Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 10/93 էջ 7
  • ՀԱՐՑՈՒՄԻ ՏՈՒՓ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ՀԱՐՑՈՒՄԻ ՏՈՒՓ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
թծ 10/93 էջ 7

ՀԱՐՑՈՒՄԻ ՏՈՒՓ

◼ Պատշա՞ճ է վերարտադրել Ընկերութեան գրականութիւնները ուրիշներու բաշխելու համար։

Տարիներու ընթացքին, Ընկերութիւնը արտադրած է մեծ թիւով գրականութիւններ որոնք կապ ունին Աստուածաշունչի գիտութեան ամէն երեսակներուն հետ։ Անհատներ որոնք ճշմարտութիւնը սորված են վերջին տարիներուն, կրնան զգալ թէ կորսնցուցած են այն նիւթերուն օգուտները որոնք անցեալին հրատարակուած են եւ այլեւս մատչելի չեն Ընկերութեան միջոցաւ։ Ոմանք մեծ աշխատանք տարած են որպէսզի ձեռք ձգեն հին գրականութիւններէն օրինակներ, իսկ ուրիշներ իրենց վրայ առած են Ընկերութեան գրականութիւնները վերարտադրել ու զանոնք այլազան կերպերով մատչելի դարձնել։ Ասիկա պարփակած է գրականութիւններուն վերատպութիւնը ինչպէս նաեւ համակարգիչով վերարտադրութիւնը։ Կարգ մը պարագաներուն, ասիկա կատարուած է նիւթական շահի համար։

Հաւատարիմ «ծառան» գիտակից է մեր հոգեւոր կարիքներուն եւ «ատենին» հայթայթումներ կ’ընէ։ (Մատթ. 24։45) Երբ պէտք եղաւ որ ետ տպուին անցեալին հրատարակուած նիւթերը, Ընկերութիւնը ատոր առնչութեամբ կարգադրութիւններ ըրաւ։ Զոր օրինակ, 1960–էն 1985 Դիտարանի հատորները Անգլերէնով վերատպուեցան եւ բոլորին համար մատչելի եղան։ Սակայն, երբ անհատներ նախաքայլը կ’առնեն այսպիսի գրականութիւններ իրենք վերարտադրեն, անտեղի խնդիրներ կրնան ծագիլ։

Լուրջ դժուարութիւններ մէջտեղ կու գան երբ այս գրականութիւնները կը վերարտադրուին ու կը բաշխուին նիւթական շահի համար։ Օգոստոս 1977 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկին Հարցումի Տուփը նշեց. «Լաւ պիտի ըլլայ որ չշահագործենք աստուածպետական ընկերակցութիւնները ըլլա՛յ սկսելով կամ ծանուցանելով որեւէ ապրանքի վաճառումը կամ ծառայութիւններ առեւտրական շահերու համար Թագաւորութեան Սրահին մէջ, ժողովքի գրքի ուսումնասիրութեան վայրը եւ Եհովայի ժողովուրդին համաժողովներուն մէջ։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ հոգեւոր շահերուն տանք անոնց արժանի եղած լման ուշադրութիւնը եւ առեւտրական գործունէութիւնները պահենք իրենց պատշաճ տեղը»։ Հետեւաբար, կարեւոր է որ շահ փնտռողներ ըլլալէ խուսափինք, չառեւտրականացնելով Աստուծոյ Խօսքը կամ անոր հետ կապ ունեցող գրականութիւնները։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել