1994–Ի ԱՍՏՈՒԱԾՊԵՏԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐՈՑԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ
ԹԵԼԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը 1994–ին ընթացքին հետեւեալ կարգադրութիւններուն համաձայն պիտի վարուի։
ԴԱՍԱԳԻՐՔԵՐ. Աստուածաշունչը, Միացած՝ Միակ Ճշմարիտ Աստուծոյ Պաշտամունքին մէջ, «Դիտարան»ը, Մեծագոյն Մարդը Որ Ապրած Է եւ Աստուածաշունչի Խօսակցութեան Բնաբանները, պիտի ըլլան նշանակումներուն հիմը։
Դպրոցը պիտի սկսի երգեցողութեամբ, աղօթքով եւ բարի գալուստ մաղթելով, ապա հետեւեալ կերպով պիտի վարուի.
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ. 15 վայրկեան։ Այս դասախօսութիւնը պէտք է ներկայացուի երէցի մը կամ որակելի օգնական ծառայի մը կողմէ եւ հիմնուած պիտի ըլլայ Միացած՝ Միակ Ճշմարիտ Աստուծոյ Պաշտամունքին մէջ գրքին վրայ կամ Դիտարանին վրայ։ Այս նշանակումը պէտք է ներկայացուի որպէս 10–էն 12 վայրկեան հրահանգիչ ուղերձ եւ անկէ ետք 3–էն 5 վայրկեան բերանացի վերաքաղ, գործածելով գրականութեան տպուած հարցումները։ Նպատակը պէտք է ըլլայ ոչ միայն նիւթը ծածկել, այլ՝ ուշադրութիւնը կեդրոնացնել բացատրուած տեղեկութիւններուն գործնական արժէքին վրայ, ցցուն ընելով ինչ որ ժողովքին մեծապէս օգտակար պիտի ըլլայ։ Ցոյց տրուած բնաբանը պէտք է գործածել։ Բոլորին քաջալերութիւն կը տրուի որ առաջուընէ լման կերպով պատրաստեն որպէսզի այս նիւթէն լաւագոյնս օգտուին։
Այն եղբայրները որոնց նշանակուած է այս դասախօսութիւնը, պէտք է ուշադիր ըլլան որոշուած ժամանակին սահմանին մէջ մնալու։ Կարելի է առանձին խրատ տալ եթէ անհրաժեշտ է կամ եթէ դասախօսը առաջուընէ խնդրէ զայն։
ԱՉՔԱՌՈՒ ԿԷՏԵՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄԷՆ. 6 վայրկեան։ Ասիկա պէտք է ներկայացուի դպրոցի տեսուչին կամ ուրիշ երէցի մը կամ օգնական ծառայի մը միջոցաւ որ նիւթը ազդուօրէն պիտի կիրարկէ տեղական կարիքներուն։ Ասիկա նշանակուած ընթերցումին միայն ամփոփումը պէտք չէ ըլլայ։ Նշանակուած գլուխներուն մասին սկզբնական ընդհանուր վերաքաղը ներկայացուցէք 30–էն 60 երկվայրկեանի մէջ։ Գլխաւոր նպատակն է ունկնդիրներուն օգնել որ գնահատեն թէ տեղեկութիւնները ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս արժէք ունին մեզի համար։ Անկէ ետք, դպրոցի տեսուչը պիտի արձակէ աշակերտները որ իրենց զանազան դասարանները երթան։
ԹԻՒ 2 ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ. 5 վայրկեան։ Ասիկա նշանակուած նիւթի մը շուրջ Աստուածաշունչի ընթերցում մըն է, եղբօր մը կողմէ։ Ասիկա պիտի կիրարկուի գլխաւոր դպրոցին մէջ ինչպէս նաեւ յաւելեալ խումբերուն մէջ։ Ընթերցումի նշանակումները սովորաբար բաւական կարճ են աշակերտին թոյլ տալու որ ամփոփ բացատրողական տեղեկութիւններ ներկայացնէ բացման եւ փակման խօսքերուն մէջ։ Պատմական անցեալը, մարգարէական կամ վարդապետական նշանակութիւնը եւ սկզբունքներու կիրարկումը կարելի է պարփակել։ Նշանակուած բոլոր համարները պէտք է անընդհատաբար կարդալ։ Անշուշտ, երբ կարդացուելիք համարները յաջորդական չեն, աշակերտը կրնայ համարին տեղը ըսել ուր ընթերցումը պիտի շարունակուի։
ԹԻՒ 3 ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ. 5 վայրկեան։ Այս դասախօսութիւնը քոյրերու պիտի նշանակուի։ Այս դասախօսութեան նիւթերը պիտի հիմնուին Մեծագոյն Մարդը Որ Ապրած Է գրքին վրայ։ Նշանակուած աշակերտուհին ընթերցելու կարող պէտք է ըլլայ։ Աշակերտուհին կրնայ դասախօսութիւնը ներկայացնել կայնած կամ նստած։ Դպրոցի տեսուչը օգնական մը պիտի նշանակէ, բայց կարելի է ուրիշ օգնականներ ալ գործածել։ Նախընտրելի է որ ցուցադրութիւնները պարփակեն դաշտի ծառայութիւնը կամ անպաշտօն վկայութիւնը։ Դասախօսութիւնը տուողը կամ օգնականը կրնայ խօսակցութիւնը սկսիլ ցուցադրութիւնը հիմնելու համար։ Գլխաւոր ուշադրութիւնը պէտք է տրուի ոչ թէ ցուցադրութեան, այլ՝ նիւթին։ Աշակերտուհին պէտք է գործածէ ցոյց տրուած բնաբանը։
