ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Մարտին՝ Յայտնութիւն. Անոր Փառաւոր Յանգումը Մօտ Է։ Ապրիլին եւ Մայիսին՝ Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը ինչպէս նաեւ որեւէ գրքոյկ (ի բացառեալ Դպրոց գրքոյկէն)։ Յունիս՝ Մեծագոյն Մարդը Որ Ապրած Է։ ՆՈԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. Այն ժողովքները որոնք վերոյիշեալ ներկայացուելիք գրականութիւններուն կարիքը ունին, պէտք է զանոնք խնդրեն իրենց յաջորդ ամսական Գրականութիւններու Խնդրանքի «Ֆօրմ»ին (S–14) միջոցաւ։ Ներկայացնելը պէտք է ըլլայ վերայցելութիւններուն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին։
◼ Վերակացու տեսուչը կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, ժողովքի հաշիւները պէտք է ստուգէ Մարտ 1–ին, կամ անմիջապէս անկէ ետք։ Ժողովքին ծանուցում մը ըրէք երբ ասիկա կատարուի։
◼ 14 Փետրուար 1992–ին Ընկերութեան կողմէ բոլոր ժողովքներուն յղուած նամակ մը ծանուցանեց 1993–ի Համաժողովի Սնտուկ մը, միսիոնարներուն օգնելու որ իրենց երկիրը այցելեն եւ հոն այս տարուան նահանգային համաժողովներէն մէկուն ներկայ գտնուին։ Մարտը վերջին ամիսը պիտի ըլլայ Ընկերութեան նուիրատուութիւններ ղրկելու այս 1993–ի Համաժողովի Սնտուկին համար։ Այս կարգադրութեան ձեր թիկունք կանգնիլը շատ կը գնահատուի։