ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ ԱՄՍՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ
Հոկտեմբեր 4–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 10
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկէն ընտրուած ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ։ Թելադրեցէք կերպեր ընթացիկ պարբերաթերթերը գործածելու համար տեղական թաղամասին մէջ։ Շեշտեցէք կարեւորութիւնը վերայցելելու բոլոր անոնց որոնք պարբերաթերթեր ընդունած են։ Երբ տանուտէրները փաստեն որ հարազատօրէն հետաքրքրուած են, բաժանորդագրութիւններ կարելի է առաջարկել։
15 վյրկ. «Ձեր Պաշտամունքի Վայրը կը Յարգէ՞ք»։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, հիմնուած Դիտարանի 6/15/1993 թիւին յօդուածին վրայ։ Տեղեկութիւնները կիրարկեցէք տեղւոյն պարագաներուն։ Եթէ մասնայատուկ խնդիր մը նկատի պիտի առնուի, փափկանկատօրէն յարմար խրատ տուէք։
20 վյրկ. Հոկտեմբեր Ամսուան Ընթացքին Ձեր Տունէ–Տուն Ծառայութիւնը Սաստկացուցէք։ Ծառայութեան տեսուչը կամ ուրիշ որակելի եղբայր մը նկատի կ’առնէ ունկնդիրներուն հետ տունէ–տուն ծառայութեան կարեւորութիւնը։ Ցուցադրեցէք. (1) Հրատարակիչը խօսակցութիւն մը կը սկսի որ կ’առաջնորդէ վերայցելութեան մը հիմ դնելու։ Տանուտիրոջ յայտնաբերած հետաքրքրութենէն կախեալ ըլլալով, հրատարակիչը կը կարգադրէ նկատի առնուելիք կէտ մը վերայցելութեան ատեն։ (2) Հրատարակիչը թերթիկ մը կը գործածէ անպաշտօն խօսակցութիւն մը սկսելու համար եւ ապա հետաքրքրուած անհատին կ’առաջարկէ ընթացիկ պարբերաթերթերը։ (3) Պարբերաթերթերով կանոնաւոր այցելութիւններ ընող հրատարակիչը կ’որոշէ բաժանորդագրութիւն մը առաջարկել վերայցելութեան ընթացքին։ Այսպիսի դիւրաթեքութիւն մը պէտք է բոլոր հրատարակիչները քաջալերէ որ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին իրենց տունէ–տուն ծառայութիւնը սաստկացնեն։ Անկասկած ոմանք ժողովքին մէջ կը ծառայեն որպէս օժանդակ ռահվիրաներ այս ամիս։ Շատ ուշ չէ որ ուրիշներ ալ, որոնք ի վիճակի են, օժանդակ ռահվիրաներ ըլլան։
Երգեցողութիւն թիւ 143 եւ փակման աղօթք։
Հոկտեմբեր 11–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 55
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւներու տեղեկագիրը։ Կարդացէք նուիրատուութիւններու ընկալագիրը եւ ժողովքը գովեցէք առատաձեռնօրէն թիկունք կանգնելուն համար աշխարհածաւալ գործին ինչպէս նաեւ հոգ տանելուն համար տեղական ժողովքին նիւթական կարիքներուն։ Հակիրճօրէն վերաքաղ ըրէք այս շաբթուան դաշտի ծառայութեան կարգադրութիւնները եւ գնահատանք արտայայտեցէք հրատարակիչներուն նախանձախնդիր աջակցութեան համար։
15 վյրկ. «Մեր Պարբերաթերթերուն Տեղեկութիւնները Տունէ Տուն Գործածենք»։ Խօսակցութիւն ունկնդիրներուն հետ։ Լաւ պատճառ ունինք մեր պարբերաթերթերէն սորված կարգ մը կէտերը խանդավառօրէն ներկայացնելու դաշտի ծառայութեան մէջ մեր հանդիպած մարդոց։ Արթուն եղէք պարբերաթերթերը տեղաւորելու ձեր վերայցելութիւններուն ընթացքին եւ երբ անպաշտօն կերպով կը վկայէք։ Թէեւ պարբերաթերթերը թուական կը կրեն ու ամենավերջին թիւերը պէտք է ներկայացնել, երբ պատեհութիւնը կը հանդիսանայ պէտք չէ վարանինք հին պարբերաթերթերը առաջարկելու։ Միայն վստահ եղէք թէ ձեր ներկայացուցած պարբերաթերթերը մաքուր են ու չեն վնասուած։ Թող որ որակելի հրատարակիչ մը ցուցադրէ 4–րդ պարբերութեան մէջ ուրուագծուած ներկայացումը։
20 վյրկ. «Աստուածային Ուսուցումը Զօրեղ Ազդեցութիւն կը Բանեցնէ»։ Հարց պատասխանով յօդուածը նկատի առնել։ Ժամանակին ներած չափով կարդացէք պարբերութիւններն ու մէջբերուած համարները։ Առիթ տուէք հակիրճ մեկնաբանութիւններու որոնք անձնական գնահատանք կ’արտայայտեն քաղուած օգուտներուն համար համաժողովին ներկայ գտնուելէն ու համաժողովի հրատարակութիւնները գործածելէն։
Երգեցողութիւն թիւ 85 եւ փակման աղօթք։
Հոկտեմբեր 18–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 57
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Աստուածպետական Լուրեր։
15 վյրկ. Հարցումի Տուփ։
15 վյրկ. «Գտնուած Հետաքրքրութեան Ուշադրութիւն Ընծայեցէք»։ Դասախօսութիւն եւ ունկնդիրներուն ուղղուած կարգ մը հարցումներ։ Ցուցադրեցէք ի՛նչպէս հրատարակիչները հետաքրքրութիւնը զարգացուցած են տեղական թաղամասին մէջ, կամ թող որ հրատարակիչ մը պատմէ նոր փորձառութիւն մը որ ցոյց կու տայ արժէքը վերայցելելու անոնց որոնք Զարթի՛րի եւ Դիտարանի թիւեր ընդունած են։
10 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ կամ քաջալերական դասախօսութիւն մը հիմնուած Դիտարանի 7/1/1993 թիւին «Նախկին Քրիստոնեաները եւ Աշխարհը» յօդուածին վրայ։ Աչքառու դարձուցէք մեր կարիքը այսօր որ նախկին Քրիստոնեաներուն օրինակին հետեւինք։
Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։
Հոկտեմբեր 25–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 77
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Պարփակեցէք դաշտի ծառայութեան կարգադրութիւնները շաբթուան համար եւ ընթացիկ պարբերաթերթերէն ուշադրութեան յանձնեցէք կէտեր զորս հրատարակիչները կրնան դաշտի ծառայութեան մէջ գործածել գալիք օրերուն։ Եթէ ժամանակը կը ներէ, հակիրճօրէն ցուցադրեցէք մէկ կամ երկու ներկայացումներ որոնք յարմար են տեղական թաղամասին համար։ Վերյիշեցուցէք կարիքը վերայցելելու բոլոր անոնց որոնք հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են։
15 վյրկ. Նախապատրաստուած Եղէք Սգաւորները Մխիթարելու (հիմնուած Պատճառաբանել գրքին վրայ, էջ 102–4 [372-4, Արբ.])։ (3 վյրկ.) Այս բաժինը ներկայացնող եղբայրը կը մատնանշէ թէ Եհովայի Վկաները չեն մերժեր մահուան հետ ընկերակցած բոլոր սովորութիւնները։ (5 վյրկ.) Ցուցադրեցէք ինչպէ՛ս Վկայ մը կրնայ գործակիցի մը բացատրել թէ ինչո՛ւ Եհովայի Վկաները կը խուսափին մեռելներու համար սգալու որոշ աւանդական սովորութիւններէ, խօսակցութիւնը հիմնելով Պատճառաբանել գրքին վրայ, էջ 102–3 [372-3, Արբ.]։ (7 վյրկ.) Ունկնդիրներուն հետ նկատի առէք «Եթէ Անհատ մը Ըսէ—» բաժինը, էջ 103–4 [373-4, Արբ.]։
20 վյրկ. «Տան Սուրբ Գրային Ուսումնասիրութիւն մը Վարենք»։ Հարց պատասխանով յօդուածը նկատի առնել։ Ներկայացուցէք լաւ պատրաստուած ցուցադրութիւն մը ուր հրատարակիչ մը կ’օգնէ աշակերտին որ հասկնայ ինչպէս մէջբերուած համարը թիկունք կը կանգնի նկատի առնուած պարբերութեան տեղեկութեան։ Նոյն ցուցադրութեան մէջ հրատարակիչը կը գործածէ յաւելեալ հարցումներ աշակերտին օգնելու որ ճշմարտութիւնը իր անձնականը ընէ։ Գործածեցէք ընտրուած մասեր Պաշտամունք կամ Յաւիտեան Ապրիլ գրքերէն։
Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։