ԹԻՒ 4 ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ. 5 վայրկեան։ Եղբօր մը կամ քրոջ մը պիտի նշանակուի։ Ան հիմնուած պիտի ըլլայ Աստուածաշունչի Խօսակցութեան Բնաբաններ գրքոյկին վրայ։ Երբ եղբօր մը կը նշանակուի, նիւթը պէտք է տրուի որպէս բոլոր ունկնդիրներուն ուղղուած դասախօսութիւն մը։ Սովորաբար լաւագոյն բանը պիտի ըլլայ եղբօր համար որ իր դասախօսութիւնը պատրաստէ ի մտի ունենալով Թագաւորութեան Սրահին մէջ եղող ունկնդիրները, որպէսզի նիւթը իսկապէս տեղեկատու եւ օգտակար ըլլայ անոնց որոնք կը լսեն զայն։ Սակայն, եթէ նիւթը կը յարմարի ուրիշ գործնական բացումի մը, եղբայրը կրնայ իր դասախօսութիւնը ըստ այնմ զարգացնել։ Աշակերտը պէտք է գործածէ ցոյց տրուած բնաբանը։
Երբ քրոջ մը նշանակուի, նիւթը պէտք է ներկայացուի ինչպէս որ Թիւ 3 Դասախօսութեան ուրուագծուած է։
ԽՐԱՏ ԵՒ ՆՇՄԱՐՆԵՐ. Իւրաքանչիւր աշակերտի դասախօսութենէն ետք, դպրոցի տեսուչը մասնայատուկ խրատ պիտի տայ, պայման չէ որ հետեւի Դասախօսական Խրատի թղթիկի կէտերուն դասաւորման։ Փոխարէն, ան պիտի կեդրոնանայ այն մարզերուն վրայ ուր աշակերտը բարելաւուելու կարիքը ունի։ Եթէ աշակերտը ‘Բ’ կամ ‘Ա’ չունի, դպրոցի տեսուչը պէտք է յիշէ թէ յաջորդ անգամ ո՛ր կէտին վրայ պիտի աշխատի, շրջանակ մը գծելով հոն ուր պիտի դրուի ‘Ա’, ‘Բ’ կամ ‘Լ’։ Ժողովէն ետք ան աշակերտին պիտի տեղեկացնէ ասիկա ինչպէս նաեւ յաջորդ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Նշանակումի թղթիկին (S-89) մէջ։ Դասախօսութիւն տուողները պէտք է նստին սրահին առջեւի շարքերը, որպէսզի ժամանակի կորուստ չըլլայ եւ դպրոցի տեսուչը կարենայ իր խրատը ուղղակի տալ իւրաքանչիւր աշակերտի։ Եթէ ժամանակը ներէ անհրաժեշտ բերանացի խրատը տալէ ետք, խրատատուն կրնայ խօսիլ այն տեղեկատուական եւ գործնական կէտերուն մասին զորս աշակերտները չյիշեցին։ Դպրոցի տեսուչը զգուշ պէտք է ըլլայ որ խրատին եւ նշմարներուն համար երկու վայրկեանէ աւելի ժամանակ չառնէ իւրաքանչիւր դասախօսութենէ ետք։ Եթէ Աստուածաշունչի վերաքաղին բաժինը պէտք եղածին պէս լաւ չէր, կարելի է առանձին խրատ տալ։
ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼ. Նշանակուած դասախօսութիւն մը պատրաստելէ առաջ, աշակերտը պէտք է Դպրոցի Դասագիրքէն ուշադրութեամբ կարդայ իր աշխատելիք կէտին մասին։ Այն աշակերտները որոնց նշանակուած է երկրորդ դասախօսութիւնը, պէտք է յարմար բնաբան մը ընտրեն Աստուածաշունչի կարդացուելիք բաժինին։ Միւս դասախօսութիւնները պիտի զարգացուին տպուած յայտագրին վրայ ցոյց տրուած բնաբանին համաձայն։
ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐՈՒՄ. Ոչ մէկ դասախօսութիւն պէտք է աւելի ժամանակ առնէ, ոչ ալ՝ խրատատուին խրատն ու նշմարները։ Թիւ 2–էն 4 Դասախօսութիւնները փափկանկատութեամբ պէտք է դադրեցնել երբ ժամանակը վերջանայ։ Ան որ նշանակուած է լմննալու նշանը տալու, պէտք է ասիկա արագօրէն ընէ։ Եթէ Թիւ 1 Նշանակութիւնը եւ Աստուածաշունչի աչքառու կէտերը ներկայացնող եղբայրները ժամանակէն աւելի առնեն, իրենց առանձին խրատ պէտք է տրուի։ Բոլորն ալ պէտք է ուշադրութեամբ ժամանակապահ ըլլան։ Ամբողջ յայտագիրը 45 վայրկեան է, երգեցողութենէն ու աղօթքէն զատ։
ԳՐԱՒՈՐ ՎԵՐԱՔԱՂ. Պարբերաբար գրաւոր վերաքաղ մը պիտի տրուի։ Պատրաստուելու համար, աչքէ անցուցէք նշանակուած նիւթերը եւ ամբողջացուցէք յայտագրուած Աստուածաշունչի ընթերցումը։ Կարելի է միայն Աստուածաշունչը գործածել այս 25 վայրկեան տեւող վերաքաղին ընթացքին։ Մնացեալ ժամանակը պիտի տրամադրուի հարցումներն ու պատասխանները նկատի առնելու։ Իւրաքանչիւր աշակերտ իր թուղթը պիտի սրբագրէ։ Դպրոցի տեսուչը ունկնդիրներուն հետ նկատի պիտի առնէ վերաքաղի հարցումներուն պատասխանները եւ պիտի կեդրոնանայ դժուարին հարցումներուն վրայ, օգնելով բոլորին որ յստակօրէն պատասխանները հասկնան։ Եթէ պատճառի մը համար տեղւոյն կարիքին համաձայն անհրաժեշտ ըլլայ, գրաւոր վերաքաղը կարելի է յաջորդ շաբթուան յետաձգել։
