Հարցումի Տուփ
◼ Ի՞նչ քայլեր պէտք է առնուին երբ ժողովքին որոշումներ կը ներկայացուին հաւանութեան համար։
Ժողովքը պէտք է իր որոշումը տայ երբ նկատի կ’առնուին կարեւոր հարցեր ինչպէս՝ ստացուածք մը գնել, Թագաւորութեան Սրահ մը վերաձեւել կամ կառուցանել, մասնաւոր նիւրատուութիւններ Ընկերութեան ղրկել, կամ շրջանային տեսուչին ծախսերուն հոգ տանիլ։ Սովորաբար լաւագոյն բանն է որոշում մը ներկայացնել հաւանութեան համար ամէն անգամ որ ժողովքի դրամէն պիտի ծախսուի։
Առ ի բացառութիւն, ժողովքը կրնայ մէկ անգամ որոշում առնել Ընկերութեան որոշ գումար մը նուիրատուութիւն ընելու ամէն ամիս, իւրաքանչիւր անհատի ըրած նուիրատուութենէն զատ երկրածաւալ քարոզչական գործին համար։ Նաեւ, Թագաւորութեան Սրահի սովորական ծախսերը, ինչպէս գործիքներու եւ մաքրութեան համար, ժողովքին կողմէ որոշում առնել չեն պահանջեր։
Երբ կարիք մը բացայայտ կ’ըլլայ, երէցներու մարմինը պէտք է հարցը լման կերպով նկատի առնէ։ Եթէ մեծամասնութիւնը համամիտ է որ բան մը պէտք է կատարուի, երէցներէն մէկը, թերեւս Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբէն անդամ մը, պէտք է գրուած որոշում մը պատրաստէ Ծառայութեան Ժողովին մէջ ներկայացնելու համար։
Որպէս ատենապետ գործող երէցը պէտք է հակիրճօրէն բայց յստակօրէն բացատրէ կարիքը եւ ինչ որ երէցներու մարմինը կը յանձնարարէ անոր հոգ տանելու համար։ Ապա ժողովքին պատեհութիւն կը տրուի որ պատշաճ հարցումներ հարցնեն։ Եթէ հարցը բարդ բան մըն է, թերեւս յարմար կ’ըլլայ քուէարկելը յետաձգել մինչեւ յաջորդ Ծառայութեան Ժողովին, որպէսզի ամէն անհատ ժամանակ ունենայ անոր մասին մտածելու։ Քուէարկութիւնը կը կատարուի ձեռքերը բարձրացնելով։
Ժողովքի միայն նուիրուած ու մկրտուած անդամները կրնան որոշում առնելու համար քուէարկութեան մասնակցիլ, բացի եթէ օրինական պահանջները ուրիշ բան պահանջեն, ինչպէս երբ պարփակուած են ընկերութեան հարցեր կամ Թագաւորութեան Սրահի փոխառութիւններ։ Յարմար պիտի չըլլայ որ ուրիշ ժողովքներէ Վկայ այցելուներ մասնակցին։
Որոշումը ընդունուելէ ետք, պէտք է թուագրուի, ստորագրուի եւ ժողովքի թղթածրարին մէջ դրուի։