Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 12/93 էջ 2
  • ՏԱՐԵԳԻՐՔԸ —ՔԱՋԱԼԵՐՈՒԹԵԱՆ ԳԱՆՁ ՄԸ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ՏԱՐԵԳԻՐՔԸ —ՔԱՋԱԼԵՐՈՒԹԵԱՆ ԳԱՆՁ ՄԸ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒՆ ՀԱՍՑԷՆԵՐԸ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
թծ 12/93 էջ 2

ՏԱՐԵԳԻՐՔԸ—ՔԱՋԱԼԵՐՈՒԹԵԱՆ ԳԱՆՁ ՄԸ

1 Եհովայի հոյակապ գործերուն առնչութեամբ տեղեկագիրներն ու փորձառութիւնները միշտ կազդուրիչ եղած են Աստուծոյ ծառաներուն։ (Յոբայ 38։4, 7. Առ. 25։25. Ղուկ. 7։22. Գործք 15։31) Ատոր համար Եհովայի Վկաներու Տարեգիրքը քաջալերութեան գանձ մըն է։

2 Իւրաքանչիւր Տարեգիրք կը ներկայացնէ Եհովայի Վկաներու գործունէութեան ու իրագործումներուն մասին կերտիչ տեղեկագիրներ համայն աշխարհէն։ Հաւատք զօրացնող փորձառութիւնները ցցուն կ’ընեն թէ ինչպէս Եհովա իր ժողովուրդը կ’առաջնորդէ, կը պաշտպանէ ու կ’օրհնէ։ Տարեգիրքը կը պատմէ քաջ այրերու եւ կիներու մասին որոնք իրենց ընտանիքը, ընկերները եւ հայրենի երկիրը ձգեցին որպէսզի Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները մարդոց բերեն բոլոր ցամաքամասերուն եւ ծովու կղզիներու մեծամասնութեան վրայ։

3 Տարեգիրքը շատ մը ընթերցողներ մղած է որ աւելցնեն իրենց ծառայութիւնը Աստուծոյ։ Ընթերցող մը գրեց. «Զանիկա արագօրէն չեմ կրնար կարդալ։ Մինչեւ հիմա ինչ որ կարդացած եմ շատ քաջալերական է։ Անիկա կը ձգէ որ զգամ թէ կրնամ աւելին ընել բարի լուրը քարոզելուն մէջ երբ կը տեսնեմ ինչ որ ուրիշներ ճնշումի ներքեւ կ’ընեն»։

4 Ամէն տարի 1927–էն ի վեր, Եհովայի Վկաներու Տարեգիրքը քաջալերական տեղեկագիրներու եւ փորձառութիւններու իսկական գանձ մը եղած է։ Քաջալերութեան այս անզուգական աղբիւրէն լիովին կ’օգտուի՞ք։ Որպէսզի օգտուիք, վստահ եղէք Տարեգիրքը կարդալու անմիջապէս որ զայն ստանաք։ Ապա տարուան տեւողութեան, անկէ մասնայատուկ մասեր վերաքաղ ըրէք այն քաջալերութեան համար որու կարիքը դուք եւ ձեր ընտանիքը ունիք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել