Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 2/94 էջ 7
  • Անտեղի Ազնուութենէ Զգուշանանք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Անտեղի Ազնուութենէ Զգուշանանք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ժողովքը ինչպէ՞ս կազմակերպուած է
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Երէցնե՛ր, շարունակեցէք Պօղոս առաքեալը ընդօրինակել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • ‘Ձեր մէջ ժրաջան աշխատողները յարգեցէք’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Բարութիւն ցուցաբերելով Եհովան հաճեցնենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
թծ 2/94 էջ 7

Անտեղի Ազնուութենէ Զգուշանանք

1 Եհովայի ժողովուրդը ճանչցուած է իր ազնիւ ու առատաձեռն հոգիին համար։ Ասիկա յաճախ ինքզինք կը յայտնաբերէ նիւթական կերպով մը երբ կ’ընդօրինակենք բարի Սամարացին որու մասին Յիսուս խօսեցաւ իր տպաւորիչ առակին մէջ։ (Ղուկ. 10։29-37) Այսուհանդերձ, ոմանք որոնք նիւթական օժանդակութեան արժանի չեն, թերեւս ջանան մեր ազնուութիւնը օգտագործել։ Ուստի, ուրիշներու հանդէպ մեր սէրը պէտք է հաւասարակշռենք «գիտութիւնով ու իմաստութիւնով»։—Փիլ. 1։9

2 Ժողովքէն Ներս. Օրինակի համար, անհատ մը կրնայ ըսել թէ ինք անգործ է կամ ուրիշ պատճառներ տալ օժանդակութիւն խնդրելու համար։ Երբեմն այս անհատները լրջօրէն գործ չեն փնտռեր, այլ՝ պարզապէս կը փափաքին որ ուրիշներ իրենց հայթայթեն կեանքի անհրաժեշտ բաները։ Այսպիսի անհատներու մասին Պօղոս առաքեալ պատուիրեց. «Ան որ չուզեր գործել, հաց ալ թող չուտէ»։—Բ. Թես. 3։10

3 «Ժամանակ ու դիպուած» մեր բոլորին կը պատահին, ուստի եթէ նիւթական կարիք ունինք, «մեր ամէն օրուան հաց»ը պակաս է, պէտք չէ չափազանց մտահոգուինք, քանի որ Եհովա կը հայթայթէ անոնց որոնք զինք կը սիրեն ու իր կամքը կը կատարեն։ (Ժող. 9։11. Մատթ. 6։11, 31, 32) Կարօտեալ մը կրնայ օգտակար նկատել խօսիլը երէցներէն մէկուն հետ։ Երէցները թերեւս տեղեակ են կառավարական կարգադրութիւններէն որոնց նպատակն է օժանդակութիւն հայթայթել եւ թերեւս ի վիճակի են պէտք եղած թուղթերը ամբողջացնելու կամ այսպիսի կարգադրութիւններու պահանջները հասկնալու։ Ամէն պարագայի տակ, երէցները կրնան օժանդակութիւն խնդրող իւրաքանչիւր անհատի վիճակը գնահատել եւ որոշել ինչ կարելի է ընել։—Բաղդատել Ա. Տիմոթէոս 5։3-16։

4 Իմաստուն Սողոմոն Թագաւոր խրատեց. «Երբ ձեռքէդ աղէկութիւն ընել կու գայ, կարօտ եղողէն [կամ՝ անոր տէրերէն] մի՛ խնայեր զանիկա»։ (Առ. 3։27) Մեր իմաստուն զատորոշումով, կրնանք շարունակել ողորմած ըլլալ մինչ անտեղի ազնուութենէ կը զգուշանանք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել