ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ ՕԳՈՍՏՈՍ ԱՄՍՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ
Օգոստոս 2–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 63
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկէն ընտրուած ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ։ Բացատրեցէք խօսակցական կէտեր ընթացիկ պարբերաթերթերէն։ Բոլորը քաջալերեցէք որ դաշտի ծառայութեան մասնակցին այս շաբաթավերջը։
20 վյրկ. «Ճիգ Թափեցէք Մտիկ Ընող Ականջ Գտնելու»։ Ունկնդիրներուն հետ խօսակցութիւն։ Ցցուն ըրէք կարեւորութիւնը իւրաքանչիւր տանուտիրոջ հետ վարուելու որպէս անհատ, իր հետ խօսակցութիւն մը ունենալու նպատակով։ Հակիրճ ցուցադրութիւններ կարգադրեցէք 2 եւ 3–րդ պարբերութիւններու առաջարկներուն վրայ հիմնուած։
15 վյրկ. «Հեռաձայնով Վկայելը—Կերպ մը Շատերու Հասնելու»։ Հարց պատասխանով նկատի առնել յաւելուածին առաջին 13 պարբերութիւնները։ Կարդացէք ընտրուած պարբերութիւններ ժամանակին ներած չափով։ Ժողովքին յիշեցուցէք որ նախապատրաստուին նկատի առնելու մնացած եօթն պարբերութիւնները եկող շաբաթ։
Երգեցողութիւն թիւ 85 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 9–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 10
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ, պարփակելով հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրը։ Ժողովքը գովեցէք նիւթական գետնի վրայ աջակցելուն համար տեղական ժողովքին ինչպէս նաեւ Ընկերութեան աշխարհածաւալ գործին։
15 վյրկ. «Հեռաձայնով Վկայելը—Կերպ մը Շատերու Հասնելու»։ Հարց պատասխանով նկատի առնել 14–20 պարբերութիւնները։ Կարդացէք ընտրուած պարբերութիւններ ժամանակին ներած չափով։ Ունկնդիրներէն խնդրեցէք որ մեկնաբանեն 16–րդ պարբերութեան մէջ յիշուած Պատճառաբանել գրքի աղբիւրին մասին։
20 վյրկ. «Վերադարձէք Մարդոց Օգնելու որ Սորվին Ինչպէս Կրնան Յաւիտեան Ապրիլ»։ Հարց պատասխանով։ Ցուցադրութիւն մը կարգադրեցէք վերայցելութեան մը մասին, գործածելով 5 եւ 6–րդ պարբերութիւններուն մէջ ուրուագծուած ներկայացումը։
Երգեցողութիւն թիւ 127 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 16–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 34
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Աստուածպետական Լուրեր։ Նկատի առնել «Մէկ Օրուայ Մասնաւոր Համաժողովի Նոր Յայտագիր» յօդուածը։ Բոլորը քաջալերեցէք որ առաջուընէ ծրագրեն ներկայ գտնուելու համար մէկ օրուայ մասնաւոր համաժողովի յայտագրին 1994–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին։ Յայտարարեցէք թուականն ու վայրը եթէ որոշուած են։ Նաեւ քաջալերեցէք մասնակցիլը շաբաթավերջուայ դաշտի գործունէութեան։
10 վյրկ. Յաւիտեան Ապրիլ գրքի արժէքը աչքառու դարձուցէք։ Կարելի է թիւեր մէջբերել որոնք ցոյց կու տան յաւելումները այն տարիներուն ընթացքին երբ այս գրականութիւնը կը գործածուէր։ Շատեր ճշմարտութիւնը սորվեցան այս գիրքը ուսումնասիրելով։ Հարցազրոյց ունեցէք մէկ կամ երկու հրատարակիչներու հետ որոնք այս գիրքը ուսումնասիրեցին երբ ճշմարտութեան եկան։ Թող պատմեն թէ անկէ յատկապէս ի՛նչ սորվեցան եւ անիկա ի՛նչպէս կարելի է գործածել դաշտին մէջ։ Եղբայրները քաջալերեցէք որ խանդավառօրէն զանիկա ներկայացնեն երբ հետաքրքրութիւն կը յայտնաբերուի։