ՄԵԾ ԺՈՂՈՎՔՆԵՐ. 50 կամ աւելի աշակերտներ ունեցող ժողովքները կրնան կարգադրութիւններ ընել, որ աշակերտներու յաւելեալ խումբեր կարենան յայտագրուած դասախօսութիւնները տալ տարբեր խրատատուներու առջեւ։ Անշուշտ, չմկրտուած անհատներ որոնք Քրիստոնէական սկզբունքներուն համաձայն կ’ապրին, կրնան դպրոցին մէջ արձանագրուիլ եւ նշանակումներ ստանալ։
ԲԱՑԱԿԱՆԵՐ. Ժողովքին բոլոր անդամները կրնան այս դպրոցին հանդէպ գնահատութիւն ցուցաբերել, ջանք թափելով որ ամէն շաբաթ ներկայ ըլլան, իրենց նշանակումները լաւ պատրաստելով եւ հարց պատասխաններուն մասնակցելով։ Կը յուսանք որ բոլոր աշակերտները իրենց նշանակումները խղճմտօրէն նկատի պիտի առնեն։ Եթէ յայտագրին վրայ եղող աշակերտ մը բացակայ է, կամաւոր մը կրնայ այդ նշանակումը առնել եւ իր կարողութեան համաձայն ներկայացնել։ Կամ դպրոցի տեսուչը կրնայ նիւթը ծածկել ունկնդիրներուն յարմար մասնակցութեամբ։
ՅԱՅՏԱԳԻՐ
Բնաբաններ* – «Աստուածաշունչի Խօսակցութեան Բնաբաններ»ը ինչպէս որ կը գտնուի Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան մէջ
Յունուար 3 Աստ. ընթ. Նէեմիա 9–11
Երգեցողութիւն թիւ 10
Թիւ 1. Ճշմարիտ Քրիստոնէական Միութիւնը Ի՛նչպէս կ’Իրագործուի (Պաշտամունք էջ 5-7 պարբ. 1-7)
Թիւ 2. Նէեմիա 9։4, 26-33, 36-38
Թիւ 3. Աստուծոյ Քով Իրապէս Արժէք Ունեցող Բաները Ընենք (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 83)
Թիւ 4. Աստուծոյ Նպատակը Երկրի Համար (Խօսակցութեան Բնաբաններ 17Ա)
Յունուար 10 Աստ. ընթ. Նէեմիա 12 եւ 13
Երգեցողութիւն թիւ 129
Թիւ 1. Ճշմարիտ Պաշտամունքը կը Յաղթէ (Դիտ. 6/1/86 էջ 29-30)
Թիւ 2. Նէեմիա 13։15-18, 23-31
Թիւ 3. Աշակերտ Ըլլալու Պատասխանատուութիւնը (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 84)
Թիւ 4. Երկիրը Բնաւ Անբնակ Պիտի Չմնայ (Խօսակցութեան Բնաբաններ 17Գ)
Յունուար 17 Աստ. ընթ. Եսթերայ 1–5
Երգեցողութիւն թիւ 13
Թիւ 1. Իմաստուն Կին մը Իր Անձնուրացութիւնը կ’Ապացուցանէ (Դիտ. 3/15/79 էջ 12-17, կամ 11/79 էջ 19-25, Արբ.)
Թիւ 2. Եսթերայ 4։6-17
Թիւ 3. Ինքնարդարութենէն Զգուշանանք եւ Խոնարհութիւնը Գնահատենք (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 85)
Թիւ 4. Սուտ Մարգարէները Ի՛նչպէս Բնորոշել (Բնաբաններ* 13A. կամ 6Ա, Արբ.)
Յունուար 24 Աստ. ընթ. Եսթերայ 6–10
Երգեցողութիւն թիւ 14
Թիւ 1. Եհովան Իր Ժողովուրդը Չի Լքեր (Դիտ. 3/15/79 էջ 17-22, կամ 11/79 էջ 26-33, Արբ.)
Թիւ 2. Եսթերայ 6։1-13
Թիւ 3. Անառակ Որդին եւ Իր Սիրալիր Հայրը (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 86 պարբ. 1-9)
Թիւ 4. Հոգեւոր Բուժումը Ինչո՛ւ Կենսական Է (Խօսակցութեան Բնաբաններ 9Ա)
Յունուար 31 Աստ. ընթ. Յոբայ 1–3
Երգեցողութիւն թիւ 21
Թիւ 1. Ինչո՞ւ Յոբի Ուղղամտութիւնը Շատ Արտակարգ Էր (Դիտ. 11/1/86 էջ 12-17)
Թիւ 2. Յոբայ 2։1-13
Թիւ 3. Անառակ Որդւոյն Վերադառնալը Ուրիշ Անհատներու կ’Ազդէ (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 86 պարբ. 10-20)
Թիւ 4. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Տեւական Ֆիզիքական Բուժում Պիտի Բերէ (Խօսակցութեան Բնաբաններ 9Բ)
Փետր. 7 Աստ. ընթ. Յոբայ 4–6
Երգեցողութիւն թիւ 27
Թիւ 1. Քրիստոնէական Միութեան Նպաստող Ազդակներ (Պաշտամունք էջ 8 պարբ. 8-8[3])
Թիւ 2. Յոբայ 6։1-11, 29, 30
Թիւ 3. Գործնական Իմաստութեամբ Ապագային Համար Պատրաստութիւն Տեսնել (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 87)
Թիւ 4. Արդի Հաւատքով Բուժումը Աստուածային Հաճութեան Ապացոյցը Չունի (Խօսակցութեան Բնաբաններ 9Գ)
Փետր. 14 Աստ. ընթ. Յոբայ 7–9
Երգեցողութիւն թիւ 28
Թիւ 1. Ազդակներ Որոնք Քրիստոնէական Միութեան կը Նպաստեն (Պաշտամունք էջ 9 պարբ. 8[4]-9)
Թիւ 2. Յոբայ 9։1-15
Թիւ 3. Հարուստ Մարդը եւ Ղազարոսը (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 88 պարբ. 1-10)
Թիւ 4. Լեզուներ Խօսիլը Միայն Ժամանակաւոր Հայթայթում մըն Էր (Բնաբաններ* 14D. կամ 33Դ, Արբ.)
Փետր. 21 Աստ. ընթ. Յոբայ 10–12
Երգեցողութիւն թիւ 33
Թիւ 1. Ճշմարիտ Քրիստոնեաները Անմիաբանութեան Ազդեցութիւններէն կը Խուսափին (Պաշտամունք էջ 10-11 պարբ. 10-12)
Թիւ 2. Յոբայ 12։1-16
Թիւ 3. Հարուստ Մարդուն եւ Ղազարոսին Առակը Ի՛նչ կը Նշանակէ (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 88 պարբ. 11-21)
Թիւ 4. Միայն 144,000 Երկինք կ’Երթան (Խօսակցութեան Բնաբաններ 16Բ)
Փետր. 28 Աստ. ընթ. Յոբայ 13–15
Երգեցողութիւն թիւ 34
Թիւ 1. Եհովան Ճանչնանք ու Գնահատենք (Պաշտամունք էջ 12-13 պարբ. 1-4)
Թիւ 2. Յոբայ 13։1-13
Թիւ 3. Ողորմութեան Գործով Հրէաստան Երթալ (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 89)
Թիւ 4. Բառացի Կրակ Չկայ Դժոխքին մէջ (Խօսակցութեան Բնաբաններ 12Ա)
Մարտ 7 Աստ. ընթ. Յոբայ 16–18
Երգեցողութիւն թիւ 38
Թիւ 1. Եհովայի Սիրոյ Օրինակը Ընդօրինակենք (Պաշտամունք էջ 14-15 պարբ. 5-7)
Թիւ 2. Յոբայ 16։1-11, 22
Թիւ 3. Յիսուս Յարութեան Յոյսին Մասին կը Խօսի (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 90)
Թիւ 4. Կրակը Բնաջնջումի Խորհրդանիշ մըն Է (Խօսակցութեան Բնաբաններ 12Բ)
Մարտ 14 Աստ. ընթ. Յոբայ 19 եւ 20
Երգեցողութիւն թիւ 85
Թիւ 1. Ուրիշ Անհատներու Օգնենք որ Աստուծոյ Մասին Ճշմարտութիւնը Սորվին (Պաշտամունք էջ 15-17 պարբ. 8-11[2])
Թիւ 2. Յոբայ 19։14-29
Թիւ 3. Յիսուս Ղազարոսը կը Յարուցանէ (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 91)
Թիւ 4. Հարուստ Մարդուն եւ Ղազարոսին Պատմութիւնը Յաւիտենական Չարչարանքի Փաստ մը Չէ (Խօսակցութեան Բնաբաններ 12Գ)
Մարտ 21 Աստ. ընթ. Յոբայ 21 եւ 22
Երգեցողութիւն թիւ 95
Թիւ 1. Միայն Մէկ Եհովա Կայ (Պաշտամունք էջ 17-18 պարբ. 11[3]-12)
Թիւ 2. Յոբայ 21։19-34
Թիւ 3. Աստուծոյ Բարութեան Համար Երախտապարտութիւն Ցուցաբերենք (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 92)
Թիւ 4. Նախկին Քրիստոնեաները Չպահեցին Տարեդարձներ կամ Քրիստոսի Ծնունդը (Խօսակցութեան Բնաբաններ 45Բ)
Մարտ 28 Աստ. ընթ. Յոբայ 23–26
Երգեցողութիւն թիւ 138
Թիւ 1. Ի՛նչ կը Նշանակէ Աստուծոյ Անունով Քալելը (Պաշտամունք էջ 18-19 պարբ. 13-15)
Թիւ 2. Յոբայ 24։1, 2, 14-25
Թիւ 3. Երբ Որդին Մարդոյ կը Յայտնուի (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 93)
Թիւ 4. Պաշտամունքի մէջ Արձաններու Գործածութիւնը Աստուծոյ Անարգանք մըն Է (Խօսակցութեան Բնաբաններ 2Ա)
Ապրիլ 4 Աստ. ընթ. Յոբայ 27–29
Երգեցողութիւն թիւ 57
Թիւ 1. Ուրիշ Անհատներու Օգնենք որ Ընդունին Աստուածաշունչը Որպէս Աստուծոյ Խօսքը (Պաշտամունք էջ 20-2 պարբ. 1-6)
Թիւ 2. Յոբայ 29։2-18
Թիւ 3. Աղօթքին եւ Խոնարհութեան Կարիքը (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 94)
Թիւ 4. Արձաններու Պաշտամունքը Նպաստեց Իսրայէլի Անկումին (Բնաբաններ* 18B. կամ 14Բ, Արբ.)
