Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 3/93 էջ 3-6
  • ԿՐՆԱ՞Ք ԱՒԵԼԻ ԸՆԵԼ ԵՀՈՎԱՆ ՊԱՏՈՒԵԼՈՒ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ԿՐՆԱ՞Ք ԱՒԵԼԻ ԸՆԵԼ ԵՀՈՎԱՆ ՊԱՏՈՒԵԼՈՒ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ռահվիրայական ծառայութեան օրհնութիւնները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ռահվիրայական Ծառայութիւնը Ձեզի՞ Համար Է
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
  • ՌԱՀՎԻՐԱՆԵՐՈՒՆ ԹԻԿՈՒՆՔ ԿԱՆԳՆԻԼ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
  • ԿՐՆԱ՞Ք ԵՀՈՎԱՅԻ ԾԱՌԱՅԵԼ ՈՐՊԷՍ ՌԱՀՎԻՐԱՅ ՄԸ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
թծ 3/93 էջ 3-6

ԿՐՆԱ՞Ք ԱՒԵԼԻ ԸՆԵԼ ԵՀՈՎԱՆ ՊԱՏՈՒԵԼՈՒ

1 Ասիկա նկատի առնուելիք կարեւոր հարցում մըն է բոլորիս համար։ Մեր Ուսուցիչին՝ Յիսուս Քրիստոսին՝ որպէս հաւատարիմ հետեւորդներ, այսօր Եհովան կը պատուենք իր անունը հանրապէս յայտարարելով։ Ասիկա պատասխանատուութիւն մըն է որ պէտք է վերցնենք եթէ կ’ուզենք Աստուծոյ հաճութիւնը շահիլ։ (Մար. 13։10. Ղուկ. 4։18. Գործք 4։20. Եբր. 13։15) Ի՜նչ աննկարագրելի առանձնաշնորհում մըն է—Այո, պատիւ—այս բարի լուրը հասցնելը մնացեալ ցրուած ոչխարներուն, որոնք դեռ կրնան Եհովայի համաշխարհային հօտին մէկ մասը ըլլալ։—Յովհ. 10։16

2 Կրնա՞ք դուք եւ ձեր զաւակները աւելին ընել Եհովան պատուելու, աւելցնելով ձեր գործունէութիւնը ծառայութեան մէջ։ Ամբողջ աշխարհի մէջ միշտ աւելցող թիւերով, ձեր եղբայրները եւ քոյրերը ռահվիրայական ծառայութեան կը մասնակցին։ 1992–ի Ապրիլ ամսուան ընթացքին, Լիբանանի մէջ 690 անհատներու գագաթ մը ծառայեցին որպէս մասնաւոր, կանոնաւոր եւ օժանդակ ռահվիրաներ։ Դուք անձամբ լրջօրէն մտածա՞ծ էք ռահվիրայութեան մասին։ Ձեր զաւակները կը քաջալերէ՞ք որ լիաժամ ծառայութեան ասպարէզ մը հետապնդեն։

3 Ինչո՞ւ չվերլուծէք ձեր անձնական զգացումները ռահվիրայական ծառայութեան հանդէպ։ Երբ նիւթը կը յիշուի, շուտով կ’եզրակացնէ՞ք թէ ձեր պարագաները չեն ներեր որ ծառայէք որպէս ռահվիրայ ծառայ մը։ Ճիշդ է որ ռահվիրայութիւնը ամէն անհատի համար կարելի չէ։ Սուրբ Գրային պատասխանատուութիւններ եւ ուրիշ սահմանափակումներ թոյլ չեն տար շատերու որ լիաժամ ծառայեն։ (Ա. Տիմ. 5։8) Բայց վերջերս աղօթքով մտածե՞ր էք այս հարցին շուրջ։ Նիւթը ընտանիոք նկատի առա՞ծ էք տեսնելու համար եթէ առնուազն անդամ մը կրնայ ռահվիրայ ըլլալ։ Դիտարանի Յուլիս 1, 1983–ի թիւը այս միտք–գրգռող արտայայտութիւնը ըրաւ էջ 17–ի վրայ. «Իրապէս, իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ ծառայ պէտք է աղօթքով նկատի առնէ թէ ինք կրնա՞յ ռահվիրայութիւն ընել։ Հարաւ Ափրիկեցի զոյգ մը որ տասնըհինգ տարի ռահվիրայութիւն ըրած են՝ ըսին. ‘Ինչո՞ւ ռահվիրայութիւն կ’ընենք։ Արդեօք Եհովայի առջեւ մենք մեզ պիտի կարենայի՞նք արդարացնել եթէ ռահվիրայութիւն չընէինք’։ Շատեր որոնք հիմա ռահվիրաներ չեն, լաւ կ’ըլլայ որ հետեւեալը հարցնեն. ‘Եհովայի առջեւ իրապէս կրնա՞մ ինքզինքս արդարացնել ռահվիրայ չըլլալուս համար’»։

4 Դիտարանի ուրիշ յօդուած մը, նիւթին վերաբերեալ այս ուղղակի մեկնաբանութիւնը ըրաւ. «Իւրաքանչիւրս պէտք է ուղղամիտ ըլլայ իր անձին հետ։ Արդեօք կ’ըսէ՞ք ‘հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար’։ Բայց հոգին իրապէ՞ս յօժար է։ Թող որ խուսափինք հոգիին անյօժարութեան համար մարմինին տկարութիւնը որպէս չքմեղանք գործածելէ»։—Դիտ. 8/15/78 էջ 23, Անգլերէնով։

5 Ծնողներ Որոնք կ’Ուզեն որ Իրենց Զաւակները Յաջողին. Առակաց 15։20 մեզ կը վստահեցնէ. «Իմաստուն տղան իր հայրը կ’ուրախացնէ»։ Աներկբայելիօրէն, աստուածավախ ծնողներ կ’ուրախանան երբ իրենց տղաքն ու աղջիկները կը հետապնդեն Եհովայի նուիրուած ծառայութեան կեանք մը։ Սակայն, ձեր զաւակները ինքնաբերաբար պիտի չընտրեն իմաստուն ընթացքը։ Այս աշխարհի հրապոյրը շատ զօրեղ է։ Ո՛վ ծնողներ, ձեր զաւակներուն արժէքները մեծապէս կը կաղապարուին ձեր արժէքներուն համաձայն։ Եթէ միշտ դրական կերպով խօսիք լիաժամ ծառայութեան օգուտներուն մասին, եթէ ձեր պզտիկները քաջալերէք որ նուիրեալ ռահվիրաներու ընկերակցութիւնը փնտռեն, եթէ իրապէս համոզուած էք թէ լիաժամ ծառայութիւնը ամենէն պատուական ասպարէզն է որ ձեր զաւակները կրնան ստանձնել, այս դրական կեցուածքը անկասկած մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենայ ձեր զաւակներուն վրայ։ Անոնց օգնեցէք որ գնահատեն Եհովայի հետ, քան թէ մարդոց հետ, լաւ անուն ունենալու արժէքը։

6 Ո՛վ պատանիներ, Առակաց 22։1–ը ձեր ընելիք ընտրութիւնը կը յստակացնէ. «Բարի անունը շատ հարստութենէն աւելի ընտիր է ու շնորհքը արծաթէն ու ոսկիէն աղէկ է»։ Ձեզի ի՞նչ անուն պիտի ընէք։ Մտածեցէք Աստուածաշունչին մէջ յիշուած այրերուն եւ կիներուն մասին, որոնք Աստուծոյ հետ անուն ըրին նուիրեալ ծառայութեան միջոցաւ։ Զոր օրինակ, Ղուկաս՝ սիրուած բժիշկը, եւ Ենովք, որ ճշմարիտ Աստուծոյ հետ քալեց։ Սամուէլ ստացաւ կարելի եղած լաւագոյն դաստիարակութիւնը, մատղաշ տարիքէն իր ծառայութիւնը սկսելով Եհովայի տաճարին մէջ։ Կը խորհի՞ք թէ այս հաւատարիմ ծառաները զղջացին իրենց ըրած ընտրութեան համար։ Ինչո՞ւ պիտի զղջային։ Բոլորն ալ ուրախ, արդիւնաբեր ու հետաքրքրական կեանք մը ապրեցան. եւ Եհովայի մնայուն հաճութիւնը շահեցան։—Սաղմ. 110։3. 148։12, 13. Առ. 20։29ա. Ա. Տիմ. 4։8բ

