ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Հոկտեմբերին. Մարդկութիւնը Որ Աստուած կը Փնտռէ կամ Զարթի՛րի եւ Դիտարանի օրինակներ։ Բաժանորդագրութիւններ կարելի է առաջարկել վերայցելութիւններու ընթացքին։ Նոյեմբերին. Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ թէ Մարդոց Խօսքն Է։ Դեկտեմբերին. Մեծագոյն Մարդը Որ Ապրած Է։ Յունուարին. Որեւէ 192–էջնոց գիրք որու էջերը կը դեղիննան կամ կը գունատուին կամ 1980–էն առաջ հրատարակուած է։ Այն ժողովքները որոնք այսպիսի գիրքեր չունին, կրնան ներկայացնել Մարդկութիւնը Որ Աստուած կը Փնտռէ գիրքը։ ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. Այն ժողովքները որոնք վերոյիշեալ ներկայացուելիք գրականութիւններուն կարիքը ունին, պէտք է զանոնք խնդրեն իրենց յաջորդ ամսական Գրականութիւններու Խնդրանքի «Ֆօրմ»ին (S–14) միջոցաւ։ Ներկայացնելը պէտք է ըլլայ վերայցելութիւններուն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին։
◼ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկին այս թիւին մէջ եղած յաւելուածը «1994–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Յայտագիր»ն է եւ պէտք է պահուի գործածուելու համար 1994–ին ընթացքին։
◼ Ժողովքները պէտք է սկսին խնդրել Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր—1994 գրքոյկը իրենց Հոկտեմբեր ամսուան գրականութիւններու խնդրանքին հետ։