան աշխարհածաւալ գործին ինչպէս նաեւ տեղական ժողովքին։ Կարելի է նաեւ յիշել ինչ որ ժողովքը կ’ընէ աջակցելով Ընկերութեան Թագաւորութեան Սրահներ Շինելու Հիմնադրամին եւ որեւէ տեղական շինարարութեան ծրագրի։
Երգեցողութիւն թիւ 113 եւ փակման աղօթք։
Փետրուար 15–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 143
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրը։ Գովեցէք ժողովքը հաւատարմօրէն զօրավիգ կանգնելուն համար տեղական ժողովքի կարիքներուն։ Քաջալերեցէք մասնակցիլը շաբաթավերջուայ դաշտի գործունէութեան։
20 վյրկ. «Սորվեցուցէք . . . Ինչ որ Ես Ձեզի Պատուիրեցի»։ Ունկնդիրներուն հետ հարց պատասխանով նկատի առնել յօդուածը։ Երբ կը բացատրէք 4–րդ եւ 5–րդ պարբերութիւնները, ուրիշ օրինակներ տուէք համարներու եւ հրատարակութիւններու մասին որոնք տեղական պարագաներուն կը յարմարին։ Ցուցադրեցէք ինչպէս վերայցելութեան մը ատեն բացումէն անցնիլ թերթիկներէն մէկուն։ Ժամանակին ներած չափով նկատի առէք թերթիկէն մէկ կամ երկու պարբերութիւններ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ յարատեւեն փորձել Աստուածաշունչի նոր ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։
15 վյրկ. «Արիւն», Պատճառաբանել գիրքը, էջ 72–4 [կամ էջ 194–6 Արբ.]։ Ցուցադրեցէք վերայցելութիւն մը ուր տանուտէրը կ’ուղղէ նիւթին մէջ տպուած հարցումները։ Հրատարակիչին պատասխանները պէտք է հիմնուած ըլլան Պատճառաբանել գրքի մեկնաբանութիւններուն վրայ։
Երգեցողութիւն թիւ 114 եւ փակման աղօթք։
Փետրուար 22–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 150
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Աստուածպետական Լուրեր։
20 վյրկ. «Երախտապարտութիւն Ցուցաբերել Փրկագինին Համար»։ Դասախօսութիւն երէցի մը կողմէ։
15 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ կամ դրական դասախօսութիւն հիմնուած «Հնազանդութիւն Սորվեցէք Կրթութիւն Ընդունելով» յօդուածին վրայ, Դիտարանի 1 Հոկտեմբեր 1992 թիւին մէջ [Անգլ.]։ Ցոյց տուէք թէ ինչպէս Եհովայի բոլոր ծառաները—թէ՛ պատանիները եւ թէ տարեցները—կրթութիւն կը ստանան, եւ բացատրեցէք հնազանդութեան դրական կերպով դիտելուն բերած օգուտները։
Երգեցողութիւն թիւ 102 եւ փակման աղօթք։