Ապրիլ 11 Աստ. ընթ. Յոբայ 30 եւ 31
Երգեցողութիւն թիւ 46
Թիւ 1. Աստուածաշունչը Ամէն Օր Կարդանք (Պաշտամունք էջ 23-5 պարբ. 7-11)
Թիւ 2. Յոբայ 31։23-37
Թիւ 3. Դասեր՝ Ամուսնալուծման եւ Մանուկները Սիրելուն Մասին (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 95)
Թիւ 4. «Յարաբերական» Պաշտամունքը Արտօնուած Չէ Աստուծոյ Կողմէ (Խօսակցութեան Բնաբաններ 2Բ)
Ապրիլ 18 Աստ. ընթ. Յոբայ 32 եւ 33
Երգեցողութիւն թիւ 59
Թիւ 1. Ուսումնասիրենք Որպէսզի Եհովայի Մասին Սորվինք (Պաշտամունք էջ 25-6 պարբ. 12-12[1])
Թիւ 2. Յոբայ 33։1-6, 23-33
Թիւ 3. Յիսուս եւ Հարուստ Երիտասարդը (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 96)
Թիւ 4. Ճշմարիտ Միութիւնը Միջդաւանութեամբ Չիրագործուիր (Բնաբաններ* 19A. կամ 9Ա, Արբ.)
Ապրիլ 25 Գրաւոր Վերաքաղ։ Ամբողջացուցէք Նէեմիա 9–էն Յոբայ 33
Երգեցողութիւն թիւ 55
Մայիս 2 Աստ. ընթ. Յոբայ 34–36
Երգեցողութիւն թիւ 47
Թիւ 1. Նկատի առնենք Աստուածաշունչին Բնաբանը եւ Համարներուն Ընդհանուր Պարունակութիւնը (Պաշտամունք էջ 26 պարբ. 12[2] եւ 12[3])
Թիւ 2. Յոբայ 34։1-15
Թիւ 3. Յիսուսի Տուած Այգիին Առակը (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 97)
Թիւ 4. «Բոլոր Կրօնքներն ալ Լաւ Են» Շիտակ Չէ (Բնաբաններ* 19B. կամ 9Բ, Արբ.)
Մայիս 9 Աստ. ընթ. Յոբայ 37 եւ 38
Երգեցողութիւն թիւ 162
Թիւ 1. Անհատապէս Կիրարկեցէք եւ Ձեր Սորվածը Ուրիշներու Հետ Բաժնեցէք (Պաշտամունք էջ 26-8 պարբ. 12[4]-13)
Թիւ 2. Յոբայ 37։5-14, 23, 24
Թիւ 3. Յիսուս Իր Աշակերտները կը Պատրաստէ Գալիք Դէպքերուն Համար (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 98)
Թիւ 4. Քրիստոնեաները Պէտք Է Աստուծոյ Անձնական Անունը Գործածեն (Խօսակցութեան Բնաբաններ 14Ա)
Մայիս 16 Աստ. ընթ. Յոբայ 39 եւ 40
Երգեցողութիւն թիւ 63
Թիւ 1. Ինչ որ Մարգարէները կ’Ըսեն Յիսուսի Մասին (Պաշտամունք էջ 29-31 պարբ. 1-6)
Թիւ 2. Յոբայ 40։1-14
Թիւ 3. Յիսուս կը Փրկէ Աբրահամի Կորսուած Որդի մը (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 99)
Թիւ 4. Ճշմարտութիւններ Աստուծոյ Գոյութեան Մասին (Խօսակցութեան Բնաբաններ 14Գ)
Մայիս 23 Աստ. ընթ. Յոբայ 41 եւ 42
Երգեցողութիւն թիւ 77
Թիւ 1. Ո՞վ Կրնայ Ընդօրինակել Յոբի Ուղղամտութիւնը (Դիտ. 11/1/86 էջ 17-22)
Թիւ 2. Յոբայ 42։1-10, 12-17
Թիւ 3. Մնասներուն Առակը (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 100)
Թիւ 4. Աստուծոյ Յատկութիւնները Բնորոշել (Խօսակցութեան Բնաբաններ 14Դ)
Մայիս 30 Աստ. ընթ. Սաղմոս 1–6
Երգեցողութիւն թիւ 81
Թիւ 1. Սաղմոսերգուն Եհովայի Փառաբանութիւնը կ’Երգէ (Դիտ. 12/1/86 էջ 30-1)
Թիւ 2. Սաղմոս 2։1-12
Թիւ 3. Յիսուս կը Պաշտպանէ Մարիամը Իր Լաւ Գործին Համար (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 101)
Թիւ 4. Բոլորը Նոյն Աստուծոյ Չեն Ծառայեր (Խօսակցութեան Բնաբաններ 14Զ)
Յունիս 6 Աստ. ընթ. Սաղմոս 7–10
Երգեցողութիւն թիւ 138
Թիւ 1. Եհովայի Սպասել (Դիտ. 2/1/87 էջ 29-30)
Թիւ 2. Սաղմոս 8։1–9։5
Թիւ 3. Քրիստոսի Յաղթական Մուտքը Երուսաղէմ (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 102)
Թիւ 4. Եհովայի Վկաներու Ծագումը (Խօսակցութեան Բնաբաններ 15Ա)
Յունիս 13 Աստ. ընթ. Սաղմոս 11–17
Երգեցողութիւն թիւ 112
Թիւ 1. Մարգարէական Օրինակներուն Ուշադրութիւն Ընծայենք (Պաշտամունք էջ 32-3 պարբ. 7-8[2])
Թիւ 2. Սաղմոս 14։1–15։5
Թիւ 3. Յիսուս կը Դատապարտէ Աստուծոյ Տաճարը Պղծողները (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 103)
Թիւ 4. Յիսուս Աստուծոյ Որդին Է եւ Որոշուած Թագաւորը (Խօսակցութեան Բնաբաններ 33Բ)
Յունիս 20 Աստ. ընթ. Սաղմոս 18–20
Երգեցողութիւն թիւ 113
Թիւ 1. Մեր Քահանայապետը Նախապատկերացուած Է (Պաշտամունք էջ 33 պարբ. 8[3] եւ 8[4])
Թիւ 2. Սաղմոս 19։1-14
Թիւ 3. Աստուծոյ Ձայնը Երրորդ Անգամ կը Լսուի (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 104)
Թիւ 4. Յիսուս Քրիստոսի Վրայ Հաւատք Ունենալը Կենսական Է Փրկութեան Համար (Խօսակցութեան Բնաբաններ 33Դ)
Յունիս 27 Աստ. ընթ. Սաղմոս 21–24
Երգեցողութիւն թիւ 114
Թիւ 1. Զղջումը եւ Հաւատքը Ինչո՛ւ Կենսական Են (Պաշտամունք էջ 33-7 պարբ. 9-14)
Թիւ 2. Սաղմոս 23։1–24։10
Թիւ 3. Անիծուած Թզենին Ի՛նչ կը Ներկայացնէ (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 105)
Թիւ 4. Յիսուսի Վրայ Հաւատք Ունենալէն Աւելին Պահանջուած Է (Խօսակցութեան Բնաբաններ 33Ե)
Յուլիս 4 Աստ. ընթ. Սաղմոս 25–29
Երգեցողութիւն թիւ 160
Թիւ 1. Աստուծոյ Հնազանդիլը Իսկական Ազատութիւն կը Բերէ (Պաշտամունք էջ 38-40 պարբ. 1-5)
Թիւ 2. Սաղմոս 26։1-12
Թիւ 3. Կրօնական Առաջնորդները Ի՛նչպէս կը Քօղազերծուին (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 106)
Թիւ 4. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Ի՛նչ Պիտի Ընէ Մարդկութեան Համար (Խօսակցութեան Բնաբաններ 19Բ)
Յուլիս 11 Աստ. ընթ. 30–33
Երգեցողութիւն թիւ 123
Թիւ 1. Իսկական Ազատութիւնը Այսօր Ո՛ւր Կարելի Է Գտնել (Պաշտամունք էջ 40-2 պարբ. 6-9)
Թիւ 2. Սաղմոս 32։1-11
Թիւ 3. Հարսանեկան Կոչունքին Առակը Ի՛նչ կը Ներկայացնէ (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 107)
Թիւ 4. Թագաւորութեան Իշխանութիւնը կը Սկսի Երբ Քրիստոսի Թշնամիները Տակաւին Գործունեայ Են (Խօսակցութեան Բնաբաններ 19Գ)
Յուլիս 18 Աստ. ընթ. Սաղմոս 34–36
Երգեցողութիւն թիւ 127
Թիւ 1. Աշխարհային Ազատութիւնը Իրապէս Գերութիւն Է (Պաշտամունք էջ 42-3 պարբ. 10-12)
Թիւ 2. Սաղմոս 36։1-12
Թիւ 3. Անոնք կը Ձախողին Յիսուսը Որոգայթի մէջ Ձգել (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 108)
Թիւ 4. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Մարդոց Ջանքերով Չի Գար (Խօսակցութեան Բնաբաններ 19Դ)
Յուլիս 25 Աստ. ընթ. Սաղմոս 37–39
Երգեցողութիւն թիւ 143
Թիւ 1. Չար Ընկերակցութիւնները Ի՛նչպէս Բնորոշել (Պաշտամունք էջ 44-5 պարբ. 13 եւ 14)
Թիւ 2. Սաղմոս 37։23-38
Թիւ 3. Յիսուս կը Դատապարտէ Իր Հակառակորդները (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 109)
Թիւ 4. «Աշխարհի Վերջը» Ի՛նչ կը Նշանակէ (Խօսակցութեան Բնաբաններ 44Ա)
Օգոստոս 1 Աստ. ընթ. Սաղմոս 40–44
Երգեցողութիւն թիւ 150
Թիւ 1. Մեծ Հարցը որ Ամէն Ոք Պէտք Է Դիմագրաւէ (Պաշտամունք էջ 46-7 պարբ. 1-3)
Թիւ 2. Սաղմոս 41։1-13
Թիւ 3. Յիսուսի Ծառայութիւնը Տաճարին մէջ կ’Ամբողջանայ (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 110)
Թիւ 4. Արթուն Մնանք Վերջին Օրերու Ապացոյցին Նկատմամբ (Խօսակցութեան Բնաբաններ 44Բ)
Օգոստոս 8 Աստ. ընթ. Սաղմոս 45–49
Երգեցողութիւն թիւ 152
Թիւ 1. Հաւատարիմ Անհատներուն Հաւատքը Ընդօրինակենք (Պաշտամունք էջ 47-52 պարբ. 4-11)
Թիւ 2. Սաղմոս 45։1-7, 10-17
Թիւ 3. Յիսուս Վերջին Օրերու Նշանը կու Տայ (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 111 պարբ. 1-11)
Թիւ 4. Աստուած կը Խոստանայ Յաւիտենական Կեանք Հնազանդ Մարդկութեան Համար (Խօսակցութեան Բնաբաններ 23Բ)
Օգոստոս 15 Աստ. ընթ. Սաղմոս 50–52
Երգեցողութիւն թիւ 204
Թիւ 1. Ճշմարտութիւնը Եհովան կը Պատուէ (Պաշտամունք էջ 52-4 պարբ. 12-15)
Թիւ 2. Սաղմոս 51։1-17
Թիւ 3. Յիսուս Վերջին Օրերուն Մասին Աւելի Տեղեկութիւններ կու Տայ (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 111 պարբ. 12-19)
Թիւ 4. Միայն Անոնք Որոնք Քրիստոսի Մարմինը կը Կազմեն Երկինք կ’Երթան (Խօսակցութեան Բնաբաններ 23Դ)
Օգոստոս 22 Աստ. ընթ. Սաղմոս 53–57
Երգեցողութիւն թիւ 212
Թիւ 1. Ի՛նչ կը Սորվինք Չարութեան Աստուածային Թոյլատուութենէն (Պաշտամունք էջ 55-7 պարբ. 1-7)
Թիւ 2. Սաղմոս 55։1, 2, 12-23
Թիւ 3. Իմաստուն եւ Յիմար Կոյսերը (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 111 պարբ. 20-8)
Թիւ 4. «Ուրիշ Ոչխարներ»ու Անսահման Թիւի մը Յաւիտենական Կեանք Խոստացուած Է (Խօսակցութեան Բնաբաններ 23Ե)
Օգոստոս 29 Գրաւոր Վերաքաղ։ Ամբողջացուցէք Յոբայ 34–էն Սաղմոս 57
Երգեցողութիւն թիւ 34
Սեպտ. 5 Աստ. ընթ. Սաղմոս 58–62
Երգեցողութիւն թիւ 222
