ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԸ ԶՕՐԵՂ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԲԱՆԵՑՆԷ
1 Որքա՜ն առանձնաշնորհեալ ենք որ հրահանգ կը ստանանք մեր Ստեղծիչէն՝ Եհովա Աստուծմէ։ (Սաղմ. 50։1. Եսայ. 30։20բ, ՆԱ) Այսօր բոլոր ազգերէն ամբոխներ հեղեղի պէս կը դիմեն անոր մաքուր պաշտամունքի լերան որպէսզի իրմէ սորվին։ (Միք. 4։2) Ուրիշ միլիոնաւորներ այնպիսի դպրոցներ կը յաճախեն որոնք կը բարձրացնեն մարդկային մտածելակերպը եւ աշխարհային իմաստութիւնը։ Բայց այն իմաստութիւնը որ կ’անտեսէ Եհովան ու իր գրաւոր Խօսքը յիմարութիւն է Աստուծոյ աչքին եւ անոնք որոնք անով կ’առաջնորդուին անզգամ կ’ըլլան։—Սաղմ. 14։1. Ա. Կորն. 1։25
2 Ոմանք արդէն վայելած են մեր նահանգային համաժողովը, իսկ ուրիշներ նոյնպէս պիտի վայելեն հետագային։ Անոնք որոնք ներկայ գտնուեցան անզուգական կերպով փորձառութիւնը ունեցան աստուածային ուսուցումին զօրութեան։ «Աստուածային Ուսուցում» բնաբանը թափանցեց ամբողջ յայտագիրը։ Սորվեցանք թէ Աստուծոյ Խօսքը իր հոգիին հետ մէկտեղ մեզ կը միացնէ աշխարհածաւալ եղբայրութեան մը մէջ, մեր անձնաւորութիւնները կը կաղապարէ, դիւային ուսուցումներէ մեզ կը պաշտպանէ եւ մեզ կը մարզէ աւելի լաւ ծառաներ ըլլալու համար։ Ինչպէ՞ս անձամբ օգտուած էք աստուածային ուսուցումէն։
3 Ազդեցութիւն Քրիստոնէական Ապրելակերպին Վրայ. Աստուածային ուսուցումը կ’օգնէ մեր խղճմտանքը կաղապարելու։ Ամէն ոք կը ծնի խղճմտանք մը ունենալով, բայց ան պէտք է մարզուի որպէսզի մեզ առաջնորդէ արդարութեան ճամբուն մէջ եւ Եհովայի հաճելի եղած ծառայութեան մէջ։ (Սաղմ. 19։7, 8. Հռովմ. 2։15) Աշխարհի մարդիկը իրենց մտածելակերպը չեն կաղապարած Աստուծոյ Խօսքին համաձայն, հետեւաբար շփոթած են ու վստահ չեն թէ ինչ բան շիտակ է եւ ինչ բան սխալ է։ Հակաճառութիւնները կը սաստկանան բարոյական հարցերու նկատմամբ, քանի որ ամէն անհատ կը պնդէ ընել ինչ որ ինք շիտակ կը նկատէ։ Մեծամասնութիւնը կ’ուզէ լման ազատութիւն իր կեանքի ընթացքը որոշելու։ Անոնք կը մերժեն հետեւիլ ճշմարիտ իմաստութեան միակ աղբիւրին։ (Սաղմ. 111։10. Երեմ. 8։9. Դան. 2։21) Սակայն աստուածային ուսուցումը այսպիսի հարցեր լուծած է մեզի համար եւ կը մնանք միացած որպէս Աստուծոյ տան անդամները քանի որ Ան մեզի կը սորվեցնէ։ Մենք վստահ կերպով ապագան կը դիմագրաւենք լաւ խղճմտանքով մը, զբաղած մնալով մեր ծառայութեամբ։
4 Աստուածային ուսուցումը կ’օգնէ մեզի որ «վարդապետութեան ամէն հով»ի դէմ դնենք։ (Եփ. 4։14) Մենք չենք հրապուրուած փիլիսոփայութիւն ուսումնասիրելու, որ մարդիկ կը դարձնէ թերութիւն փնտռողներ եւ սկեպտիկներ, ինքնորոշութիւնը կը քաջալերէ եւ բարոյական անկումի կ’առաջնորդէ։ Ուրախ ենք որ Եհովայէ կը սորվինք, այսպիսով կը խուսափինք այն վիշտէն ու սրտի ցաւէն որոնց շատեր կ’ենթարկուին։ Եհովայի օրէնքներն ու վերյիշեցումները կը նմանին ‘մեր ետեւէն եղած խօսքի մը’, որ կ’ըսէ. «Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք»։—Եսայ. 30։21
5 Մեր Ժողովներն ու Ծառայութիւնը. Եբրայեցիս 10։23-25–ը կը նկատենք որպէս պատուէր մը Աստուծմէ։ Ժողովներուն մենք Եհովայէ կը սորվինք։ Արդեօք մեր սովորութի՞ւնն է միշտ ներկայ գտնուիլ ժողովներուն, թէ ոչ ժողովներուն յաճախելը կը սեպենք նուազ կարեւորութիւն ունեցող բան մը։ Յիշեցէք, ժողովուիլը մեր պաշտամունքին մէկ մասն է։ Անիկա պէտք չէ նկատուի որպէս կամքի թողուած բան մը։ Մենք չենք կրնար կորսնցնել որեւէ բաժին հոգեւոր սնուցման յայտագրէն զոր Եհովա պատրաստած է մեզի համար։
6 Մովսէս Աստուծոյ աղօթեց. «Այնպէս սորվեցուր մեզի մեր օրերը համրել, որ սրտի իմաստութիւն ստանանք»։ (Սաղմ. 90։12) Ասիկա նաեւ մե՞ր աղօթքն է։ Կը գնահատե՞նք իւրաքանչիւր թանկագին օր։ Եթէ կը գնահատենք, ուրեմն «սրտի իմաստութիւն» պիտի ստանանք գործածելով իւրաքանչիւր օր արժէքաւոր կերպով, մեր Մեծ Դաստիարակիչին՝ Եհովա Աստուծոյ՝ փառքին համար։ Աստուածային ուսուցումը պիտի օգնէ մեզի ատիկա ընելու։