20 վյրկ. «Պահանջներ թէ՛ Նորեկ եւ թէ Հմուտ Ծառաներուն Համար»։ Հարց պատասխանով երէցի մը կողմէ։ Եզրափակեցէք ջերմ բայց հակիրճ ամփոփումով այն կէտերուն որոնք տեղական ժողովքի կարիքներուն կը կիրարկուին։
Երգեցողութիւն թիւ 152 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 23–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 28
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
20 վյրկ. «Փութաջանօրէն Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւններ Փնտռեցէք»։ Հարց պատասխանով ծառայութեան տեսուչը յօդուածը նկատի կ’առնէ։ Կարդացէք ու կիրարկեցէք մէջբերուած բոլոր համարները։ Վերաքաղ ըրէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան գործին յառաջդիմութիւնը ժողովքին մէջ անցեալ հինգ տարիներուն ընթացքին եւ փակման խօսքեր զարգացուցէք տեղւոյն կարիքին համաձայն։
15 վյրկ. Թուականներուն Կարեւորութիւնը Աստուածաշունչի Մեր Ուսումնասիրութեան մէջ։ Հակիրճ կերպով խօսելէ ետք «Սահմանում»ի տեղեկութիւններուն մասին Պատճառաբանել գրքի 93–րդ [125–րդ, Արաբ.] էջին վրայ, ունկնդիրներուն հետ խօսակցեցէք մնացած տեղեկութիւններուն մասին «Թուականներ» խորագրին ներքեւ։ Նկատի առէք «Եհովայի Վկաները ի՞նչու կ’ըսեն թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հաստատուեցաւ 1914–ին»։ Ցցուն ըրէք թէ ինչպէ՛ս այս տեղեկութիւնները նորեկներուն կ’օգնեն որ պատրաստ ըլլան Թագաւորութեան պատգամը պաշտպանելու։
Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 30–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 13
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ, պարփակելով դաշտի ծառայութեան մասնաւոր կարգադրութիւնները շաբթուան համար։
15 վյրկ. «Սրտանց Ծառայեցէք»։ Դասախօսութիւն երէցի մը կողմէ։ Երբ կը բացատրէք 2–րդ պարբերութիւնը, յարմար մեկնաբանութիւններ ըրէք Դիտարանի աղբիւրին մասին։ Եզրակացութեան մէջ Մաղաքիա 3։10–ն կարդացէք ու կիրարկեցէք։
10 վյրկ. «Հեռաձայնով Վկայելը—Կերպ մը Շատերու Հասնելու»։ (2 վյրկ.) Յօդուածին գլխաւոր կէտերուն հակիրճ վերաքաղ մը։ Ա. Տեսարան (3 վյրկ.) Ցուցադրեցէք նախապատրաստուելու քայլերը որոնք 12 եւ 13–րդ պարբերութիւններուն մէջ ուրուագծուած են։ Բ. Տեսարան (3 վյրկ.) Գործածելով 16–րդ պարբերութեան մէջ յիշուած ներկայացումներէն մէկը, ցուցադրեցէք իրական հեռաձայնով վկայելը։ (2 վյրկ.) Խանդավառօրէն եզրափակեցէք վերաքաղ ընելով այն մեծ կարելիութիւնները որոնք կան վկայելու այս մեթոտը գործածելու համար։
15 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ։ Կրնաք նկատի առնել քաջալերանք մը զոր շրջանային տեսուչը տուաւ վերջին այցելութեան ընթացքին։ Եղբայրներուն յիշեցուցէք որ ստուգեն թէ 1993–ի ծառայութեան տարուան բոլոր տեղեկագիրները յանձնուած են։
Երգեցողութիւն թիւ 32 եւ փակման աղօթք։