Թիւ 1. Աստուած Երբեք Անարդարութեամբ Չի Վարուիր (Պաշտամունք էջ 58-61 պարբ. 8-16)
Թիւ 2. Սաղմոս 62։1-12
Թիւ 3. Տաղանդներուն Առակը (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 111 պարբ. 29-37)
Թիւ 4. Ամուսնական Միութիւնը Պէտք Է Պատուական Ըլլայ (Խօսակցութեան Բնաբաններ 3Բ)
Սեպտ. 12 Աստ. ընթ. Սաղմոս 63–67
Երգեցողութիւն թիւ 10
Թիւ 1. Եհովային Ապաւինինք—Հոգեղէն Չար Ուժերուն Դէմ Դնենք (Պաշտամունք էջ 62-4 պարբ. 1-5)
Թիւ 2. Սաղմոս 65։1-13
Թիւ 3. Երբ Քրիստոս Իր Թագաւորական Իշխանութեամբ Հասնի (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 111 պարբ. 38-46)
Թիւ 4. Գլխաւորութեան Սկզբունքը Պէտք Է Յարգուի Քրիստոնեաներուն Կողմէ (Խօսակցութեան Բնաբաններ 3Գ)
Սեպտ. 19 Աստ. ընթ. Սաղմոս 68 եւ 69
Երգեցողութիւն թիւ 13
Թիւ 1. Սատանային Խորամանկ Հնարքներուն Նկատմամբ Արթուն Ըլլանք (Պաշտամունք էջ 64-7 պարբ. 6-12)
Թիւ 2. Սաղմոս 68։1-11, 32-35
Թիւ 3. Յիսուսի Վերջին Պասեքը կը Մօտենայ (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 112)
Թիւ 4. Քրիստոնեայ Ծնողներուն Պատասխանատուութիւնը Զաւակներուն Հանդէպ (Խօսակցութեան Բնաբաններ 3Դ)
Սեպտ. 26 Աստ. ընթ. Սաղմոս 70–73
Երգեցողութիւն թիւ 14
Թիւ 1. Աստուծոյ Լման Սպառազինութիւնը Հագնինք (Պաշտամունք էջ 67-9 պարբ. 13-15)
Թիւ 2. Սաղմոս 72։1-20
Թիւ 3. Յիսուս Խոնարհութեան Նկատմամբ Դաս մը կու Տայ (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 113)
Թիւ 4. Քրիստոնեաները Պէտք Է Միայն Քրիստոնեաներու Հետ Ամուսնանան (Խօսակցութեան Բնաբաններ 3Ե)
Հոկտ. 3 Աստ. ընթ. Սաղմոս 74–77
Երգեցողութիւն թիւ 113
Թիւ 1. Գիտութիւնը, Հաւատքն ու Յարութիւնը (Պաշտամունք էջ 70-3 պարբ. 1-7)
Թիւ 2. Սաղմոս 76։1-12
Թիւ 3. Յիսուս Յիշատակատօնը կը Հաստատէ (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 114)
Թիւ 4. Ճշմարիտ Քրիստոնեաները Բազմակին Չեն (Բնաբաններ* 26E. կամ 28Զ, Արբ.)
Հոկտ. 10 Աստ. ընթ. Սաղմոս 78 եւ 79
Երգեցողութիւն թիւ 21
Թիւ 1. Յիսուս Մահուան ու Հատէսին Բանալիները Ունի (Պաշտամունք էջ 73-7 պարբ. 8-15)
Թիւ 2. Սաղմոս 79։1-13
Թիւ 3. Յիսուս Իր Աշակերտներուն Համբերութեամբ կը Սորվեցնէ Սէրն ու Խոնարհութիւնը (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 115)
Թիւ 4. Մարիամ Յիսուսի Մայրն Էր, Ոչ թէ «Աստուծոյ Մայրը» (Խօսակցութեան Բնաբաններ 28Ա)
Հոկտ. 17 Աստ. ընթ. Սաղմոս 80–85
Երգեցողութիւն թիւ 28
Թիւ 1. Աստուծոյ Տոկուն Թագաւորութիւնը Գնահատենք (Պաշտամունք էջ 78-81 պարբ. 1-9)
Թիւ 2. Սաղմոս 83։1-18
Թիւ 3. Յիսուս Առաքեալները կը Պատրաստէ Իր Մեկնումին Համար (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 116 պարբ. 1-14)
Թիւ 4. Աստուածաշունչը Ցոյց կու Տայ թէ Մարիամ «Միշտ Կոյս» Չմնաց (Խօսակցութեան Բնաբաններ 28Գ)
Հոկտ. 24 Աստ. ընթ. Սաղմոս 86–89
Երգեցողութիւն թիւ 57
Թիւ 1. Թագաւորութիւնը Պիտի Իրագործէ Աստուծոյ Սկզբնական Նպատակը (Պաշտամունք էջ 81-2 պարբ. 10-12)
Թիւ 2. Սաղմոս 86։1-17
Թիւ 3. Անոնք Որոնք Յիսուսի Իրական Բարեկամներն Են (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 116 պարբ. 15-25)
Թիւ 4. Սուրբ Գրութիւնները Ի՛նչ կ’Ըսեն Յիշատակատօնին Մասին (Խօսակցութեան Բնաբաններ 34Ա)
Հոկտ. 31 Աստ. ընթ. Սաղմոս 90–94
Երգեցողութիւն թիւ 33
Թիւ 1. Թագաւորութիւնը Ինչ որ Արդէն Իրագործած Է (Պաշտամունք էջ 83-6 պարբ. 13-15)
Թիւ 2. Սաղմոս 90։1-17
Թիւ 3. Յիսուս Իր Աշակերտները կը Զօրացնէ ու կը Քաջալերէ (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 116 պարբ. 26-37)
Թիւ 4. Պատարագը Սուրբ Գրային Չէ (Խօսակցութեան Բնաբաններ 34Բ)
Նոյեմ. 7 Աստ. ընթ. Սաղմոս 95–101
Երգեցողութիւն թիւ 172
Թիւ 1. Ի՛նչպէս Նախ Թագաւորութիւնը կը Փնտռենք (Պաշտամունք էջ 87-9 պարբ. 1-6)
Թիւ 2. Սաղմոս 100։1–101։8
Թիւ 3. Յիսուսի Փակման Աղօթքը Վերնատան մէջ (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 116 պարբ. 38-51)
Թիւ 4. Բոլոր Քրիստոնեաներն ալ Պէտք Է Ծառաներ Ըլլան (Բնաբաններ* 29A. կամ 34Ա, Արբ.)
