ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ ՄԱՐՏ ԱՄՍՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ
Մարտ 1–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 10
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
12 վյրկ. «Շարունակեցէք Ըսել. ‘Եկո՛ւր’»։ Հարց պատասխանով։ Երբ նկատի կ’առնէք 4–րդ պարբերութիւնը, թող որ լաւ պատրաստուած հրատարակիչ մը ցցուն ընէ մի քանի կէտեր Յայտնութեան Յանգումը գրքէն, գլուխ 42, պարբերութիւն 6–10, որոնք կապ ունին Յայտնութիւն 21։4–6–ի հետ։
13 վյրկ. «Ձեր Ծառայութեան Մէջ Ճկուն Եղէք»։ Դասախօսութիւն եւ որոշ մասնակցութիւն ունկնդիրներու կողմէ։ Պարփակեցէք հակիրճ երկու ցուցադրութիւններ երբ կը բացատրէք 3–5 պարբերութիւնները։ Շեշտեցէք կարիքը ուրախութիւն գտնելու ծառայութեան մէջ ի՛նչ որ ալ ըլլան արդիւնքները։
15 վյրկ. «Աստուածպետական Ընդլայնումը Արագացնելու Համար Յառաջդիմել»։ Հարց պատասխանով, երէցի մը կողմէ։ Կամեցողութեան պատշաճ տեսակէտ մը մեզ կը դրդէ։ Հրաւէր կը տրուի բոլոր ժողովքներուն որ այս կարգադրութեան հետեւին կարելի եղածին չափ շուտով։
Երգեցողութիւն թիւ 114 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 8–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 47
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Յիշեցէք օժանդակ ռահվիրաներուն թիւը որոնք այժմ ընդունուած են Ապրիլ ամսուան համար։ Քաջալերեցէք անոնց որոնք կը ծրագրեն ռահվիրայութեան մասնակցիլ որ շուտով դիմումնագիրներ յանձնեն։
20 վյրկ. «Կրնա՞ք Աւելի Ընել Եհովան Պատուելու»։ Հարց պատասխանով նկատի առնել 1–10 պարբերութիւնները։
20 վյրկ. Մեր Աստուածաշունչի Աշակերտներուն Օգնենք։ Ունկնդիրներուն հետ խօսակցութիւն, շեշտելով կարիքը յաւելեալ օժանդակութիւն տալու Աստուածաշունչի աշակերտներուն, չգոհանալով պարզապէս ուսումնասիրութիւնը վարելով։ (Ա. Թես. 2։8) Յաւելեալ ժամանակ յատկացուցէք ջերմ փափաք գրգռելու ժողովներուն ներկայ ըլլալու եւ մասնակցելու։ Գնահատանք կերտեցէք կազմակերպութեան եւ միջազգային եղբայրութեան հանդէպ, բացատրելով շրջանային համաժողովը, մէկ օրուայ մասնաւոր համաժողովը եւ նահանգային համաժողովը։ Կրնաք միասնաբար դիտել սա պատկերիզները. Եհովայի Վկաները—Անուն մը, Կազմակերպութիւն մը, Ծիրանի Եռանկիւններ եւ Աստուածաշունչը—Ճշգրիտ Պատմութիւն, Հաւաստելի Մարգարէութիւններ, եւ հարցնել աշակերտներուն թէ ինչ սորվեցան անոնցմէ։ Աստիճանաբար ցոյց տուէք ինչպէս ուրիշներու հետ անպաշտօն կերպով բաժնել ինչ որ կը սորվին։ Աստուածաշունչի այն աշակերտները որոնք Մեր Ծառայութիւնը գրքին 98 եւ 99–րդ էջերուն վրայ ուրուագծուած պահանջներուն գոհացում կու տան եւ կը փափաքին մասնակցիլ հանրային ծառայութեան, պէտք է օգնութիւն ստանան չմկրտուած հրատարակիչներ ըլլալու։ Կարեւոր է ժամանակ յատկացնել ուսումնասիրութեան ընթացքին եւ անկէ ետք աշակերտներուն օգնելու որ նուիրումի եւ մկրտութեան հանդէպ փափաք մշակեն։ Կարելի է աշակերտներուն ցոյց տալ պատկերներ կամ օրաթերթերէն յօդուածներ մկրտութիւններու մասին մեր համաժողովներուն մէջ։ Ցուցադրութիւն. Հրատարակիչ մը Աստուածաշունչի աշակերտի մը կ’օգնէ անպաշտօն վկայութեան համար։ Յաւիտեան Ապրիլ գրքէն դաշտի ծառայութեան կէտ մը կ’ընտրէ ու կ’ըսէ. «Լաւ պիտի ըլլայ այդ կէտը բաժնես կարգ մը ազգականներուդ կամ դրացիներուդ հետ։ Կրնաս անոնց ըսել թէ Աստուածաշունչէն բան մը սորվեցար որ առաջ չէիր գիտեր»։ Քաջալերեցէք հրատարակիչները որ Աստուածաշունչի աշակերտներուն օգնեն, սիրալիր կերպով հոգ տանին նոյնիսկ մկրտութենէն ետք։
Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 15–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 63
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ, պարփակելով հաշիւներու տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրը։ Ակնարկեցէք այս սիւնակին վարը գտնուած շրջագիծին՝ «Այժմէական Պատգամ մը»։ Քաջալերեցէք որ բոլորն ալ նոթագրեն մասնաւոր դասախօսութեան խորագիրը որ պիտի ներկայացուի Մարտ 28–ին եւ հրաւիրեն հետաքրքրուած անհատները ներկայ գտնուելու։
