Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 9/93 էջ 3
  • ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
թծ 9/93 էջ 3

ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Սեպտեմբերին. Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը մէջ։ Հոկտեմբերին. Մարդկութիւնը Որ Աստուած կը Փնտռէ կամ Զարթի՛րի եւ Դիտարանի օրինակներ։ Բաժանորդագրութիւններ կարելի է առաջարկել վերայցելութիւններու ընթացքին։ Նոյեմբերին. Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ թէ Մարդոց Խօսքն Է։ Դեկտեմբեր. Մեծագոյն Մարդը Որ Ապրած Է։ ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. Այն ժողովքները որոնք վերոյիշեալ ներկայացուելիք գրականութիւններուն կարիքը ունին, պէտք է զանոնք խնդրեն իրենց յաջորդ ամսական Գրականութիւններու Խնդրանքի «Ֆօրմ»ին (S–14) միջոցաւ։ Հաճեցէք խնդրել պէտք եղած յաւելեալ պարբերաթերթերը Հոկտեմբերին տեղաւորելու համար։ Ներկայացնելը պէտք է ըլլայ վերայցելութիւններուն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին։

◼ Վերակացու տեսուչը կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, պէտք է ժողովքի հաշիւները ստուգէ Սեպտեմբեր 1–ին, կամ անմիջապէս անկէ ետք։ Երբ ասիկա կը կատարուի, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք։

◼ Այն հրատարակիչները որոնք կը ծրագրեն օժանդակ ռահվիրայութիւն ընել Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, պէտք է իրենց դիմումնագիրները շուտով յանձնեն։ Ասիկա երէցներուն թոյլ պիտի տայ որ գրականութիւններու եւ թաղամասերու համար պէտք եղած կարգադրութիւնները ընեն։

◼ Երէցներուն կը վերյիշեցնենք որ գործադրեն տրուած թելադրութիւնները 1 Յուլիս 1991 Դիտարանի 21–3 էջերուն վրայ, ոեւէ վտարուողի կամ իր ընկերակցութիւնը խզած անհատի առնչութեամբ որ կրնայ հակում ունենալ վերընդունուած ըլլալու։

◼ Ընկերութեան գրականութիւններուն նոր ցանկ մը պատրաստուեցաւ եւ ամէն ժողովքի չորս օրինակներ պիտի ղրկուին։ Զանոնք պէտք է բաժնել քարտուղարին եւ այն եղբայրներուն որոնք հոգ կը տանին գրականութիւններուն, պարբերաթերթերուն եւ հաշիւներուն։

◼ Ընկերութիւնը այժմ կ’արտադրէ Դիտարանի հատորներ Անգլերէն լեզուով 1970-1979 տարիներուն համար։ Ոեւէ անհատ որ կ’ուզէ այս հատորները ստանալ, պէտք է ժողովքին միջոցաւ խնդրէ զանոնք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել