ՏԱՆ ՍՈՒՐԲ ԳՐԱՅԻՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՎԱՐԵՆՔ
1 Ազդեցիկ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը ինչպէ՞ս կը վարուի։ Հիմնական ի՞նչ օրինակ ունինք։ Ուսումնասիրութեան նիւթին համարները ինչպէ՞ս կարելի է նկատի առնել։ Պարբերութիւնները ո՞վ պէտք է կարդայ։ Ուսումնասիրութիւն մը վարելու հիմնական կերպէն զատ, աւելի ի՞նչ բանի կարիքը կայ աշակերտին օգնելու որ ճշմարտութիւնը իր անձնականը ընէ։ Ի՞նչ որոգայթներէ պէտք է խուսափիլ։
2 Ուսումնասիրութիւն մը Ի՛նչպէս Վարել. Ընդհանուր առմամբ խօսելով, տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը կը հետեւի Դիտարանի Ուսումնասիրութեան մեթոտին։ Նախ, կը կարդացուի այն պարբերութիւնը որ նկատի պիտի առնուի։ Ապա ուսումնասիրութիւնը վարողը կը հարցնէ տպուած հարցումը այդ պարբերութեան մասին եւ թոյլ կու տայ որ աշակերտը պատասխանէ։ Եթէ աշակերտը վարանի, վարողը պէտք է պատրաստ ըլլայ առաջնորդող հարցումներ ուղղելու որոնք պիտի պատճառեն որ աշակերտը մտածէ նիւթին մասին ու պատշաճ եզրակացութեան մը հասնի։
3 Նկատի առէք թէ ինչպէ՛ս համարները կապ ունին պարբերութեան տեղեկութիւններուն հետ։ Աշակերտին ցոյց տուէք ինչպէս բնորոշէ մէջբերուած համարները եւ անոր հետ պատճառաբանեցէք անոնց կիրարկման մասին։ Եթէ յիշուած համարներ կան որոնք չեն մէջբերուած, լաւ կ’ըլլայ որ Աստուածաշունչէն կարդացուին, մանաւանդ եթէ շատ երկար չեն։ Թոյլ տուէք աշակերտին որ զանոնք կարդայ եւ մեկնաբանէ թէ ինչպէս անոնք թիկունք կը կանգնին կամ կը յստակացնեն ինչ որ ըսուած է պարբերութեան մէջ։
4 Աշակերտին Օգնեցէք որ Ճշմարտութիւնը Իր Անձնականը Ընէ. Աշակերտները քաջալերեցէք որ լաւ պատրաստուին ուսումնասիրութեան համար։ Շեշտեցէք թէ կարդալը կենսական է սորվելու համար։ Աշակերտը որքան աւելի ուսումնասիրուելիք նիւթեր կարդայ ու անոնց մասին խոկայ, այնքան աւելի լաւ կ’ըլլայ։ Կարգ մը վարողներ կը ձգեն որ աշակերտը կարդայ բոլոր պարբերութիւնները Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ընթացքին։ Ուրիշներ աշակերտին հետ փոխադարձաբար կը կարդան պարբերութիւնները։ Լաւ դատողութիւն պէտք է գործածել, ի մտի ունենալով աշակերտին հոգեւոր յառաջդիմութիւնը։
5 Ուսումնասիրութեան նիւթը ակադեմական կերպով մը նկատի առնելը կրնայ աշակերտին օգնել որ գիտութիւն իւրացնէ, բայց ան կը հաւատա՞յ ինչ որ կը սորվի։ Եթէ ան ճշմարտութիւնը իր անձնականը պիտի ընէ, պէտք է տեսնէ ինչպէս նիւթը կ’ազդէ իրեն անձնապէս։ Ան ինչպէ՞ս կը զգայ իր սորվածին հանդէպ։ Ի՞նչպէս կրնայ գործածել ինչ որ սորված է։ Հետազօտող հարցումներ գործածեցէք որպէսզի աշակերտին սրտին հասնիք։
6 Որոգայթներէն Խուսափեցէք. Որոգայթներ կան որոնցմէ պէտք է խուսափիլ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելու ատեն։ Երբ հարցումներ ծագին որոնք կապ չունին սերտուած նիւթին հետ, սովորաբար աւելի լաւ է որ զանոնք նկատի առնէք ուսումնասիրութեան վերջաւորութեան կամ ուրիշ առիթով։ Նաեւ, կարեւոր է որ աշակերտը պատասխանէ իր բառերով քան թէ պատասխանները կարդայ գրքէն։ Ասիկա պիտի օգնէ ձեզի որպէս վարիչ որ որոշէք թէ աշակերտը նիւթը կը հասկնայ թէ ոչ։
7 Ինչո՞ւ ձեր նպատակակէտը չընէք վարել առնուազն մէկ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն։ Անիկա դժուար գործ մը չէ եթէ Եհովայի ապաւինիք եւ Դիտարանի Ուսումնասիրութեան հիմնական մեթոտին հետեւիք։ Տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը վարելը մեծագոյն ազդեցիկ կերպն է ճշմարտութիւնը ուրիշներու սորվեցնելու եւ աշակերտելու։ Ասիկա ընելով, դուք ալ կրնաք ուրախանալ լման բաժին բերելով Յիսուսի պատուէրին կատարման մէջ, որ արձանագրուած է Մատթէոս 28։19, 20–ին մէջ։