7 Երբ զաւակները կեանքի մէջ կը յաջողին, իրենց ծնողները հպարտութեան զգացում մը կ’ունենան։ Անոնք մեծապէս կը վարձատրուին «Տէրոջը ժառանգութիւն»ը մարզելով, կրթելով եւ դաստիարակելով։ (Սաղմ. 127։3) Ի՞նչ բան կրնայ ոեւէ ծնող աւելի հպարտ դարձնել քան զաւակ մը որ իր լաւագոյնը կ’ընէ Եհովան պատուելու։ Շատ մը պատանիներ արդի ժամանակներուն կը հետեւին Ղուկասի, Ենովքի, եւ Սամուէլի օրինակին, ինչպէս նամակ մը կը յստակացնէ. «16 տարեկան եմ։ Սկսայ ծառայել որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ . . . մկրտուելէս 9 ամիս ետք, եւ այդ օրէն ի վեր Եհովայէն օրհնութիւններ կը ստանամ։ . . . Ռահվիրայութիւնը կ’օգնէ նաեւ դպրոցին մէջ։ Նախապէս, Վկայ մը ըլլալուս համար դասընկերներս նեղութիւն կու տային։ Այժմ, քանի որ ա՛լ աւելի անձնական ուսումնասիրութիւն կ’ընեմ, կրնամ ‘զիս անարգողին պատասխան տալ’»։

8 Ուսում Ստանալ Ծառայութեան Համար Պատրաստուելու. Այս կէտին նկատմամբ կրնանք աշխարհային ուսման հարցը նկատի առնել։ Ասիկա մարզ մըն է ուր մասնաւորաբար հարկ կայ հաւասարակշռուած տեսակէտի մը։ Դիտարանի Փետրուար 1, 1993–ի թիւը ներկայացուց «Ուսում Ստանալու Նպատակը» յօդուածը։ «Բաւարար Ուսում» ենթագլուխին ներքեւ, այս կէտը յիշուեցաւ. «Քրիստոնեաները կարող պէտք է ըլլան նիւթապէս իրենք իրենց հոգ տանելու, նոյնիսկ երբ լիաժամ ռահվիրաներ են։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։10–12) . . . Երիտասարդ Քրիստոնեայ մը ո՞ր աստիճան ուսման կարիքը ունի, որպէսզի Աստուածաշունչի այս սկզբունքները յարգէ եւ իր Քրիստոնէական պարտաւորութիւններուն գոհացում տայ։ . . . Ի՞նչ [աշխատավարձք] կարելի է «բաւարար» կոչել . . . անոնց պարագային որոնք կը փափաքին բարի լուրին ռահվիրաներ ըլլալ։ Այսպիսիները ընդհանրապէս մասնակի ժամեր պէտք է աշխատին, որպէսզի իրենց եղբայրներուն, կամ իրենց ընտանիքին «նեղութիւն» չտան։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։9»

9 Դիտարանի Փետրուար 1, 1993–ի թիւը հետեւեալը յանձնարարեց ապագացու ռահվիրային որ անհրաժեշտ կը սեպէ յաւելուածական ուսում ստանալ որպէսզի օգնէ իրեն լիաժամ ծառայութիւնը հետապնդելու. «Լաւ պիտի ըլլայ որ երիտասարդ Վկան, եթէ կարելիութիւն կայ, որ զայն ստանայ մինչ տունը կ’ապրի, այսպիսով կարող կ’ըլլայ Քրիստոնէական ուսումնասիրութեան բնական սովորութիւնները պահելու, ժողովներուն ներկայ գտնուելու եւ քարոզչութեան մասնակցելու»։