15 վյրկ. «Բոլոր Հետաքրքրուած Անհատներուն Օգնենք»։ Դասախօսութիւն եւ որոշ մասնակցութիւն ունկնդիրներու կողմէ։ Ժամանակին ներած չափով նկատի առէք մէջբերուած համարները։ Ցուցադրեցէք 3–րդ պարբերութեան մէջ յիշուած թելադրութիւնը։ Ցցուն ըրէք կարիքը հետապնդելու անոնց հետաքրքրութիւնը որոնք առաջին անգամ ներկայ կ’ըլլան։
20 վյրկ. «Կրնա՞ք Աւելի Ընել Եհովան Պատուելու»։ Հարց պատասխանով նկատի առնել 11–22 պարբերութիւնները։
Երգեցողութիւն թիւ 32 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 22–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 129
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկէն ընտրուած ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ ծրագրեն աւելի բաժին բերել ծառայութեան մէջ Ապրիլ ամսուան ընթացքին։
20 վյրկ. Տարեցներուն Հոգ Տանինք։ Բացատրութիւն եւ հարցազրոյցներ երկու եղբայրներու կողմէ։ Անցեալ ամառ, «Լոյս Կրողներ» Նահանգային Համաժողովին յօդուածաշարք մը ներկայացուեցաւ Կիրակի առաւօտ, որու բնաբանն էր՝ «Քրիստոնէական Ընտանիքէն Ներս Իրարու Հոգ Տանինք»։ Անոր փակման բաժինը՝ «Տարեցներով Զբաղելով», շեշտեց տարեցներուն բերած արժէքաւոր նպաստը ընտանիքին եւ ժողովքին։ (Առ. 16։31) Ի՞նչ կերպերով կրնանք տարեցներուն օգնել։ Ընտանիքը գլխաւոր պատասխանատուութիւնը ունի։ (Ա. Տիմ. 5։3, 4, 8, 16) Պէտք կայ համբերութեան եւ կարեկցութեան։ Չափահաս դարձած զաւակները եւ թոռները պատեհութիւնը ունին գնահատութիւն ցուցաբերելու այն տարիներուն համար, որոնց ընթացքին իրենց ծնողները եւ մեծ ծնողքը սէր, աշխատանք եւ հոգատարութիւն յայտնաբերցին իրենց։ (Դիտ. 11/1/87 էջ 13–18) Ժողովքն ալ կրնայ տարեցներուն օգնել։ Ոմանք թերեւս օգնութեան պէտք ունին դիմումնագիրներ կատարելու կառավարական նպաստ ստանալու համար։ Հիւրասիրութիւն ցուցաբերեցէք անոնց հանդէպ, զիրենք հրաւիրելով ճաշի եւ հաւաքոյթներու։ (Հռովմ. 12։13) Անոնց օգնեցէք դաշտի ծառայութեան մէջ։ Անոնց ձեր հետ տարէք ժողովներուն եւ համաժողովներուն։ Օգնական եղէք անոնց գնումները կատարելու եւ տունին հոգ տանելու։ (Դիտ. 11/1/87 էջ 4–7) Միշտ յարգեցէք տարեցները։ (Ա. Տիմ. 5։1, 2) Հարցազրոյց ունեցէք մէկ կամ երկու տարեցներու հետ որոնք օրինակելի են։ Ցցուն ըրէք թէ ինչպէս անոնք օգտուեցան իրենց ընտանիքին եւ ժողովքի անդամներուն ցուցաբերած ազնուութենէն։
15 վյրկ. Երէց մը հարցազրոյց կ’ունենայ երեք կամ չորս հրատարակիչներու հետ, որոնք Ապրիլին օժանդակ ռահվիրաներ պիտի ըլլան կամ անցեալին այդպէս ըրած են։ Ի՞նչ բան մղեց զիրենք որ ռահվիրայութիւն ընեն։ Ի՞նչ ծրագիրներ ըրած են Ապրիլ ամսուան համար։ Օժանդակ ռահվիրայութիւնը ինչպէ՞ս իրենց օգնած է։ Քաջալերեցէք անոնց որոնք կը ծրագրեն յաջորդ ամիս օժանդակ ռահվիրաներ ըլլալ որ դիմումնագիր մը շուտով յանձնեն։
Երգեցողութիւն թիւ 172 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 29–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 152
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Յիշեցուցէք բոլորին որ հետաքրքրուած անհատները եւ Աստուածաշունչի աշակերտները Յիշատակատօնի տօնակատարութեան հրաւիրեն։
25 վյրկ. «Տօնակատարել Այն Մահը որ Յաւիտենական Կեանքի Յոյս կու Տայ»։ Վերակացու տեսուչը հարց պատասխանով նկատի կ’առնէ յօդուածը։ Պարփակեցէք «Յիշատակատօնին Համար Նախապատրաստուիլ» շրջագիծին տեղեկութիւնները։ 5–րդ պարբերութիւնը նկատի առնելէ ետք, ցուցադրութիւն մը ներկայացուցէք որու մէջ հրատարակիչ մը կը հրաւիրէ Աստուածաշունչի աշակերտը Յիշատակատօնին։ Հրատարակիչը կը բացատրէ Սուրբ Գրային համարներ ընթերցելու կարգադրութիւնը Ապրիլ 1–6 ժամանակամիջոցին եւ կը կարգադրէ փոխադրութեան միջոցը։
10 վյրկ. Դիտարանը ներկայացնել Ապրիլ ամսուան ընթացքին։ Ցցուն ըրէք մասնայատուկ խօսակցական կէտեր եւ նիւթեր զորս կարելի է աչքառու դարձնել ամսուան ընթացքին։ Արթուն եղէք պարբերաթերթերէն կէտեր ուշադրութեան յանձնելու երբ առիթը կը հանդիսանայ։
Երգեցողութիւն թիւ 14 եւ փակման աղօթք։