Ծառայութեան Ժողովներ Մարտ Ամսուան Համար
Մարտ 7–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 222
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկէն ընտրուած ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ։ Հակիրճօրէն նկատի առէք «Երիտասարդները կը Հարցնեն Գիրքը Ներկայացնենք», եւ հրատարակիչները քաջալերեցէք որ այդ գիրքը գործածեն երբ յարմար է։
15 վյրկ. «Անխախտ Պահենք Մեր Յոյսին Դաւանութիւնը»։ Դիտարանի Ուսումնասիրութեան վարիչը հարց պատասխանով յօդուածը նկատի կ’առնէ։ Թող մեկնաբանեն անոնք որոնք յաղթահարած են ժողովներուն մէջ պատասխան տալու վախը։ Շեշտեցէք նախապատրաստութեան կարիքը։ Ժողովքը քաջալերեցէք որ ամէն շաբաթ լման կերպով մասնակցին Դիտարանի ուսումնասիրութեան։
15 վյրկ. «Յայտնութեան Խայտալի Պատգամը Յայտարարենք»։ Ունկնդիրներուն հետ յօդուածը նկատի առնել։ Թող լաւ պատրաստուած հրատարակիչներ ցուցադրեն 2–4 պարբերութիւններուն մէջ յիշուած ներկայացումները։ Իւրաքանչիւր ցուցադրութենէ ետք թող ունկնդիրները մեկնեն թէ ինչ սորվեցան ներկայացումէն։
Երգեցողութիւն թիւ 14 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 14–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 114
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Աստուածպետական Լուրեր։ Ուշադրութեան յանձնեցէք ընթացիկ պարբերաթերթերէն մասնայատուկ կէտեր, զորս կարելի է գործածել դաշտի ծառայութեան մէջ այս շաբաթ։
15 վյրկ. «Կրնա՞ք Եհովան Աւելի Փառաբանել Ապրիլ Ամսուան Ընթացքին»։ Հարց պատասխանով։ Մեկնաբանութիւններ ստացէք անոնցմէ որոնք անցեալին ծառայած են որպէս օժանդակ ռահվիրաներ։ Թող բացատրեն թէ ինչպէս իրենց պարագաները յարմարցուցին որպէսզի այս առանձնաշնորհումէն օգտուին։ Քաջալերեցէք բոլոր անոնց որոնք կը ծրագրեն օժանդակ ռահվիրաներ ըլլալ Ապրիլին, որ իրենց դիմումնագիրները կարելի եղածին չափ շուտ յանձնեն։
20 վյրկ. «Յիշատակատօնին՝ Անոնց Բարի Գալուստ Մաղթենք»։ Հարց պատասխանով։ 3–րդ պարբերութենէն ետք, հակիրճօրէն ցուցադրեցէք օգնական ծառայ մը ինչպէս բարի գալուստ կը մաղթէ նորեկի մը որ Յիշատակատօնին ներկայ կ’ըլլայ։
Երգեցողութիւն թիւ 150 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 21–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 143
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ, պարփակելով հաշիւներու տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրը։ Նկատի առէք «Ատենին Հայթայթուած Սնունդ» խորագրով շրջագիծը։ Բոլորը քաջալերեցէք որ հետաքրքրուած անհատները հրաւիրեն մասնաւոր դասախօսութեան որ պիտի ներկայացուի Ապրիլ 10–ին։
20 վյրկ. «Անոնց Օգնենք որ Գործի Լծուին Պատգամին Համաձայն»։ Խօսակցութիւն։ 2 եւ 3–րդ պարբերութիւններուն ներկայացումները լաւ կերպով ցուցադրեցէք։ Բոլորը քաջալերեցէք որ այս ամիս բաժին բերեն Յայտնութեան Յանգումը գիրքը առաջարկելուն մէջ։
15 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ, թերեւս Յիշատակատօնին կարգադրութիւններուն առնչութեամբ։ Կամ «Բարեշրջութիւն», Պատճառաբանել գիրքը՝ էջ 121–9 [108–116, Արաբ.]։ Ընտանեկան խօսակցութիւն։ Պատանի մը որմէ խնդրուած է դպրոցին ներկայացնել տեղեկագիր մը բարեշրջութեան մասին, իր ծնողներուն կը բացատրէ ինչ գաղափարներ պիտի գործածէ եւ ինչպէս զանոնք պիտի ներկայացնէ։ Անոնք կը խօսակցին թէ ինչո՛ւ այս պատճառաբանութիւնները ազդեցիկ են։ Ծնողները անկեղծօրէն զինք կը գովեն։
Երգեցողութիւն թիւ 172 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 28–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 112
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Բացատրեցէք ու ցուցադրեցէք յարմար կերպեր վկայելու համար տեղական թաղամասին մէջ։ Փորձառութիւններ պատմեցէք որոնք ցոյց կու տան թէ ինչպէս կարգ մը հրատարակիչներ բաժանորդագրութիւններ ձեռք ձգեցին երբ հարազատ հետաքրքրութիւն յայտնաբերուած էր վերայցելութեան ատեն։
15 վյրկ. 1994–ի Տարեգիրքին 19-32–րդ էջերէն ընտրուած աչքառու կէտեր գործածելով, երէց մը նկատի կ’առնէ Թագաւորութեան գործին համաշխարհային ընդլայնումը եւ կը շեշտէ տեղական ժողովքին աջակցութեան դրական երեսակները։ Ցոյց տուէք թէ ինչպէս Եհովա առատապէս կ’օրհնէ իր ժողովուրդը, մէջը ըլլալով անոնք որոնց կարողութիւնները սահմանափակ են։
15 վյրկ. «‘Ամէն Բարի Տուրք’ Պարգեւողը»։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, հիմնուած Դիտարանի Դեկտեմբեր 1, 1993, թիւին վրայ, էջ 28-31, Անգլերէնով։
Երգեցողութիւն թիւ 47 եւ փակման աղօթք։