10 Ափրիկէէն կու գայ 22 տարեկան երիտասարդի մը փորձառութիւնը որ ստիպուած էր արհեստից վարժարան մը յաճախել, թէեւ իր սիրտը ռահվիրայական ծառայութիւնը կ’ուզէր։ Մինչ արհեստից վարժարանը կը յաճախէր, որպէս օժանդակ ռահվիրայ մը ծառայեց։ Իր դասընկերները ծաղրեցին զինք, ըսելով թէ ինք վստահաբար պիտի ձախողէր քննութիւններուն մէջ։ Անոնց միշտ կը պատասխանէր. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը»։ Ինքնակրթութիւն գործադրելով, ամէն օր առտու կանուխ կ’արթննար եւ երկու ժամ կը յատկացնէր իր դասերը պատրաստելու, իսկ կէսօրէ ետք դասընթացքները վերջանալէ յետոյ, դաշտի ծառայութեան կը մասնակցէր։ Ամբողջ դպրոցը ապշեցաւ երբ այս երիտասարդը երրորդ դիրքը գրաւեց մասնաւոր քննութեան մը մէջ, որու նպատակն էր ընտրել երեք լաւագոյն աշակերտներ մասնայատուկ երաշխաւորական նուէրի մը համար։ Այն աշակերտը որ երկրորդ դիրքը գրաւեց հետաքրքրուած անհատ մըն էր, որու հետ մեր ռահվիրայ եղբայրը Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէր դպրոցին մէջ։ Իսկ առաջին հանդիսացող աշակերտը ուրիշ նախանձախնդիր երիտասարդ Վկայ մըն էր դպրոցին մէջ։

11 Երէցները Իրենց Բաժինը կը Կատարեն. Ժողովքի երէցները, որոնք հպարտ են ռահվիրաներու տարած աշխատանքով, մեծ քաջալերանք կը հայթայթեն այս նախանձախնդիր ծառաներուն։ Երէցները ասիկա հաճոյքով կ’ընեն, քանի որ գիտեն թէ ժրաջան եւ արդիւնաբեր ռահվիրաները օրհնութիւն մըն են որեւէ ժողովքի։ Շուրջ մէկ տարի անցընելէ ետք կանոնաւոր ռահվիրայական ծառայութեան մէջ, այսպիսիներ որակելի կ’ըլլան յաւելեալ մարզումին Ռահվիրաներու Ծառայութեան Դպրոցին մէջ։ Դասընթացքը թանկարժէք գործիք մըն է ռահվիրաներուն կարողութիւնները բարելաւելու։ Թէեւ ռահվիրաները աշխատանքին առաջնակարգ տեղը կը գրաւեն, իրենք ալ սիրալիր քաջալերանքի պէտք ունին, եւ երէցները պէտք է արթուն ըլլան այս կարիքին գոհացում տալու։—Ա. Պետ. 5։1–3

12 Երէցները ինչպէ՞ս կրնան ռահվիրայական գործը ոգեւորել։ Լաւ սկզբնակէտ մըն է պարբերաբար նկատի առնել թէ որոնք կրնան այս առանձնաշնորհումին որակելի ըլլալ։ Երէցները կրնան խօսիլ այն անհատներուն հետ որոնք կը թուի թէ նպաստաւոր վիճակի մէջ են ռահվիրայութիւն ընելու, մէջը ըլլալով շատեր որոնք կանոնաւոր կերպով օժանդակ ռահվիրայ են, գործէ քաշուած անհատներ, տանտիկիններ եւ աշակերտներ։ Մինչ ոչ ոք պէտք է ստիպել ռահվիրայութիւն ընելու, անոնք որոնք փափաք ունին բայց կը վարանին, գործնական քաջալերանքով մը կրնան գիտակցիլ թէ ռահվիրայութիւնը իրենց կարողութեան սահմանին մէջ է։

13 Քաջալերելու ատեն, երէցները պէտք է ի մտի ունենան թէ անհրաժեշտ չէ որ դիմումնագիր տուողը մի քանի ամիս որպէս օժանդակ ռահվիրայ ծառայէ կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլալէ առաջ։ (թծ 8/86 յաւելուածին 24–26 պարբերութիւնները) Անշուշտ, երէցները պիտի ուզեն վստահ ըլլալ թէ դիմումնագիր տուողը ի վիճակի է ժամերու պահանջին գոհացում տալու։