Նոյեմ. 14 Աստ. ընթ. Սաղմոս 102–104
Երգեցողութիւն թիւ 32
Թիւ 1. Նախկին Աշակերտներուն Օրինակին Հետեւինք (Պաշտամունք էջ 90-1 պարբ. 7-9)
Թիւ 2. Սաղմոս 103։1-14, 21, 22
Թիւ 3. Տագնապ Պարտէզին մէջ (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 117)
Թիւ 4. Որակումներ Ծառայութեան Համար (Բնաբաններ* 29B. կամ 34Զ, Արբ.)
Նոյեմ. 21 Աստ. ընթ. Սաղմոս 105 եւ 106
Երգեցողութիւն թիւ 38
Թիւ 1. Անհատապէս Թագաւորութիւնը Առաջին Տեղը Դնենք (Պաշտամունք էջ 91-4 պարբ. 10-15)
Թիւ 2. Սաղմոս 106։1-12, 47, 48
Թիւ 3. Յիսուս կը Մատնուի ու կը Ձերբակալուի (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 118)
Թիւ 4. Ճշմարիտ Քրիստոնեաները Ինչո՛ւ Ատուած Են (Խօսակցութեան Բնաբաններ 25Ա)
Նոյեմ. 28 Աստ. ընթ. Սաղմոս 107–109
Երգեցողութիւն թիւ 46
Թիւ 1. Սուրբ Գրութիւնները Ի՛նչ կ’Ըսեն Յովհաննէսի Կատարած Մկրտութեան Մասին (Պաշտամունք էջ 95-6 պարբ. 1-5)
Թիւ 2. Սաղմոս 108։1-13
Թիւ 3. Յիսուսի Հետ Գռեհկօրէն կը Վարուին ու Զինք Ապօրինաբար կը Դատեն (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 119)
Թիւ 4. Կինը Թոյլ Պէտք Չէ Տայ որ Իր Ամուսինը Զինք Աստուծմէ Զատէ (Խօսակցութեան Բնաբաններ 25Գ)
Դեկտ. 5 Աստ. ընթ. Սաղմոս 110–115
Երգեցողութիւն թիւ 47
Թիւ 1. Մահուան Մկրտութիւնը (Պաշտամունք էջ 97-8 պարբ. 6-8)
Թիւ 2. Սաղմոս 110։1-7. 114։1-8
Թիւ 3. Մարդու Վախը կը Մղէ Պետրոսը որպէսզի Քրիստոսը Ուրանայ (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 120)
Թիւ 4. Ամուսինը Պէտք Չէ Թոյլ Տայ որ Իր Կինը Զինք Աստուծոյ Ծառայութենէն Արգիլէ (Խօսակցութեան Բնաբաններ 25Դ)
Դեկտ. 12 Աստ. ընթ. Սաղմոս 116–119։32
Երգեցողութիւն թիւ 195
Թիւ 1. ‘Հօրը, Որդւոյն եւ Սուրբ Հոգիին Անունով’ Մկրտուիլ (Պաշտամունք էջ 98 պարբ. 9)
Թիւ 2. Սաղմոս 116։1-19
Թիւ 3. Յիսուս Ճշմարտութիւնը Քաջաբար կը Խօսի Սենետրիոնին ու Պիղատոսին Առջեւ (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 121)
Թիւ 4. Աստուծոյ Լսած Աղօթքները (Խօսակցութեան Բնաբաններ 1Ա)
Դեկտ. 19 Աստ. ընթ. Սաղմոս 119։33-112
Երգեցողութիւն թիւ 59
Թիւ 1. Մկրտութիւնը եւ Քրիստոնէական Պատասխանատուութիւնները (Պաշտամունք էջ 99-102 պարբ. 10-14)
Թիւ 2. Սաղմոս 119։97-112
Թիւ 3. Թէ՛ Պիղատոս եւ թէ Հերովդէս Յիսուսին մէջ Սխալ մը Չեն Գտներ (Մեծագոյն Մարդը գլուխ 122)
Թիւ 4. Ինչո՛ւ Կարգ մը Աղօթքներ Վաւերական Չեն (Խօսակցութեան Բնաբաններ 1Գ)
Դեկտ. 26 Գրաւոր Վերաքաղ։ Ամբողջացուցէք Սաղմոս 58–119։112
Երգեցողութիւն թիւ 63