ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ ՆՈՅԵՄԲԵՐ ԱՄՍՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ
Նոյեմբեր 1–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 28
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկէն ընտրուած ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ։ Հրատարակիչները գովեցէք իրենց բերած բաժինին համար Թագաւորութիւնը քարոզելու գործին մէջ։
10 վյրկ. «Երազներ», Պատճառաբանել գրքէն, էջ 104-6 [29-31, Արաբ.]։ Նկատի պիտի առնուի որպէս խօսակցութիւն Աստուածաշունչի աշակերտի մը հետ։ Աշակերտը կը հարցնէ թէ իմաստութի՞ւն է առաջնորդուիլ մեր երազներով։ Բացատրեցէք ասոր վտանգը, ինչպէս ան կրնայ պատճառել որ զոհ երթանք աշխարհային պատճառաբանութեան եւ դեւերուն։ Ցոյց տուէք Աստուծոյ Խօսքով առաջնորդուած ըլլալու կարեւորութիւնը։
10 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ կամ «Հաղորդակցութիւնը—Աւելի Է Քան Պարզապէս Խօսիլ»։ Դասախօսութիւն հիմնուած Դիտարանի 8/1/93 թիւին յօդուածներուն վրայ, էջ 3-8 (Անգլ.)։
15 վյրկ. «Աստուածաշունչին Արժէքը Ներկայ Աշխարհին մէջ»։ Խօսակցութիւն ծառայութեան տեսուչին եւ հրատարակիչի մը միջեւ որ կ’ուզէ տունէ–տուն գործին նկատմամբ իր կարողութիւնը բարելաւել։ 3–րդ պարբերութիւնը նկատի առնելէ ետք, ծառայութեան տեսուչը կը խնդրէ հրատարակիչէն որ փորձէ թելադրուած ներկայացումը իր հետ որպէս տանուտէր։ 4–րդ պարբերութիւնը նկատի առնելէ ետք, ծառայութեան տեսուչը կը ցուցադրէ թելադրուած ներկայացումը հրատարակիչին հետ։ ժողովքին անդամներուն քաջալերեցէք որ հետաքրքրուող անհատներուն եւ Աստուածաշունչի աշակերտներուն օգնեն որ Աստուածաշունչին ու Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու օժանդակներուն արժէքը գնահատեն։
Երգեցողութիւն թիւ 95 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 8–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 59
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Ցուցադրեցէք ընթացիկ պարբերաթերթերուն ներկայացումը, ցցուն ընելով յօդուած մը զոր կարելի է գործածել վերայցելութեան ատեն այս շաբաթավերջը։ Ուշադրութեան յանձնեցէք «Մասնաւոր Ամիս մը Դաշտի Ծառայութեան Համար», եւ բոլորին հրաւիրեցէք որ լրջօրէն մտածեն ինչպէս Դեկտեմբերին աւելցնեն իրենց դաշտի ծառայութիւնը որպէս օժանդակ ռահվիրաներ կամ ռահվիրաներուն հետ աշխատելով։
15 վյրկ. «Իսկական Առաջնորդութիւն Հայթայթող Գիրքը»։ Հարց պատասխանով յօդուածը նկատի առնել։ Ցուցադրեցէք 3–րդ պարբերութեան մէջ ուրուագծուած վերայցելութիւնը։ Բոլորը քաջալերեցէք որ խանդավառ ըլլան Աստուածաշունչի գործնական արժէքին նկատմամբ երբ մարդոց հետ կը խօսին տունէ–տուն գործին ատեն եւ վերայցելութեան ընթացքին։
20 վյրկ. «Ո՛վ Պատանիներ, Եհովայի Սիրտը Ուրախացուցէք»։ Երէց մը նկատի կ’առնէ 1-18 պարբերութիւնները երկու կամ երեք մկրտուած պատանի հրատարակիչներու հետ։ Շեշտեցէք պատանիներու քաղած օգուտները իրենց լաւ օրինակով, ինչպէս նաեւ՝ «Պատանիները կը Հարցնեն . . .» յօդուածներուն արժէքը։ Ժամանակին ներած չափով նկատի առէք համարները։
Երգեցողութիւն թիւ 112 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 15–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 81
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ, պարփակելով հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրը։ Ժողովքը գովեցէք նիւթական գետնի վրայ թիկունք կանգնելուն համար տեղական ժողովքին ինչպէս նաեւ Ընկերութեան Թագաւորութեան Սրահներու Հիմնադրամին եւ Ընկերութեան աշխարհածաւալ գործին։ Ուրուագծեցէք դաշտի ծառայութեան կարգադրութիւնները գալիք աշխարհային տօներուն ժամանակաշրջանին համար։