14 Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբը դիմումնագիրը վերաքաղ ընելէ ետք եւ քարտուղարը ուշադրութեամբ ստուգելէ ետք թէ բոլոր հարցումներուն պատասխան տրուած է, կազմակերպութեան պէտք է արագօրէն յղել զայն։

15 Քարտուղարը պէտք է երէցներուն իմացնէ ռահվիրաներուն դիմագրաւած խնդիրները։ Ասիկա մասնաւորաբար կարեւոր է այն ժողովքներու մէջ ուր շատ ռահվիրաներ կան։ Ծառայութեան տարուան վերջաւորութեան ռահվիրաներու գործունէութիւնը վերաքաղ ընելէ զատ, ինչպէս պահանջուած է Ժողովքի Վերլուծման Տեղեկագրին (S-10) մէջ, Մարտին սկիզբը քարտուղարը պէտք է հանդիպում մը ունենայ ծառայութեան տեսուչին հետ, նկատի առնելու համար թէ ո՛վ ժամերու պահանջին մէջ թերացած է եւ անձնական օգնութեան պէտք ունի։ (Տես Փետրուար 1993–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկին Ծանուցումները։) Եթէ օգնութիւն տրուի առանց ուշացումի, կարելի է որ ռահվիրան ծառայութեան տարին յաջողութեամբ ամբողջացնէ։

16 Վերջերս նշանակուած ռահվիրաներէն շատեր պատանի են եւ ճշմարտութեան մէջ՝ համեմատաբար նորեկ։ Անոնց կամեցող հոգին վստահաբար մեզ ուրախ կը դարձնէ։ Բայց այս նորեկները դեռ պէտք ունին մարզուելու որպէսզի հմուտ ըլլան տունէ–տուն աշխատանքին մէջ, ազդեցիկ վերայցելութիւններ ընելուն մէջ եւ Աստուածաշունչի աշակերտներու սորվեցնելուն մէջ։ Եթէ այս մարզումը չտրուի, նորեկը կրնայ վհատ դառնալ շուրջ մէկ տարի ետք եւ վերջապէս ռահվիրայութիւնը դադրեցնել, քանի որ ծառայութեան մէջ լաւ արդիւնքներ ձեռք չձգեց։ Արթուն երէցները կրնան փոքր խնդիրներ կամ գործունէութեան դանդաղութիւն մը երեւան հանել։ Եթէ անմիջական ուշադրութիւն ընծայուի եւ ռահվիրային օգնութիւն տրուի իր խնդիրը լուծելու համար, ան կրնայ արդիւնաբեր ծառայութեան շատ մը տարիներ վայելել։

17 Կրնա՞ք Հեռաւոր Ջուրերու Մէջ Ձկնորսութիւն Ընել. Յիսուսի աշակերտներէն ոմանք ձկնորս էին։ Երբեմն, ամբողջ գիշերը ձկնորսութիւն ընելէ ետք, անոնց ուռկանները դեռ պարապ կը մնային։ (Յովհ. 21։3) Այս երկրի կարգ մը շրջաններուն մէջ, ուր «մարդոց որսորդ»ութիւնը տարիներ շարունակուած է, կարգ մը ռահվիրաներ կրնան եզրակացնել թէ իրենց ժողովքի «ջուրերուն» մէջ քիչ «ձուկեր» մնացած են։ (Մատթ. 4։19) Ասոր հակառակը, չե՞նք ուրախանար կարդալով ուրիշ երկիրներէ եկած տեղեկագիրները ուր հրատարակիչներն ու ռահվիրաները բազմաթիւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարեն։ Այս երկիրներուն մէջ ռահվիրաներուն եւ միսիոնարներուն ուրախութիւնը բացայայտ է։ (Դիտ. 12/1/92 էջ 15 պարբ. 15) Ուստի, եթէ կարգ մը ժրաջան ռահվիրաներ ի վիճակի են փոխադրուելու ուրիշ թաղամաս մը ուր աւելի մեծ կարիք կայ, պէտք է ասիկա նկատի առնեն իրենց շրջանային տեսուչին հետ այսպիսի քայլ մը առնելէ առաջ։

18 Ոմանք թերեւս սկսան ռահվիրայական ծառայութիւնը քանի որ գիտէին թէ ասիկա ընելիք շիտակ բանն է, բայց հարց տուին թէ արդեօք կրնայի՞ն յաջողութիւն ձեռք ձգել անոր մէջ։ Անոնք կրնայ ըլլալ որ կասկած ու վերապահութիւն ունենալով դիմումնագիր յանձնեցին։ Սկիզբը, թերեւս անոնց արդիւնքները դաշտին մէջ շատ քիչ էին։ Սակայն, ժամանակի ընթացքին, անոնց հմտութիւնը աւելցաւ եւ Եհովայի օրհնութիւնը իրենց աշխատանքին վրայ բացայայտ եղաւ։ Հետեւաբար անոնց ուրախութիւնը եւ ինքնավստահութիւնը աւելցան։ Ոմանց համար ռահվիրայութիւնը նաեւ ոտնաքար մը եղաւ Պէթէլի ծառայութեան, Գաղաադու մարզումին եւ միսիոնարական գործին, Ծառայութեան Մարզումի Դպրոցին եւ նոյնիսկ ճամբորդական ծառայութեան։

19 Թերեւս ձեզի համար կարելի չըլլայ որ ուրիշ երկիր մը փոխադրուիք կամ Գաղաադու մարզումէն օգտուիք, բայց դեռ պատեհութիւններ կան ուրիշ ջուրերու մէջ ձկնորսութիւն ընելու այս երկրին մէջ, եթէ ձեր ներկայ թաղամասը յատկապէս արդիւնաբեր չէ։ Այսպիսի փոխադրութիւն մը կրնայ վերաճշդում մը պահանջել ձեր ապրելակերպին մէջ, բայց հոգեւոր վարձատրութիւնները արդարեւ շատ մեծ պիտի ըլլան։—Մատթ. 6։19–21

20 Կամ եթէ ձեր պարագաները կը ներեն, կրնաք ձեր շրջանին մէջ մօտակայ ժողովքի մը օժանդակել։ Եթէ որակելի էք, ձեր շրջանային տեսուչը ուրախութեամբ պիտի թելադրէ թէ ո՛ր ժողովքները շրջանին մէջ կրնան ռահվիրայի մը ծառայութենէն օգտուիլ։

21 Կարգ մը ռահվիրաներ եւ հրատարակիչներ իրենց երկիրը մնալով կարող էին իրենց շրջանի պէտքերուն ծառայել։ Անոնք օտար լեզու մը գիտէին։ Արդեօք ձեր թաղամասին մէջ կը գտնէ՞ք թէ շատ մը մարդիկ օտար լեզու կը խօսին։ Անոնք որոնք օտար լեզու գիտեն կրնան մեծապէս օգնական ըլլալ Թագաւորութեան պատգամով ամէն տեսակ մարդոց հասնելու։ Թէեւ ասիկա կրնայ լուրջ մարտահրաւէր մը ըլլալ, բայց կրնայ նաեւ շատ վարձահատոյց ըլլալ։—Ա. Տիմ. 2։4. Տիտ. 2։11

22 Եթէ ներկայիս ձեր լաւագոյնը կ’ընէք Եհովան պատուելու, ուրախացէք ծառայութեան ձեր ներկայ առանձնաշնորհումներով։ Եթէ կը զգաք թէ աւելին կրնաք ընել, աղօթքով հարցը Եհովային ներկայացուցէք։ Իրապաշտօրէն վերլուծեցէք այն փոփոխութիւնները զորս ձեր պարագաները թոյլ պիտի տան որ ընէք։ Խօսեցէք ձեր ծրագիրներուն մասին երէցի մը հետ որ ռահվիրայական հոգի ունի կամ շրջանային տեսուչին հետ։ Երբ աղօթքով գործնական որոշում մը կ’առնէք, արագօրէն գործադրեցէք զայն, վստահ ըլլալով Եհովայի խոստումէն, որ զինք պատուողները պիտի պատուէ։—Եբր. 13։5, 6. Ա. Թագ. 2։30

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել