ՈՉԽԱՐԱՆՄԱՆ ԱՆՀԱՏՆԵՐՈՒ ՕԳՆԵՑԷՔ ՈՐ ՀԱՍՏԱՏ ՀԻՄԻ ՎՐԱՅ ՇԻՆԵՆ
1 Տուն մը շինելը կը պահանջէ մանրամասն ծրագրում եւ կեդրոնացած ջանք։ Տունը ծրագրելէ ետք, շինարարութեան վայրը պէտք է պատրաստել ու հաստատ հիմ մը դնել։ Ծրագիրը աստիճանաբար ձեւ կ’առնէ մինչեւ որ վերջապէս ամբողջանայ։ Նմանապէս, պէտք է ոչխարանման անհատներու օգնենք որ յառաջդիմական կերպով ճշմարտութիւնը սորվին։ Կը ջանանք առաջին հանդիպումին հետաքրքրութիւն գրգռել։ Անկէ ետք, վերայցելութիւններ կ’ընենք, հիմ դնելով գլխաւոր ճշմարտութիւնները ուսուցանելով Աստուծոյ եւ մարդկութեան նկատմամբ իր նպատակին մասին։—Ղուկ. 6։48
2 Սակայն, հիմը դնելէ առաջ պէտք է շինարարութեան վայրը պատրաստենք, այսինքն՝ տանուտիրոջ պարագաները նկատի առնենք։ Ո՞ր նիւթին մասին նախապէս խօսուեցաւ։ Ո՞ր համարները գործածուեցան։ Ընդառաջումը ի՞նչ էր։ Ո՞ր գրականութիւնը տեղաւորուեցաւ։ Երբ կը վերադառնաք, մասնայատուկ կէտեր ի մտի ունեցէք եւ յառաջդիմական կերպով հիմը շինեցէք։ Իւրաքանչիւր այցելութեան միջոցաւ տանուտիրոջ գիտութիւնը կ’աճի եւ Աստուծոյ հանդէպ իր հաւատքը կ’աւելնայ։
3 Եթէ «Յաւիտեան Ապրիլ» գիրքը տեղաւորուած է, կրնաք ըսել.
◼ «Շատ ուրախ եմ որ տան մէջ կը գտնուիք։ Կրնաք վերյիշել որ մեր վերջին խօսակցութեան մէջ նկատի առինք Աստուծոյ հանդէպ հետաքրքրութեան նուազումը մեր շրջանին մէջ։ Աստուածաշունչը յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ Աստուած մարդկութեամբ հետաքրքրուած է եւ թէ արդարները իր Թագաւորութեան միջոցաւ պիտի օրհնուին։ [Կարդացէք Մատթէոս 6։9, 10]։ Այս Թագաւորութեան միջոցաւ, արդարութիւնն ու իրաւունքը պիտի տիրապետեն»։ Կարդացէք Եսայեայ 11։3–5 եւ ապա տանուտիրոջ ուշադրութեան յանձնեցէք Յաւիտեան Ապրիլ գրքի Ա. գլուխի առաջին երկու պարբերութիւնները։ Ցուցադրեցէք ինչպէս նիւթը կարելի է ուսումնասիրել։
4 Եթէ վերջին հանդիպումին Խաղաղ Կեանք՝ Նոր Աշխարհի մը մէջ թերթիկը տեղաւորուած է, կրնաք վերաքաղ ընել նախապէս նկատի առնուած գլխաւոր կէտերը՝ աւելի լաւ վիճակներու կարիքին եւ Աստուածաշունչի խոստումներուն մասին։ Շեշտեցէք թէ նոր աշխարհին մէջ ապրելու համար, պէտք է ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգենք։ Կարդացէք Յովհաննու 17։3։ Բացատրեցէք թէ այսպիսի գիտութիւն մը առնելէ ետք, պէտք է Աստուծոյ կամքը կատարենք։ Կարդացէք Ա. Յովհաննու 2։17։ Տանուտիրոջ ուշադրութեան յանձնեցէք մասնայատուկ կէտեր թերթիկին 5–րդ էջէն։
5 Եթէ ընտանեկան կեանքի նիւթը նկատի առնուեցաւ երբ «Յաւիտեան Ապրիլ» գիրքը տեղաւորեցիք վերայցելութեան ատեն, կրնաք ըսել.
◼ «Վերջին անգամ որ այցելեցի, խօսակցեցանք ընտանեկան կեանքի նիւթին մասին։ Համաձայնեցանք թէ ընտանեկան ուրախ կեանք մը վայելելու համար, Աստուածաշունչի մէջ գտնուած ուղեգծերը պէտք է գործադրել։ Ձեր կարծիքով ի՞նչ բանի կարիքը կայ որպէսզի ամուսնութիւնը յաջողի»։ Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Յաւիտեան Ապրիլ գրքի 243–6 էջերուն վրայ գտնուած տեղեկութիւններէն մասնայատուկ կէտեր աչքառու դարձուցէք։ Խնդրեցէք տանուտիրոջ մեկնաբանութիւնը պատկերներուն առնչութեամբ եւ նկատի առէք կարգ մը ընտրուած կէտեր ըստ յարմարութեան։ Շեշտեցէք Աստուածաշունչի սկզբունքներուն գործնական արժէքը։
6 Եթէ տեղաւորուած էր Ընտանեկան Հաճելի Կեանք թերթիկը, վերաքաղ ըրէք Աստուածաշունչի գլխաւոր սկզբունքները որոնք կը գտնուին 4 եւ 5–րդ էջերուն վրայ։ Եթէ հետաքրքրութիւնը գրգռուի, Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը ներկայացուցէք։ Մատնանշեցէք 29–րդ գլուխը՝ «Ինչպէ՞ս Ընտանեկան Յաջող Կեանք մը Ունենալ», եւ ցոյց տուէք թէ ասիկա ի՛նչպէս կարելի է նկատի առնել տանուտիրոջ ու իր ընտանիքին հետ։
7 Բոլորս ալ պէտք է կանոնաւոր բաժին բերենք վերայցելութիւններ ընելու մէջ։ Յայտնաբերուած ամէն հետաքրքրութիւն հետապնդեցէք ազդեցիկ վերայցելութիւններ ընելով Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին։