ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ ԱՄՍՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ
Դեկտեմբեր 6–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 114
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկէն ընտրուած ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ։
20 վյրկ. «Ուրիշներու Օգնեցէք որ Սորվին Աստուծոյ Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ Մասին»։ Հարց պատասխանով։ Ցուցադրեցէք 2–րդ պարբերութեան ներկայացումը (փորձառու հրատարակիչի մը կողմէ) եւ 4–րդ պարբերութեան ներկայացումը (պատանի հրատարակիչի մը կողմէ)։ Բոլորը քաջալերեցէք որ ներկայացնեն Մեծագոյն Մարդը գիրքը թէ՛ վերայցելութեան ատեն եւ թէ անպաշտօն վկայութեան ատեն երբ անհատներ հետաքրքրութիւն յայտնաբերեն։
15 վյրկ. «Ժամանակ Յատկացնենք Պարբերաթերթերը Տեղաւորելու Համար»։ Դասախօսութիւն եւ ունկնդիրներուն հետ խօսակցութիւն։ Երբ 3–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնէք, լուսաբանեցէք թէ ինչպէս ընթացիկ պարբերաթերթերուն մէջ զանազան յօդուածները կարելի է ներկայացնել տարբեր մարդոց որոնց կրնանք հանդիպիլ տեղական թաղամասին մէջ։
Երգեցողութիւն թիւ 47 եւ փակման աղօթք։
Դեկտեմբեր 13–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 38
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ, հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրը։ Ժողովքը գովեցէք իր առատաձեռն հոգածութեան համար տեղական կարիքներուն, Ընկերութեան Թագաւորութեան Սրահներու Հիմնադրամին եւ Ընկերութեան երկրածաւալ գործին։ Առաջարկեցէք մէկ կամ երկու խօսակցական կէտեր զորս կարելի է գործածել բացման խօսքերուն մէջ դաշտի ծառայութեան մէջ այս շաբաթավերջը։
20 վյրկ. «Դեկտեմբեր Ամսուան Ընթացքին Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւններ Սկսինք»։ Ունկնդիրներուն հետ խօսակցութիւն։ Երբ 4–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնէք, ցուցադրեցէք ինչպէ՛ս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ վերայցելութեան մը ընթացքին։ Ամէն ոք քաջալերեցէք որ իւրաքանչիւր ամիս սուրբ գրային ուսումասիրութիւն մը վարէ, եթէ կարելի է։
15 վյրկ. «Տարեգիրքը—Քաջալերութեան Գանձ մը»։ Խանդավառ դասախօսութիւն մը որ ցցուն կ’ընէ մէջբերուած համարներուն կիրարկումը։ Կարգադրեցէք որ լաւ նախապատրաստուած հրատարակիչ մը ջերմութեամբ պատմէ յօդուածին մէջ յիշուած փորձառութիւնը։
Երգեցողութիւն թիւ 27 եւ փակման աղօթք։
Դեկտեմբեր 20–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 34
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Յիշեցէք Դեկտեմբեր 25–ին առնչութեամբ տեղական կարգադրութիւնները մասնաւոր վկայութեան համար։
15 վյրկ. «Ձեր Աստուածաշունչի Աշակերտին Սրտին Հասէք»։ Հարց պատասխանով եւ ցուցադրութիւն։ Շեշտեցէք թէ ժողովքի բոլոր անդամներն ալ պէտք է աշխատին սորվեցնելու արուեստը զարգացնելու։ 3–րդ պարբերութիւնը նկատի առնելէ ետք, հրատարակիչ մը կը ցուցադրէ ինչպէ՛ս պատճառաբանել Աստուածաշունչի աշակերտին հետ, գործածելով Յաւիտեան Ապրիլ գրքին Ա. գլուխին 13 եւ 14–րդ պարբերութիւններուն հարցումներն ու համարները։
10 վյրկ. «Առատաձեռնութեամբ Ցանենք Բայց՝ Զատորոշումով»։ Հարց պատասխանով։ Աչքառու դարձուցէք այն արտայայտութիւնները որոնք յատկապէս յարմար պիտի ըլլան ձեր թաղամասին մէջ։ Այս թելադրութիւնները պէտք է վերաքաղ ընել այս շաբաթավերջը դաշտի ծառայութեան ժողովներուն մէջ։
15 վյրկ. «Յարատեւ Ընդարձակումը կ’Աւելցնէ Թագաւորութեան Սրահներու Կարիքը»—Ա. Մաս։ Յաւելուածին 1-10 պարբերութիւնները հարց պատասխանով նկատի առնել։ Շեշտեցէք պատճառները թէ ինչո՛ւ երէցները սկիզբէն պէտք է հաղորդակցին Ընկերութեան հետ երբ կը նպատակադրեն Թագաւորութեան Սրահ կառուցանելու ծրագիր մը։
Երգեցողութիւն թիւ 113 եւ փակման աղօթք։
Դեկտեմբեր 27–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 33
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Աստուածպետական Լուրեր։ Յայտարարեցէք վկայելու մասնաւոր կարգադրութիւնները Յունուար 1–ին համար։ Ցուցադրեցէք ինչպէ՛ս գործածել այն գրականութիւնները որոնք տեղականօրէն պիտի ներկայացուին վերայցելութիւններու ատեն Յունուար ամսուան ընթացքին։
15 վյրկ. Ինչո՞ւ Սխալ Է Փորձել Թմրեցուցիչ Գործածելը։ Երկու պատանի հրատարակիչներ կը խօսակցին երէցի մը հետ՝ դպրոցին մէջ թմրեցուցիչներու լայնատարած գործածութեան մասին։ Անոնք կը յիշեն թէ պատանիներէն ոմանք սխալ բան չեն տեսներ որ ժամանակ առ ժամանակ թմրեցուցիչ գործածեն։ Երէցը կ’ընդունի որ իրերը վատթարած են իր դպրոց յաճախելէն ի վեր։ Ան ցոյց կու տայ թէ նիւթերը յատկապէս չեն յիշուած Աստուածաշունչին մէջ, բայց կարելի է գտնել թմրեցուցիչներ գործածելու առնչութեամբ ընտիր ուղեգծեր Պատճառաբանել գրքին մէջ, էջ 106-12 [կամ՝ էջ 340-6, Արաբ.]։ Պատանիները կը կարդան համարները, իսկ երէցը կը պատճառաբանէ անոնց հետ նիւթին մասին։ Պատանիները կը ներկայացնեն իրենց առաջարկները թէ ի՛նչ այլազան կերպերով կրնան անհատապէս դէմ դնել դասընկերներու ճնշումին։
20 վյրկ. «Յարատեւ Ընդարձակումը կ’Աւելցնէ Թագաւորութեան Սրահներու Կարիքը»—Բ. Մաս։ Յաւելուածին 11-17 պարբերութիւններուն մասին խանդավառ դասախօսութիւն երէցի մը կողմէ։ Շեշտեցէք կարիքը աւելի կամաւորներու եւ թող որ կամաւորները իրենց փափաքը Ընկերութեան յայտնի ընեն երբ ձեռնտու կ’ըլլան։ Ժամանակին ներած չափով, պարփակեցէք յարմար փորձառութիւններ որոնք կապ ունին ձեր շրջանին մէջ Թագաւորութեան Սրահ կառուցանելու անցեալ ծրագիրներու հետ։
Երգեցողութիւն թիւ 21 եւ փակման աղօթք։