Աստուծոյ Խօսքը օգտակար է սորվեցնելու համար
1. Ի՞նչ է 2014–ի ծառայութեան տարուան շրջանային համաժողովին բնաբանը, եւ յայտագրին ընթացքին ո՞ր հարցումը պիտի պատասխանուի։
1 Մեր «Մեծ Ուսուցիչը»՝ Եհովան, տիեզերքի լաւագոյն ուսուցիչն է (Եսա. 30։20, 21, ՆԱ)։ Սակայն ան ինչպէ՞ս կ’ուսուցանէ մեզի։ Ան մեզի հայթայթած է գիրք մը, որ բոլոր գիրքերը կը գերազանցէ,– իր ներշնչեալ խօսքը՝ Աստուածաշունչը։ Աստուածային ուսուցումը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգտել՝ ֆիզիքական, մտային, զգացական եւ հոգեւոր գետնի վրայ։ Այս հարցումին պատասխանը նկատի պիտի առնուի 2014–ի ծառայութեան տարուան մեր շրջանային համաժողովին ընթացքին։ Յայտագրին բնաբանն է «Աստուծոյ խօսքը օգտակար է սորվեցնելու համար», հիմնուած՝ Բ. Տիմոթէոս 3։16–ին վրայ։
2. Ո՞ր հարցումներուն պատասխանները առնելով գլխաւոր կէտերը պիտի շեշտուին։
2 Հետեւեալ գլխաւոր կէտերը գտիր։ Յայտագրին գլխաւոր կէտերը պիտի շեշտուին հետեւեալ հարցումներուն պատասխանները առնելով։
• Աստուածային ուսուցումը ի՞նչ ազդեցութիւն ունի մեր կեանքին վրայ (Եսա. 48։17, 18)։
• Եթէ ջանանք մեր պարագաները փոփոխութեան ենթարկել Եհովային լիաժամ ծառայութիւն մատուցանելու համար, ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ (Մաղ. 3։10)։
• Երբ ‘օտարաձայն ուսմունքներու’ հետ դէմ յանդիման գանք, ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր հակազդեցութիւնը (Եբ. 13։9)։
• Ինչպէ՞ս կրնանք օրինակ առնել Յիսուսի ‘սորվեցնելու կերպէն’ (Մատ. 7։28, 29, ՆԱ)։
• Ինչո՞ւ ժողովքին մէջ սորվեցնողները իրենք իրենց ալ պէտք է սորվեցնեն (Հռով. 2։21)։
• Աստուծոյ Խօսքը ի՞նչ բաներու համար օգտակար է (Բ. Տիմ. 3։16)։
• Մարդիկ ինչպէ՞ս կ’ազդուին ազգերու ‘շարժուելէն’ (Ան. 2։6, 7)։
• Եհովան ի՞նչ առումով մեր վրայ վստահութիւն ունի (Եփ. 5։1)։
• Ինչո՞ւ պէտք է ծանր աշխատինք Եհովայի ուսուցումին մէջ մնալու համար (Ղուկ. 13։24)։
3. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ ներկայ գտնուինք եւ ուշադրութեամբ հետեւինք այս ժամանակայարմար յայտագրին։
3 Բ. Տիմոթէոս գրքին 3–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս առաջ որ գրէր այն խօսքը որ մեր համաժողովի յայտագրին բնաբանն է, նկարագրեց այն չար ժամանակները, որոնք պիտի յատկորոշէին վերջին օրերը։ Ան գրեց. «Չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ պիտի յառաջանան՝ մոլորեցնելով ու մոլորելով» (Բ. Տիմ. 3։13)։ Որպէսզի չմոլորինք, որքա՜ն կարեւոր է որ մտիկ ընենք եւ գործադրենք աստուածային ուսուցումները։ Ուրեմն վճռենք ներկայ գտնուիլ եւ ուշադրութեամբ հետեւիլ այս ժամանակայարմար յայտագրին։