Աստուածային ուսուցումին օգուտները վայելենք
«Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 48։17
1. Եթէ աստուածային ուսուցումը մեր կեանքին մէջ կիրարկենք, ի՞նչ վիճակի մէջ պիտի գտնուինք։
ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ բարձրագոյն գիտութիւնը ունի։ Ոչ մէկը կը գերազանցէ զինք խորհուրդի, խօսքի կամ արարքի մէջ։ Որպէս մեր Ստեղծիչը, ան մեր կարիքներուն կը գիտակցի ու առատօրէն կը հայթայթէ զանոնք։ Ան վստահաբար գիտէ ի՛նչպէս մեզի սորվեցնել։ Իսկ եթէ աստուածային ուսուցումը կիրարկենք, անհատապէս կ’օգտուինք ու իրական ուրախութիւն կը վայելենք։
2, 3. (ա) Աստուծոյ վաղեմի ժողովուրդը Ի՞նչ օգուտ պիտի քաղէր, եթէ Իր պատուէրներուն հնազանդէր։ (բ) Ի՞նչ տեղի պիտի ունենայ եթէ աստուածային ուսուցումը մեր կեանքին մէջ կիրարկենք այսօր։
2 Աստուածային ուսուցումը կը յայտնէ թէ Աստուած անձկագին կը փափաքի որ իր ծառաները չարիքէ խուսափին ու կեանքը վայելեն իր օրէնքներուն ու սկզբունքներուն ենթարկուելով։ Եհովայի վաղեմի ժողովուրդը, եթէ իրեն մտիկ ըրած ըլլար, ճոխ օրհնութիւններ վայելած պիտի ըլլար, քանի որ անոնց ըսած էր. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ։ Երանի՜ թէ իմ պատուիրանքիս մտիկ ընէիր։ Այն ատեն քու խաղաղութիւնդ՝ գետի պէս ու արդարութիւնդ ծովուն ալիքներուն պէս պիտի ըլլար»։—Եսայեայ 48։17, 18
3 Աստուծոյ վաղեմի ժողովուրդը, եթէ իր պատուէրներուն ու հրահանգներուն ուշադրութիւն ընծայած ըլլար, պիտի օգտուէր։ Փոխանակ Բաբելոնացիներուն ձեռքով աղէտի հանդիպելու, անոնք գետի նման յորդ, խորունկ ու մշտատեւ խաղաղութիւն ու բարօրութիւն պիտի վայելէին։ Ասկէ զատ, անոնց արդար արարքները, ծովու ալիքներու նման, անհամար պիտի ըլլային։ Նմանապէս, եթէ աստուածային ուսուցումը մեր կեանքին մէջ կիրարկենք, անոր բազմաթիւ օգուտները կրնանք վայելել։ Անոնցմէ ոմանք ի՞նչ են։
Անիկա Կեանք կը Փոխէ
4. Աստուածային ուսուցումը ինչպէ՞ս ազդած է շատ մը մարդոց կեանքին։
4 Աստուածային ուսուցումը շատ մը մարդոց օգտած է անոնց կեանքը բարեփոխելով։ Անոնք, որոնք Եհովայի ուսուցումը կը կիրարկեն, կը լքեն «մարմնին գործերը», որոնցմէ են՝ թոյլ վարմունքը, կռապաշտութիւնը, կախարդութիւնը, կռիւներն ու նախանձները։ Փոխարէն, անոնք հոգիին պտուղները կը յայտնաբերեն, որոնք են՝ սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն ու ժուժկալութիւն։ (Գաղատացիս 5։19-23) Անոնք Եփեսացիս 4։17-24–ի խրատին ալ մտիկ կ’ընեն, ուր Պօղոս իր հաւատակիցները կը յորդորէ, որ հեթանոսներուն պէս ունայն մտքերով չքալեն, խաւարած իմացականութեամբ եւ Աստուծոյ կեանքէն հեռացած։ Անզգայ սրտերով առաջնորդուած չըլլալով, Քրիստոսանման անհատները ‘իրենց առաջուան վարմունքը ունեցող հին մարդը կը հանեն եւ իրենց միտքը դրդող ոյժով կը նորոգուին’։ Անոնք ‘նոր անձնաւորութիւնը կը հագնին, որ Աստուծոյ պատկերին պէս ստեղծուած է, արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով’։
5. Աստուածային ուսուցումը ինչպէ՞ս կ’ազդէ մարդոց բռնած ընթացքին։
5 Աստուածային ուսուցումը կիրարկելուն բերած օգուտներէն մէկը այն է թէ անիկա մեզի ցոյց կու տայ թէ մենք ի՛նչպէս կրնանք Աստուծոյ հետ քալել։ Եթէ Նոյի նման Եհովայի հետ քալենք, այդ պարագային, մեր Մեծ Ուսուցիչին գծած ընթացքին հետեւած կ’ըլլանք։ (Ծննդոց 6։9. Եսայեայ 30։20, 21) Աշխարհային մարդիկ «կը քալեն իրենց մտքին ունայնութեանը մէջ», ինչպէս Պօղոս ըսաւ։ Իսկ այդ մտքերուն կարգ մը գրութիւնները կրնան որքա՜ն ունայն ըլլալ։ Փոմփէի մէջ, պատի մը վրայ ուրիշներու գրութիւնները նշմարելով, անհատ մը գրեց. «Զարմանալի է, ո՜վ պատ, որ ա՛յսքան անիմաստ գրութեան ծանրութեան ներքեւ տակաւին փուլ չես եկած»։ Սակայն, ‘Եհովայի ուսուցումին’ եւ անոր կարելի ըրած Թագաւորութեան քարոզչութեան մէջ անիմաստ բան մը չկայ։ (Գործք 13։12, ՆԱ) Այդ քարոզչութեան շնորհիւ, ճշմարտութիւնը սիրող անհատներ զգաստացած են։ Անոնց ցոյց տրուած է թէ անոնք ի՛նչպէս կրնան իրենց մեղաւոր ընթացքը լքել եւ Աստուծոյ նպատակներուն հանդէպ տգէտ չըլլալ։ Անոնք այլեւս մտքով խաւարած չեն, ոչ ալ անզգայ սրտերով կը մղուին ունայն նպատակակէտեր հետապնդել։
6. Եհովայի ուսուցումին հնազանդելու եւ մեր ուրախութեան միջեւ ի՞նչ կապ կայ։
6 Աստուածային ուսուցումը օգտակար է, քանի որ անիկա մեզ կը ծանօթացնէ Եհովայի ու իր գործառնութիւններուն հետ։ Այսպիսի գիտութիւն մեզ աւելի կը մօտեցնէ Աստուծոյ, անոր հանդէպ մեր սէրը կ’աւելցնէ եւ իրեն հնազանդելու մեր փափաքը կը զօրացնէ։ Ա. Յովհաննու 5։3–ը կ’ըսէ. «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն»։ Յիսուսի պատուիրանքներուն ալ կ’ենթարկուինք, գիտնալով որ անոր ուսուցումն ալ Աստուծմէ է։ (Յովհաննու 7։16-18) Այսպիսի հնազանդութիւն մը մեզ կը պահպանէ հոգեւորապէս վնասուելէ եւ մեր ուրախութիւնը կ’աւելցնէ։
Կեանքի Իրական Նպատակ մը
7, 8. (ա) Սաղմոս 90։12–ը ինչպէ՞ս պէտք է հասկնանք։ (բ) Ինչպէ՞ս կրնանք սրտի իմաստութիւն ստանալ։
7 Եհովայի ուսուցումը օգտակար է, քանի որ անիկա մեզի ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս կրնանք իմաստալից կերպով մը մեր կեանքը գործածել։ Իրականութեան մէջ, աստուածային ուսուցումը մեզի ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս կրնանք մասնայատուկ կերպով մը մեր օրերը համրել։ 70 տարուայ կեանք մը ընդամէնը 25,550 օրուայ կեանքի խոստումը ունի։ 50 տարեկան անհատ մը արդէն 18,250 օր ապրած է եւ իր դիմաց մնացած 7,300 օրերը արդարեւ քիչ կը թուին իրեն։ Արդ, ան աւելի լիովին կրնայ գնահատել թէ Մովսէս մարգարէն ի՛նչու Աստուծոյ հետեւեալ աղօթքը մատուցանեց Սաղմոս 90։12–ին մէջ. «Այնպէս սորվեցուր մեզի մեր օրերը համրել, որ սրտի իմաստութիւն ստանանք»։ Բայց Մովսէս ի՞նչ ըսել ուզեց։
8 Մովսէս ըսել չուզեց որ իւրաքանչիւր Իսրայելացիի ապրելիք օրերը Աստուած ճշգրտօրէն պիտի յայտնէր։ Ըստ Սաղմոս 90։9, 10–ին, այդ Եբրայեցի մարգարէն կ’ընդունէր որ կեանքի երկարութիւնը 70–80 տարի էր. արդարեւ շա՜տ կարճ։ Ուստի, Սաղմոս 90։12–ի խօսքերը բացայայտօրէն կ’արտայայտէին Մովսէսի մաղթանքը թէ Եհովա իրեն կամ Իր ժողովուրդին ցոյց տար կամ սորվեցնէր ի՛նչպէս կարենալ իմաստութիւն ի գործ դնել ‘իրենց տարիներուն օրերը’ արժեւորելով եւ զանոնք Աստուծոյ հաճելի կերպով գործածելով։ Ուստի, ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մասին։ Իւրաքանչիւր օր թանկագին կը նկատե՞նք։ Սրտի իմաստութիւն կը ստանա՞նք ամէն օր ջանալով արժանի կերպով մը գործածել մեր Մեծ Ուսուցիչին՝ Եհովա Աստուծոյ՝ փառքին համար։ Աստուածային ուսուցումը մեզի կ’օգնէ ասիկա իրագործելու։
9. Ի՞նչ կրնանք ակնկալել, եթէ սորվինք մեր օրերը համրել Եհովայի փառքին համար։
9 Եթէ սորվինք մեր օրերը համրել Եհովայի փառքին համար, պիտի կարենանք շարունակել համրել զանոնք, քանի որ աստուածային ուսուցումին մատակարարած գիտութիւնը յաւիտենական կեանքի համար է։ «Այս է յաւիտենական կեանքը», ըսաւ Յիսուս, «որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր»։ (Յովհաննու 17։3) Անշուշտ, եթէ աշխարհային ամբողջ գիտութիւնը ձեռք ձգէինք, ատիկա մեզի յաւիտենական կեանք պիտի չկարենար տալ։ Բայց յաւիտենական կեանք կրնանք ունենալ, եթէ տիեզերքի երկու կարեւորագոյն էակներուն մասին ճշգրիտ գիտութիւն ստանանք ու զայն կիրարկենք եւ իրապէս հաւատք ի գործ դնենք։
10. Համայնագիտարան մը ի՞նչ կ’ըսէ ուսումի մասին, եւ ասիկա ինչպէ՞ս կը բաղդատուի աստուածային ուսուցումին օգուտներուն հետ։
10 Որքա՛ն ալ ապրած ըլլանք, աստուածային ուսուցումին այս բացայայտ օգտակարութիւնը յիշենք. Անիկա զայն կիրարկողներուն կեանքի իրական նպատակ մը կու տայ։ Համայնագիտարան մը (The World Book Encyclopedia) կ’ըսէ. «Ուսումը մարդոց պէտք է օգնէ, որ ընկերութեան պիտանի մէկ անդամը ըլլան։ Անիկա նաեւ պէտք է օգնէ անոնց որ գնահատեն իրենց մշակութային ժառանգը եւ աւելի գոհացուցիչ կեանքեր վարեն»։ Աստուածային ուսուցումը մեզի կ’օգնէ, որ գոհացուցիչ կեանք մը վարենք։ Անիկա մեր հոգեւոր ժառանգութեան հանդէպ մեր մէջ անկեղծ գնահատութիւն մը կը զարգացնէ որպէս Աստուծոյ ժողովուրդ։ Իսկ վստահաբար, անիկա մեզ ընկերութեան պիտանի անդամներ կը դարձնէ, քանի որ անիկա կարելի կը դարձնէ որ մենք կենսական դեր մը խաղանք համայն աշխարհի մարդոց կարիքները լեցնելու մէջ։ Ինչո՞ւ կրնանք այսպէս ըսել։
Աշխարհածաւալ Ուսուցումի Յայտագիր մը
11. Թոմաս Ճէֆըրսըն պատշաճ դաստիարակչութեան կարիքը ինչպէ՞ս ցցուն ըրաւ։
11 Ուսուցումի ուրիշ յայտագիրներէ տարբեր ըլլալով, աստուածային ուսուցումը մարդոց կրթական կարիքը կը լեցնէ։ Մարդոց սորվեցնելու կարիքին անդրադարձաւ Թոմաս Ճէֆըրսըն, որ Միացեալ Նահանգներու երրորդ նախագահը եղաւ։ 13 Օգոստոս 1786–ին, բարեկամի մը եւ Անկախութեան Ծանուցումը իրեն հետ ստորագրողի մը՝ Ճորճ Ուիթի՝ յղած նամակի մը մէջ, Ճէֆըրսըն գրեց. «Ես կը խորհիմ որ մեր կանոնագրքին ամենէն կարեւոր օրէնքը մարդոց մէջ գիտութիւն տարածելու օրէնքն է։ Ազատութիւնը եւ ուրախութիւնը պահպանելու համար ուրիշ որեւէ վստահ հիմ մը կարելի չէ հնարել։ ... Սիրելի բարեկամս, տգիտութեան դէմ ծանր արշաւ մը մղէ. ռամիկ ժողովուրդը դաստիարակելու օրէնքը հաստատէ ու բարելաւէ։ Թող մեր քաղաքացիները գիտնան ... որ [դաստիարակչութեան] համար վճարուելիք տուրքը հազիւ մէկ հազարերորդն է թագաւորներուն, քահանաներուն եւ ազնուականներուն վճարուելիք տուրքին, որոնք մեր մէջ պիտի աւելնան, եթէ ժողովուրդը տգէտ մնայ»։
12. Ինչո՞ւ կարելի է ըսել թէ աստուածային ուսուցումը ամենէն յաջող ու օգտակար յայտագիրն է համերկրային դաստիարակչութեան համար։
12 Փոխանակ արդարամիտ անհատները տգէտ պահելու, Եհովայի ուսուցումը համերկրային դաստիարակչութեան ամենալաւ յայտագիրը կը հայթայթէ անոնց օգտին համար։ Մինչ Բ. Աշխարհամարտը տակաւին իր աւերները կը գործէր 50 տարիներ առաջ, Միացեալ Նահանգներու Դաստիարակչական Վերակազմութեան Յանձնաժողովը «համերկրային դաստիարակչութեան» անհրաժեշտ կարիքը տեսաւ։ Այդ կարիքը տակաւին գոյութիւն ունի, բայց աստուածային ուսուցումը համերկրային դաստիարակչութեան միակ յաջող յայտագիրն է։ Անիկա նաեւ ամենէն օգտակարն է, քանի որ մարդիկը յուսահատութենէ կը ձերբազատէ, զանոնք բարոյապէս ու հոգեւորապէս կը կազդուրէ, աշխարհային հպարտութենէն եւ նախապաշարումէն կ’ազատէ եւ յաւիտենական կեանքի համար գիտութիւն կը մատակարարէ։ Ամէն բանէ աւելի, այս յայտագիրը ամէնուրեք մարդոց կ’օգտէ անոնց սորվեցնելով թէ անոնք ի՛նչպէս կրնան Եհովա Աստուծոյ ծառայել։
13. Եսայեայ 2։2-4–ը ինչպէ՞ս կը կատարուի այսօր։
13 Մեծ թիւով անհատներ, որոնք այժմ Աստուծոյ ծառաները կ’ըլլան, աստուածային ուսուցումին օգուտները կը վայելեն։ Անոնք իրենց հոգեւոր կարիքներուն գիտակից են եւ շատ լաւ տեղեակ են որ Եհովայի օրը մօտ է։ (Մատթէոս 5։3. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։1-6) Հիմա այս «վերջին օրեր»ուն, բոլոր ազգերէն եկող այս անհատները կը խուժեն Եհովայի լեռը, իր մաքուր պաշտամունքին։ Անիկա զօրաւոր կերպով հաստատուած է եւ Աստուծոյ կամքին հակառակ եղող բոլոր պաշտամունքներէն վեր բարձրացած է։ (Եսայեայ 2։2-4) Եթէ Եհովայի նուիրուած Վկայ մըն էք, անոր երթալով աւելցող երկրպագուներուն մէջ ըլլալը եւ աստուածային ուսուցումէն օգտուիլը հաճոյք մը չէ՞ ձեզի համար։ Ի՜նչ հոյակապ է անոնց մէջ ըլլալ, որոնք կ’աղաղակեն. «Եահը փառաբանեցէք»։—Սաղմոս 150։6, ՆԱ։
