ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ ԱՊՐԻԼ ԱՄՍՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ
Ապրիլ 5–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 129
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Վերաքաղ ըրէք պարբերաթերթերուն ընթացիկ թիւերը, ցցուն ընելով այն յօդուածները որոնք կրնան հետաքրքրական ըլլալ ձեր թաղամասին համար։ Կարգադրութիւն ըրէք որ երկու հրատարակիչներ, մէկը չափահաս իսկ միւսը պատանի, ցուցադրեն Սուրբ Գրային հակիրճ ներկայացումներ։
15 վյրկ. «Դիտարանը—Ատենին Տրուած Հոգեւոր Կերակուր Է»։ Հարց պատասխանով նկատի առնել։ Պարփակեցէք մեկնաբանութիւններ թէ պէտք է զատորոշել հարազատ հետաքրքրութիւնը բաժանորդագրութիւններ ներկայացնելէ առաջ։ Հարազատ հետաքրքրութեան ապացոյցները կը պարփակեն խօսակցելու եւ կարծիք տալու կամեցողութիւն, խօսակցութեան միջամուխ ըլլալ, ազնիւ կեցուածք ունենալ, Աստուածաշունչի համարներու ընթերցումին հետեւիլ եւ յաւելեալ խօսակցութեան համար ետ դառնալու հրաւէր տալ։ (թծ 5/90 էջ 8) Սովորաբար լաւագոյն բանն է մի քանի անգամ պարբերաթերթեր մատուցանել հետաքրքրութիւնը հաստատելու համար, վեց ամսուայ բաժանորդագրութիւն ներկայացնելէ առաջ։
20 վյրկ. «Գործածեցէք Ինչ որ Թերթիկներէն եւ Ուրիշ Գրականութիւններէն կը Սորվիք»։ Հարց պատասխանով։ Պարփակեցէք հակիրճ ցուցադրութիւններ հիմնուած 2–6 պարբերութիւններու թելադրութիւններուն վրայ։ «Յիշեցէք Գրքոյկներ Գործածելը» շրջագիծի տեղեկութիւնները նկատի առէք։
Երգեցողութիւն թիւ 14 եւ փակման աղօթք։
Ապրիլ 12–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 212
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Պատմեցէք Յիշատակատօնին տօնակատարութեան հետ կապ ունեցող որեւէ ուշագրաւ փորձառութիւն։ Բոլոր հրատարակիչները քաջալերեցէք որ այս շաբաթավերջը իրենց դաշտի ծառայութեան խումբերուն հետ աշխատին։
20 վյրկ. «Պարզ եւ Ազդեցիկ Վերայցելութիւններ»։ Ունկնդիրներուն հետ խօսակցութիւն։ Ցուցադրութիւն մը կարգադրեցէք որ ցոյց կու տայ ինչպէս խօսակցութիւն սկսիլ վերայցելութեան մը ատեն։ Բոլորին վերյիշեցուցէք կարիքը տանուտէրներուն իմացնելու իրենց առանձնաշնորհումը նուիրատուութիւն ընելու աշխարհածաւալ գործին համար։ Թելադրութիւններ տուէք թէ ինչ կարելի է ըսել։
15 վյրկ. Հարցումի Տուփ։ Դրական եւ քաջալերական բացատրութիւն ծառայութեան տեսուչին կամ ուրիշ երէցի մը կողմէ որ ծառայած է որպէս օժանդակ ռահվիրայ։ Հարցազրոյց ունեցէք մէկ կամ երկու հրատարակիչներու հետ որոնք երբեմն կը ծառայեն որպէս օժանդակ ռահվիրաներ։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։
Ապրիլ 19–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 204
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկէն յարմար ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ։ Կարդացէք հաշիւի տեղեկագիրը եւ որեւէ նուիրատուութեան ընկալագիր։ Կարդացէք Ղուկաս 6։38 եւ ժողովքը գովեցէք անոնց առատաձեռնութեան համար աջակցելով աշխարհածաւալ գործին ինչպէս նաեւ տեղական ժողովքի կարիքներուն։
20 վյրկ. «Նորեկներուն Օգնեցէք որ Յառաջդիմեն»։ Խօսակցութիւն երկու կամ երեք գրքի ուսումնասիրութեան վարիչներու միջեւ։ Յօդուածին գլխաւոր կէտերը վերաքաղ ընելէ ետք, բացատրեցէք ինչ ծրագիրներ դրուած են թելադրութիւնները տեղականօրէն կիրարկելու համար։ Ինչպէ՞ս կրնանք օգնել վերջերս հետաքրքրուած անհատներուն որոնք Յիշատակատօնին ներկայ գտնուեցան։ Նորեկները ո՞ր պահանջներուն գոհացում պէտք է տան եթէ կ’ուզեն դաշտի ծառայութեան մասնակցիլ։ Ի՞նչ կարելի է ընել այն անհատներուն օգնելու որոնց մասնակցութիւնը անկանոն եղած էր անցեալին։ Ինչպէ՞ս կարելի է բոլորը քաջալերել որ լման բաժին բերեն ամէն ամիս։ Աւելի զօրաւոր հրատարակիչները ինչպէ՞ս կրնան ուրիշներու օգնել։—Հռովմ. 15։1, 2
15 վյրկ. «Եհովայի Տունը Երթանք»։ Հարց պատասխանով նկատի առնել յաւելուածին 1–8 պարբերութիւնները։ 7–րդ պարբերութեան մէջ յիշուած գրականութիւններուն աչքառու կէտերը հակիրճօրէն վերաքաղ ըրէք։ Թող որ կարող հրատարակիչ մը ցուցադրէ ինչպէս օգնել նորեկի մը որ հասկնայ թէ ինչու կազմակերպուած ենք որպէս ժողովքներ։ (Դիտ. Ապրիլ 1, 1985, էջ 16, պարբ. 6, 7) Ցցուն ըրէք մեր ժողովներուն այն երեսակները որոնք հակապատկերն են Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնական ծառայութիւններուն։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարողները քաջալերեցէք որ իւրաքանչիւր շաբաթ պարփակեն հակիրճ խօսակցութիւն մը աշակերտին օգնելու որ զարգացնէ աւելի գնահատանք կազմակերպութեան հանդէպ եւ պէտքը զգայ անոր մէկ մասը ըլլալու։
Երգեցողութիւն թիւ 28 եւ փակման աղօթք։
Ապրիլ 26–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 222
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Աստուածպետական Լուրեր։ Հրաւիրեցէք անհատներ որ պատմեն փորձառութիւններ իրենց դաշտի ծառայութեան ընդլայնուած գործունէութեան մասին ամսուան ընթացքին, ինչպէս՝ օժանդակ ռահվիրայ մը ըլլալը, Աստուածաշունչի նոր ուսումնասիրութիւններ հաստատելը կամ Յիշատակատօնին ներկայ գտնուող հետաքրքրուողներուն օգնելը։
15 վյրկ. «Վերստին Ծնիլ»։ Պատճառաբանել գիրքը՝ էջ 76–80 [կամ՝ էջ 409–12, Արբ.]։ Ցուցադրութիւն երկու հրատարակիչներու մասին որոնք տունէ–տուն ծառայութեան ատեն կը հանդիպին անհատի մը որ կը հարցնէ. «Դուք վերստին ծնա՞ծ էք»։ Հրատարակիչները կը պատասխանեն գործածելով էջ 79–80–ի [կամ՝ էջ 412, Արբ.] վրայ գտնուած թելադրութիւններէն մէկը։ Անկէ ետք, հրատարակիչները կը խօսակցին ինչպէս վերայցելութիւնը ընել գործածելով կէտեր էջ 78–ի 1–3 պարբերութիւններէն [կամ՝ էջ 410, պարբ. 5–7, Արբ.]։
20 վյրկ. «Եհովայի Տունը Երթանք»։ Հարց պատասխանով նկատի առնել յաւելուածին 9–14 պարբերութիւնները։ Գործածելով 12 եւ 13–րդ պարբերութիւններուն թելադրութիւնները, թող որ հրատարակիչ մը ցուցադրէ ինչպէս խօսիլ անհատի մը հետ որ ետ կը կենայ։
Երգեցողութիւն թիւ 195 եւ փակման աղօթք։