15 վյրկ. «Նորեկներուն Հոգեւոր Կարիքներուն Հոգ Տանինք»։ Հարց պատասխանով։ Շեշտեցէք ժողովքին իւրաքանչիւր անդամի պատասխանատուութիւնը, ոչ միայն երէցները, նախաքայլը առնելու նորեկներուն ծանօթանալու համար։ Բոլորս ալ առանձնաշնորհումը ունինք նորեկները քաջալերելու եւ զիրար քաջալերելու։
20 վյրկ. «Ո՛վ Պատանիներ, Եհովայի Սիրտը Ուրախացուցէք»։ Յաւելուածականին 19-33 պարբերութիւնները հարց պատասխանով նկատի առնել։ Հարցազրոյց ըրէք մէկ կամ երկու պատանի հրատարակիչներու հետ։ Թող մեկնեն թէ ինչպէս ժողովքը օգնական եղած է իրենց հոգեւոր զարգացման։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 22–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 46
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Աստուածպետական Լուրեր։ Քաջալերեցէք ընթացիկ պարբերաթերթերը գործածել վերայցելութիւններուն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին այս շաբաթավերջը։
15 վյրկ. «Աստուածաշունչի Աշակերտներուն Օգնենք որ Իրենց Ուսումնասիրութիւնը Պատրաստեն»։ Հարց պատասխանով։ Ժամանակին ներած չափով պարբերութիւնները կարդացէք։
20 վյրկ. «Սուրբ Գրութիւններով կը Պատճառաբանէ՞ք»։ Եղբայր մը, որ ազդեցիկ է տունէ–տուն եւ վերայցելութիւն ընելու գործին մէջ, յօդուածը հարց պատասխանով նկատի կ’առնէ։ 4–րդ պարբերութիւնը նկատի առնելէ ետք, ցուցադրեցէք ինչպէս հրատարակիչ մը կրնայ համար մը յարասել կամ բերանացի ըսել երբ տանուտէրը զբաղած է։ Ցուցադրութենէն ետք, շեշտեցէք այս թելադրութեան հետեւելու կարեւորութիւնը մինչ կը ջանանք ‘խօսքը քարոզել’ թաղամասի մը մէջ ուր շատ մարդիկ միշտ զբաղած են կամ առօրեայ գործունէութեամբ մտազբաղ են։ (Բ. Տիմ. 4։2) 6–րդ պարբերութիւնը նկատի առնելէ ետք, հրաւիրեցէք հրատարակիչ մը որ Պատճառաբանել գիրքը ազդուօրէն կը գործածէ, որպէսզի պատմէ թէ ի՛նչպէս կը գործածէ զայն վկայելու ատեն։
Երգեցողութիւն թիւ 32 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 29–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 13
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Քաջալերեցէք անոնց որոնք կրնան, որ օժանդակ ռահվիրաներ ըլլան Դեկտեմբեր ամսուան մէջ։
15 վյրկ. «Աստուածաշունչը—Գործնական Առաջնորդ մը Արդի Մարդուն Համար»։ Դասախօսութիւն ընտանիքի գլուխի մը կողմէ, հիմնուած Դիտարանի 7/1/93 թիւին յօդուածին վրայ։ Ցցուն ըրէք թէ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելը կրնայ յառաջացնել ընտանեկան խաղաղ ու սիրալիր մթնոլորտ մը։ Ներկայացուցէք ունկնդիրներէն մէկ կամ երկու նախապատրաստուած մեկնութիւններ, որոնք ցոյց կու տան թէ ինչպէս Աստուծոյ Խօսքին խրատը օգնած է ընտանիքի մը կամ անհատի մը։
20 վյրկ. Մեծագոյն Մարդը Գիրքը Դեկտեմբերին Գործածենք Ոչխարանման Անհատներուն Օգնելու։ Ունկնդիրներուն հետ խօսակցութիւն։ Այսպիսի հարցումներ հարցուցէք. Ո՞ր պատմութիւնը Յիսուսի ծառայութեան մասին կամ ուրիշներու հետ անոր ունեցած վերաբերմունքին մասին ձեզ մեծապէս տպաւորած է։ Ինչո՞ւ այս պատմութիւնը ձեզ տպաւորած է։ Այս գրականութիւնը ի՞նչ արժէք ունեցած է ձեզի համար։ Զանիկա ուսումնասիրելով ի՞նչ սորված էք Եհովայի մասին։ Ի՞նչ կէտի կամ կէտերու ուշադրութիւն դարձուցած էք զանիկա ներկայացնելու ատեն։ Թող որ փորձառու հրատարակիչ մը ցուցադրէ գրքին ներկայացումը վերայցելութեան մը ընթացքին։ Բոլորը քաջալերեցէք որ դաշտի ծառայութեան մասնակցին Կիրակի օրը։
Երգեցողութիւն թիւ 14 եւ փակման աղօթք։