ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ ՕԳՆԵՆՔ ՄԵԾ ԳԱՆՁ ՄԸ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ
1 Երբ ուրիշներու կը քարոզենք Թագաւորութեան բարի լուրին մասին, մեր նպատակակէտերէն մէկը պէտք է ըլլայ պարկեշտ սիրտ ունեցողներուն օգնել որ Աստուծոյ Խօսքին գերազանց արժէքը գնահատեն։ (Փիլ. 3։8) Աստուածաշունչի հիման վրայ եղած մեր գրականութիւնները կարեւոր դեր մը կը խաղան Թագաւորութեան պատգամը տարածելու մէջ։ Զոր օրինակ, Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը օգնած է հարիւր հազարաւորներու որ Եհովայի ծառայեն, Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները սորվելով։
2 Մեր ծառայութիւնը կը պարփակէ աւելի քան պարզապէս գրականութիւններ ձգել ոեւէ անհատի հետ որ կ’ընդունի զանոնք առնել։ Մենք կարիքը ունինք պատգամը գրաւիչ կերպով ներկայացնելու, տանուտիրոջ ըսածին զատորոշումով մտիկ ընելու եւ ապա պատրաստ ըլլալու որ ‘սուրբ գրութիւններէն իր հետ պատճառաբանենք’։—Գործք 17։2
3 Ասիկա Ինչպէ՞ս Կարելի Է Ընել. Մեր բացումները կրնան ճամբան հարթել տանուտէրերու համար որ ցոյց տան թէ ի՛րապէս հետաքրքրուած են Աստուածաշունչով եւ իր պատգամով կամ ոչ։
Կրնաք ըսել.
◼ «Մենք կ’այցելենք նկատի առնելու ներկայիս աշխարհին մէջ մեր շուրջ տեղի ունեցածին նշանակութիւնը։ Շատ մը մարդիկ երթալով նուազ հետաքրքրութիւն ունին Աստուծոյ նկատմամբ եւ ապրելակերպի իր չափանիշներուն նկատմամբ որոնք Աստուածաշունչի մէջ նկարագրուած են։ Ասիկա մեծապէս ազդած է մարդոց վերաբերմունքին իրարու հանդէպ։ Ասիկա նկատա՞ծ էք։ [Թոյլ տուէք որ մեկնաբանէ։ Կրնաք մասնայատուկ օրինակներու ակնարկել]։ Հաճեցէք նկատել անոնց վերաբերմունքը որոնք յիշուած են Բ. Տիմոթէոս 3։1-5–ին մէջ եւ ինծի ըսել թէ կը խորհի՛ք որ ասիկա կը նմանի ներկայ աշխարհին կամ ոչ։ [Կարդացէք. թոյլ տուէք որ մեկնաբանէ]։ Լուրջ պատճառ մը կա՞յ որ ակնկալենք աւելի լաւ վիճակներ ապագային։ [Թոյլ տուէք որ մեկնաբանէ]։ Հաճեցէք նկատել թէ ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ ըստ Եսայեայ 11։6-9–ին»։ Կրնաք ճամբան հարթել ձեր յաջորդ այցելութեան համար, հարցնելով. «Ուրիշ ի՞նչ օրհնութիւններ կրնանք ակնկալել Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ»։ Ապա որոշ ժամադրութիւն մը առէք ձեր յաջորդ հանդիպումին համար։
4 Եթէ ծնող մը դուռը բանայ, կրնանք մեր խօսակցութիւնը սկսիլ այս կերպով.
◼ «Մենք կը խօսակցինք այն անհատներուն հետ որոնք հետաքրքրուած են թէ ինչպէս կրնանք ընտանեկան կեանքի խնդիրներուն հետ աւելի լաւ կերպով գլուխ ելլել։ Բոլորս ալ կը փորձենք մեր լաւագոյնը ընել, բայց եթէ բան մը կայ որ մեզի կրնայ օգնել աւելի մեծ յաջողութիւն մը ձեռք ձգելու, կը հետաքրքրուինք, այդպէս չէ՞։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ]։ Աստուածաշունչը ուղղութիւն կու տայ այս հարցին նկատմամբ ինչպէս որ կը գտնուի Կողոսացիս 3։12-14–ին մէջ։ [Կարդացէք]։ Ուստի, ի՞նչ բան անհրաժեշտ է յաջող ընտանեկան կեանք մը վայելելու։ Նկատեցէք ինչ ըսուած է Եփեսացիս 5։22, 23 եւ 6։1, 4–ին մէջ, ուր ցոյց կու տայ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամի դերը։ Կը համաձայնի՞ք թէ Աստուածաշունչի ուղեգծերուն հետեւիլը կ’առաջնորդէ յաջող եւ ուրախ ընտանեկան կեանքի մը։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ]։ Ուստի, կենսական է գիտնալ թէ Աստուած ի՛նչպէս ստեղծած է ընտանիքի տարբեր անդամները եւ ի՛նչ դեր որոշած է իւրաքանչիւրին համար։ Ասոր մասին աւելի պիտի խօսակցինք մեր յաջորդ այցելութեան ընթացքին»։ Յիշեցէք ձեր հետ բերել Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը։ Այն ատեն կրնաք տանուտիրոջ ուշադրութեան յանձնել «Ինչպէ՞ս Ընտանեկան Յաջող Կեանք մը Ունենալ» խորագրով գլուխը, էջ 238։ Կամ, կրնաք բերել վերջին պարբերաթերթ մը որ նկատի կ’առնէ ընտանեկան հարցերը կամ Ընտանեկան Հաճելի Կեանք թերթիկը։
5 Երբեք չենք ուզեր մոռնալ մեր նպատակը որ ամբողջական վկայութիւն մը տանք Թագաւորութեան մասին։ (Մատթ. 24։14) Օգտագործելով Աստուածաշունչը եւ մեզի մատչելի եղած աստուածպետական գրականութիւններու հոյակապ հայթայթումը, կրնանք վստահօրէն Եհովայի նայիլ իր օրհնութեան համար որ իր կամքը կատարենք այս ծանրակշիռ օրերուն ընթացքին։—Գաղ. 6։9