Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 6/93 էջ 3
  • ՀԱՐՑՈՒՄԻ ՏՈՒՓ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ՀԱՐՑՈՒՄԻ ՏՈՒՓ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հագուածքդ Եհովային փառք կը բերէ՞
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Մկրտութիւն. արժէքաւոր նպատակակէտ մը
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Քրիստոնեաներէն պահանջուած է մկրտուիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Ձեր մկրտութեան իմաստը
    Միացած՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
թծ 6/93 էջ 3

ՀԱՐՑՈՒՄԻ ՏՈՒՓ

◼ Երբ անհատ մը մկրտութեան կը ներկայանայ, ի՞նչ բան պիտի նկատուի որպէս պատշաճ զգեստ։

Մինչ աշխարհի զանազան մասերուն մէջ հագուստի չափանիշները կը տարբերին, Աստուածաշունչի յորդորանքը թէ «ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ» հագուինք կը մնայ նոյնը բոլոր Քրիստոնեաներուն համար, ո՛ւր որ ալ ապրին։ (Ա. Տիմ. 2։9) Այս սկզբունքը պէտք է կիրարկել երբ նկատի կ’առնուի թէ ինչ է պատշաճ հագուստը մկրտութեան համար։

Դիտարանի Յունիս 1, 1985–ի թիւը, էջ 30 [Անգլ.], այս խրատը կու տայ անհատի մը որ պիտի մկրտուի. «Վստահաբար ամօթխածութիւնը պէտք է տիրէ գործածուած ծովազգեստին վրայ։ Ասիկա կարեւոր է այսօր երբ նորաձեւութիւն ծրագրողները կը թուի որ կ’ուզեն սեռականութիւնը ցուցադրել եւ գրեթէ լման մերկութիւնը իրագործել։ Նկատի առնուելիք ուրիշ ազդակ մըն է որ կարգ մը հագուստներ պատշաճ կը թուին երբ չոր են, բայց նուազ պատշաճ՝ երբ թաց ըլլան։ Ոչ մէկ անհատ որ պիտի մկրտուի պիտի ուզէ շփոթութեան կամ գայթակղութեան պատճառ ըլլալ մկրտութեան ատեն որ այսքան լուրջ դէպք մըն է։—Փիլիպպեցիս 1։10»

Այս խրատին հետ համաձայն ըլլալով, անոնք որոնք պիտի մկրտուին պիտի ուզեն պարկեշտ հագուստներ հագնիլ, ի մտի ունենալով առիթին կարեւորութիւնը։ Հետեւաբար, այն ծովազգեստը որ մարմնի մեծամասնութիւնը մերկ կը ձգէ կամ անպատշաճ կերպով մարմնին կը փարի երբ թաց է, Քրիստոնեայի մը համար անվայելուչ զգեստ մը պիտի ըլլայ եւ անկէ պէտք է խուսափիլ։ Նմանապէս, անյարմար պիտի ըլլայ որ անհատ մը չսանտրուած կամ արտաքին երեւոյթով թափթփած ըլլայ։ Ասկէ զատ, պատշաճ չէ հագնիլ աշխարհային արտայայտութիւններով կամ առեւտրական նշանաբաններով շապիկներ։

Երբ նշանակուած երէցները մկրտութեան հարցումները վերաքաղ կ’ընեն մկրտութեան թեկնածուին հետ, յարմար ժամանակ մըն է պատշաճ զգեստ հագնելու կարեւորութեան մասին խօսելու։ Այս կերպով առիթին արժանիքը պիտի պահպանուի եւ մենք պիտի շարունակենք երեւիլ որպէս աշխարհէն տարբեր։—Բաղդատել Յովհաննու 15։19։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել