Վերադառնանք գնահատանք կերտելու համար
1 Նշանակալից վերայցելութիւններ յառաջդիմական կերպով կը գրգռեն ու կ’առաջացնեն տանուտիրոջ մը աճումը դէպի հաւատացեալ մը ըլլալու։ Ի՞նչ են կարգ մը գործնական թելադրութիւնները զորս մեր միտքը պահենք երբ կը վերայցելենք հետաքրքրութիւն յայտնաբերող անհատները։
2 Նախ եւ առաջ, լաւ պատրաստուեցէք։ Ասիկա կը սկսի առաջին հանդիպումին։ Ինչպէ՞ս։ Ճշգրիտ արձանագրութիւններ պահելով ցուցաբերուած հետաքրքրութեան մասին։ Նոթագրեցէք տանուտիրոջ անունը, նկատի առնուած նիւթը, ընդառաջումը եւ ի՛նչ գրականութիւն տեղաւորուեցաւ։ Ետքը ձեր տունէ-տուն արձանագրութիւնը վերաքաղ ըրէք վերադառնալէ առաջ եւ աղօթքի կեցուածքով մտածեցէք թէ ինչ պիտի ըսէք։
3 Հիմա պատրաստ էք։ Ի՞նչ կրնաք ըսել։ Առաջին հանդիպումին վերջաւորութեան եթէ տանուտիրոջ հարցում մը ուղղած էիք, այն ատեն կրնաք այդ նիւթին մասին խօսիլ երբ կը վերադառնաք։ Զոր օրինակ, եթէ առաջին հանդիպումը կեդրոնացած էր Աստուծոյ Թագաւորութեան օրհնութիւններուն վրայ, կրնաք սա հարցումը յարուցանել. «Աստուած ինչո՞ւ չարութիւնը կը թոյլատրէ»։
Երբ կը վերադառնաք, դուք ձեզ ծանօթացնելէ ետք, կրնաք ըսել.
◼ «Երբ վերջին անգամ խօսակցեցանք, նկատի առինք թէ ինչո՛ւ սիրոյ Աստուած մը կը թոյլատրէ այսքան չարութիւն այսօր։ Արդեօք ատոր մասին աւելի մտածեցի՞ք։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Կը խորհի՞ք որ Աստուած իրապէս կը հոգայ մարդկութեան։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Նկատի առէք ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ Յովհաննու 3։16–ին մէջ»։ Համարը կարդալէ ետք, կրնաք ուշադրութեան յանձնել Ճշմարտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքին 8–րդ գլուխէն մասնայատուկ մասեր, որոնք ցոյց կու տան թէ ի՛նչ պատճառներով Աստուած կը թոյլատրէ չարութիւնը այսօր։
4 Միտք գրգռող ուրիշ հարցում մը զոր կրնաք յարուցանել ձեր առաջին հանդիպումին վերջաւորութեան. «Եթէ Աստուած մտադրած էր որ մարդ յաւիտեան ապրէր, ինչո՞ւ մարդիկ կը ծերանան ու կը մեռնին»։ Երբ կը վերադառնաք, կրնաք անոնց ցոյց տալ Աստուածաշունչի պատասխանը այդ հարցումին ինչպէս որ արձանագրուած է Հռովմայեցիս 5։12–ին մէջ։ Համարը կարդալէ ետք, ակնարկեցէք Կեանքը Միայն Ասիկա՞ Է գրքին 35–րդ էջին վրայ եղած առաջին պարբերութեան, որ կը բացատրէ հիմնական պատճառը թէ ինչո՛ւ մարդը կը ծերանայ ու կը մեռնի։
5 Եթէ ձեր առաջին հանդիպումին նկատի առիք կերպեր ճշմարիտ կրօնքը բնորոշելու եւ տեղաւորեցիք Մարդկութիւնը Որ Աստուած կը Փնտռէ գիրքը, հետեւեալը կրնայ լաւ հարցում մը ըլլալ որու վրայ կրնաք ձեր վերայցելութիւնը հիմնել. «Ինչպէ՞ս այսքան շատ կրօնքներ մէջտեղ եկան»։ Երբ կը վերադառնաք, կրնաք խօսակցիլ այդ գրքին 2–րդ գլուխին մէջ եղած մասնայատուկ կէտերու մասին։
6 Ազդարարական խօսք մը ունինք։ Ուշադիր եղէք ձեր ուղղած հարցումներուն երբ կը վերադառնաք։ Հետեւեալ հարցումները կրնան տանուտէրը դժուար կացութեան մատնել. «Ձեզի ներկայացուցած գրականութիւնը կարդացի՞ք», «Զիս կը յիշէ՞ք» կամ «Կը յիշէ՞ք ինչի մասին խօսակցեցանք վերջին անգամ երբ հոս էի»։ Այսպիսի հարցումներ սովորաբար լաւ արդիւնքներ չեն պատճառեր։ Միւս կողմէն, բարեկամական, դիւրաթեք եւ կարճախօս եղէք։ Այս յատկութիւնները պատգամին պիտի նպաստեն։
7 Այս եւ ուրիշ մօտեցումներ կարելի է գործածել գնհատանք մշակելու համար հետաքրքրուող անհատներու սրտերուն մէջ։ Ինչո՞ւ անձնական նպատակակէտ չդնէք որ իւրաքանչիւր շաբաթ առնուազն մէկ վերայցելութիւն մը ընէք։ Վերոյիշեալ գործնական թելադրութիւնները գործադրեցէք եւ փորձառու հրատարակիչներու օգնութիւնը փնտռեցէք։ Ձեր ուրախութիւնը պիտի աւելնայ մինչ կը կերտէք սկզբնական հետաքրքրութիւնը ազդեցիկ վերայցելութիւններ ընելով։