Օգտաշատ Ազդեցութիւն Մեր Հոգիին Վրայ
14. Ա. Կորնթացիս 14։20–ին մէջ արձանագրուած Պօղոսի խրատին մտիկ ընելով, ի՞նչ օգուտ կը քաղենք։
14 Աստուածային ուսուցումին շատ մը օգուտներէն մէկն է անոր ունեցած լաւ ազդեցութիւնը մեր մտքին ու հոգիին վրայ։ Անիկա կը մղէ մեզ որ արդար, մաքուր, առաքինի եւ գովելի բաներու մասին խորհինք։ (Փիլիպպեցիս 4։8) Եհովայի ուսուցումը կ’օգնէ մեզի որ Պօղոսի խրատին հետեւինք. «Չարութիւն գիտնալու կողմէ տղայ եղէք ու մտքով՝ չափահաս»։ (Ա. Կորնթացիս 14։20) Եթէ այս յորդորանքը կիրարկենք, ամբարշտութեամբ գիտութիւն պիտի չփընտռենք։ Պօղոս նաեւ գրեց. «Ամէն դառնութիւն եւ բարկութիւն ու սրտմտութիւն եւ աղաղակ ու հայհոյութիւն վերցուի ձեզմէ իրենց չարութիւններով մէկտեղ»։ (Եփեսացիս 4։31) Այսպիսի խրատի մը մտիկ ընելը մեզի պիտի օգնէ, որ անբարոյութենէ եւ ուրիշ լուրջ մեղքերէ խուսափինք։ Մինչ ասիկա կրնայ ֆիզիքական ու մտային գետնի վրայ օգտակար ըլլալ, ան մասնաւորաբար մեզի ուրախութիւն պիտի պատճառէ, գիտնալով որ Աստուած կը հաճեցնենք։
15. Ի՞նչ բան կրնայ օգնել մեզի որ մեր խորհուրդներուն մէջ առաքինի մնանք։
15 Եթէ կ’ուզենք մեր խորհուրդներուն մէջ առաքինի մնալ, օգտակար բաներէն մէկն է խուսափիլ ‘չար ընկերակցութիւններէն որոնք աղէկ բարքը կ’ապականեն’։ (Ա. Կորնթացիս 15։33) Մենք, Քրիստոնեաներս, պէտք չէ ընկերակցինք պոռնիկներու, շնացողներու եւ ուրիշ յանցագործներու հետ։ Ուստի, տրամաբանական է որ այդպիսի անհատներու հետ չընկերակցինք, անոնց մասին կարդալով ցանկասիրութեամբ, կամ զանոնք դիտելով հեռատեսիլի կամ շարժապատկերներու մէջ։ Սիրտը խաբեբայ է, դիւրաւ կրնայ չար բաներու հանդէպ ցանկութիւն մշակել եւ փորձուիլ զայն կատարել։ (Երեմեայ 17։9) Հետեւաբար, աստուածային ուսուցումին կառչելով, այսպիսի փորձութիւններէ խուսափինք։ Ասիկա կրնայ այդ բանը օգտակար կերպով «Տէրը սիրողներ»ուն մտածմունքին ազդել որ անոնք ‘չարութիւնը կ’ատեն’։—Սաղմոս 97։10
16. Աստուծոյ ուսուցումը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել մեր ցուցաբերած հոգիին։
16 Պօղոս իր գործակիցին՝ Տիմոթէոսին՝ ըսաւ. «Տէրը քու ցուցաբերած հոգիիդ հետ ըլլայ։ Անոր անարժան ողորմութիւնը ձեզի հետ ըլլայ»։ (Բ. Տիմոթէոս 4։22, ՆԱ) Առաքեալը կը փափաքէր որ Աստուած, Տէր Յիսուս Քրիստոսին միջոցով, հաւանութիւն տար այն դրդող ոյժին որ կը մղէր Տիմոթէոսը եւ ուրիշ Քրիստոնեաները։ Աստուծոյ ուսուցումը կ’օգնէ մեզի որ սիրալիր, ազնիւ ու հեզ հոգի մը ցուցաբերենք։ (Կողոսացիս 3։9-14) Իսկ անիկա որքա՜ն կը տարբերի այս վերջին օրերուն մէջ շատերուն ցուցաբերած հոգիէն։ Անոնք հպարտ, ապերախտ, անգութ, անհաշտ, յանդուգն, հեշտասէր եւ իրական աստուածպաշտութենէ զուրկ են։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Սակայն, մինչ կը շարունակենք աստուածային ուսուցումի օգուտները կիրարկել մեր կեանքին մէջ, հոգի մը կը ցուցաբերենք, որ մեզ սիրելի կը դարձնէ Աստուծոյ ու մեր ընկերակիցներուն։
Օգտակար՝ Մարդկային Յարաբերութիւններու
17. Խոնարհ համագործակցութիւնը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։
17 Եհովայի ուսուցումը կ’օգնէ մեզի որ մեր հաւատակիցներուն հետ խոնարհ համագործակցութեան օգուտները տեսնենք։ (Սաղմոս 138։6) Ներկայ մարդոց հակառակը, մենք արդար սկզբունքները չենք դրժեր, բայց լայնախոհ ենք։ Օրինակի համար, շատ բարիք յառաջ կու գայ, քանի որ նշանակուած տեսուչները լայնախոհ են երէցներու ժողովներու ընթացքին։ Այս անհատները կրնան հանդարտօրէն խօսիլ ճշմարտութեան ի նպաստ, մինչ թոյլ չտալով զգացումներուն որ անոնք տրամաբանութիւնը մթագնեն կամ բաժանում պատճառեն։ Ժողովքին բոլոր անդամները պիտի օգտուին մեր վայելած միութեան հոգիէն, եթէ բոլորս ալ շարունակենք աստուածային ուսուցումը կիրարկել։—Սաղմոս 133։1-3
18. Աստուածային ուսուցումը կ’օգնէ մեզի որ ի՞նչ տեսակէտ ունենանք հաւատակիցներուն հանդէպ։
18 Աստուածային ուսուցումը նաեւ օգտակար է, քանի որ կ’օգնէ մեզի որ պատշաճ տեսակէտ ունենանք մեր հաւատակիցներուն հանդէպ։ Յիսուս ըսաւ. «Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ»։ (Յովհաննու 6։44) Յատկապէս 1919–էն ի վեր, Եհովա մղած է իր ծառաները որ իր դատաստանները յայտարարեն եւ Սատանայի աշխարհին դրութիւնը շարժուած ու ցնցուած է այս համերկրային ազդարարութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ, Աստուած աստուածավախ մարդիկը՝ «ցանկալի բաները»՝ իրեն քաշած է, որպէսզի իրենք զիրենք ազգերէն անջատեն եւ օծեալ Քրիստոնեաներուն հետ բաժին բերեն Եհովայի պաշտամունքի տունը փառքով լեցնելու մէջ։ (Անգեայ 2։7) Վստահաբար, մենք Աստուծոյ կողմէ քաշուած այսպիսի ցանկալի անհատներ պէտք է նկատենք որպէս սիրելի ընկերակիցներ։
19. Աստուծոյ ուսուցումը ի՞նչ կը յայտնէ Քրիստոնեայ ընկերակիցներուն հետ անձնական դժուարութիւնները լուծելուն առնչութեամբ։
19 Քանի որ բոլորս ալ անկատար ենք, անշուշտ, երբեմն խնդիրներ պիտի ծագին։ Երբ Պօղոս իր միսիոնարական երկրորդ շրջապտոյտը պիտի սկսէր, Բառնաբաս որոշեց Մարկոսը իրենց հետ առնել։ Պօղոս համամիտ չէր, քանի որ Մարկոս ‘Պամփիւլիայի մէջ իրենցմէ զատուած էր ու իրենց հետ գործի չէր գացած’։ Ասոր վրայ, «գժտութիւն մը» ծագեցաւ։ Բառնաբաս Մարկոսը իրեն հետ առաւ ու Կիպրոս գնաց, իսկ Պօղոս Շիղան առաւ Սուրիա ու Կիլիկիա երթալու համար։ (Գործք 15։36-41) Հետագային, բացայայտօրէն այս խրամատը գոցուած էր, քանի որ Մարկոս Հռովմի մէջ Պօղոսին հետ էր եւ առաքեալը նպաստաւոր կերպով անոր մասին խօսեցաւ։ (Կողոսացիս 4։10) Աստուածային ուսուցումին օգուտներէն մէկը այն է որ անիկա մեզի ցոյց կու տայ թէ Քրիստոնեաներու միջեւ ծագած անձնական դժուարութիւնները ի՛նչպէս կրնանք լուծել, հետեւելով այն խրատներուն զորս Յիսուս տուաւ Մատթէոս 5։23, 24–ին եւ Մատթէոս 18։15-17–ին մէջ։
Միշտ Օգտակար եւ Յաղթական
20, 21. Աստուածային ուսուցումը նկատի առնելը ի՞նչ ընելու պէտք է մղէ մեզ։
20 Աստուածային ուսուցումին կարգ մը օգուտներն ու յաղթանակները հակիրճօրէն նկատի առնելէ ետք, անկասկած բոլորս ալ զայն մեր կեանքին մէջ շարունակաբար կիրարկելու կարիքը կը տեսնենք։ Արդ, ջերմեռանդ հոգիով մը շարունակենք սորվիլ մեր Մեծ Ուսուցիչէն։ Այո, շատ շուտով, աստուածային ուսուցումը աննախընթաց յաղթանակ մը պիտի տանի։ Անիկա պիտի յաղթէ, երբ այս աշխարհի մտաւորականները իրենց վերջին շունչը փչեն։ (Բաղդատել Ա. Կորնթացիս 1։19։) Միւս կողմէն, մինչ միլիոնաւորներ Աստուծոյ կամքը պիտի սորվին ու պիտի կատարեն, Եհովայի գիտութիւնը երկիրը պիտի լեցնէ, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն։ (Եսայեայ 11։9) Ասիկա ի՜նչ սքանչելի կերպով օգտակար պիտի ըլլայ հնազանդ մարդկութեան եւ պիտի ջատագովէ Եհովան որպէս Տիեզերքի Գերիշխանը։
21 Եհովայի ուսուցումը միշտ օգտակար եւ յաղթական պիտի ըլլայ։ Աստուծոյ հոյակապ Դասագրքին որպէս ջանադիր աշակերտ մը, պիտի շարունակէ՞ք օգտուիլ անկէ։ Աստուածաշունչին համաձայն կ’ապրի՞ք եւ անոր ճշմարտութիւնները ուրիշներու հետ կը բաժնեկցի՞ք։ Եթէ այս է պարագան, կրնաք ակնկալութեամբ սպասել աստուածային ուսուցումին ամբողջական յաղթանակին, ի փառս մեր Մեծ Ուսուցիչին՝ Գերիշխան Տէր Եհովային։
Ի՞նչ Սորվեցաք
◻ Աստուածային ուսուցումը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ մեր կեանքին վրայ։
◻ Եհովայի ուսուցումը ինչպէ՞ս գոհացում կու տայ դաստիարակչական կարիքներուն։
◻ Աստուածային ուսուցումը ի՞նչ օգտակար ազդեցութիւն կրնայ ունենալ մեր խորհուրդներուն ու վերաբերմունքին վրայ։
◻ Աստուծոյ ուսուցումին օգտակար ըլլալը ինչպէ՞ս փաստուած է մարդկային յարաբերութիւններու պարագային։
[Նկար՝ էջ 15]
Աստուածային ուսուցումը ցոյց կու տայ մեզի թէ ի՛նչպէս կրնանք Աստուծոյ հետ քալել, ինչպէս քալեց Նոյ
[Նկար՝ էջ 16]
Բոլոր ազգերէն եկող անհատներ Եհովայի լեռը կը խուժեն