Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 2/94 էջ 7
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
թծ 2/94 էջ 7

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Փետրուարին. Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը մէջ։ Մարտին. Յայտնութիւն. Անոր Փառաւոր Յանգումը Մօտ Է։ Ապրիլին եւ Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը, ինչպէս նաեւ որեւէ գրքոյկ (Դպրոց գրքոյկէն զատ)։ Երբ վերայցելութիւններուն ընթացքին հետաքրքրութիւն գտնուի, կարելի է բաժանորդագրութիւններ ներկայացնել։ ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. Այն ժողովքները որոնք վերոյիշեալ ներկայացուելիք գրականութիւններուն կարիքը ունին, պէտք է զանոնք խնդրեն իրենց յաջորդ ամսական Գրականութիւններու Խնդրանքի Թուղթին (S–14) միջոցաւ։ Ներկայացնելը պէտք է ըլլայ վերայցելութիւններուն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին։

◼ Քարտուղարը եւ ծառայութեան տեսուչը պէտք է վերաքաղ ընեն բոլոր կանոնաւոր ռահվիրաներուն գործունէութիւնը։ Եթէ անոնցմէ ոեւէ մէկը դժուարութիւն կը գտնէ ժամերու պահանջին գոհացում տալու մէջ, երէցները պէտք է կարգադրեն օժանդակութիւն հայթայթելը։ Թելադրութիւններու համար, վերաքաղ ըրէք Ընկերութեան նամակները. Հոկտեմբեր 1, 1993 եւ Հոկտեմբեր 1, 1992։ Նաեւ, նկատի առէք Օգոստոս 1986 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկին յաւելուածականին 12-20–րդ պարբերութիւնները։

◼ Յիշատակատօնի տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ՝ Մարտ 26, 1994–ին։ Թէեւ դասախօսութիւնը կրնայ կանուխ սկսիլ, հաճեցէք վերյիշել թէ Յիշատակատօնի հացն ու գինին Պէտք է սկսիլ ներկայացնել միայն արեւնամուտէն ետք։ Տեղական աղբիւրներէ ստուգեցէք թէ ե՛րբ արեւնամուտը տեղի կ’ունենայ ձեր շրջանին մէջ։ Այդ թուականին որեւէ ժողով պէտք չէ վարուի, դաշտի ծառայութեան ժողովներէն զատ։ Եթէ ձեր ժողովքը կանոնաւորաբար ժողով կ’ունենայ Շաբաթ օրը, կրնաք ուրիշ օր մը այդ ժողովը ընել եթէ Թագաւորութեան Սրահը մատչելի է։

◼ Այն հրատարակիչները որոնք կը փափաքին ծառայել որպէս օժանդակ ռահվիրաներ Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներուն ընթացքին, պէտք է հիմա ծրագրեն եւ իրենց դիմումնագիրները շուտով յանձնեն։ Ասիկա երէցներուն պիտի օգնէ որ դաշտի ծառայութեան անհրաժեշտ կարգադրութիւնները ընեն եւ ձեռքի տակ բաւարար գրականութիւններ ապահովեն։

◼ GetVerse ուրիշ հրատարակութիւն մըն է որ մատչելի է գործածուելու համար համակարգիչներու հետ։ Այս նոր յայտագիրը թոյլ կու տայ որ անհատը Աստուածաշունչի համարները ուղղակի ընդօրինակէ մինչ կը գործածէ համակարգիչը։ Ասիկա օգտակար է դասախօսութիւններ պատրաստելու կամ համարներու ցանկեր ընելու համար։ GetVerse միայն Անգլերէնով մատչելի է, 5 1/4-inch 360-kilobyte կամ 3 1/2-inch 720-kilobyte diskette–ի վրայ։ Այս յայտագիրը գործածելու համար պէտք է ունենաք ձեր համակարգիչին մէջ Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Վերագրեալ Թարգմանութիւնը կամ Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Վերագրեալ Թարգմանութիւնը/Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել