Ծառայութեան Ժողովներ Ապրիլ Ամսուան Համար
Ապրիլ 4–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 204
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկէն ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ։ Բոլորին վերյիշեցուցէք մասնաւոր դասախօսութիւնը որ պիտի ներկայացուի Ապրիլ 10–ին, որու բնաբանն է՝ «Ճշմարիտ Կրօնքը Մարդկային Ընկերութեան Կարիքներուն Գոհացում կու Տայ»։ Պէտք է մասնաւոր ջանք թափուի նորեկներուն օգնելու որ ներկայ գտնուին։
15 վյրկ. «Դիտարանը եւ Զարթի՛րը—Ճշմարտութեան Պարբերաթերթեր Են»։ Հարց պատասխանով։ Ունկնդիրները հրաւիրեցէք որ պատմեն մեթոտներու մասին զորս գործածած են պարբերաթերթերու տեղաւորումները աւելցնելու համար։ Թող ոմանք փորձառութիւններ պատմեն, ժամանակին ներած չափով։
20 վյրկ. «Ջանանք Ներկայացնել Աշխարհի մէջ Եղած Լաւագոյն Պարբերաթերթերը»։ Ունկնդիրներուն հետ յօդուածը նկատի առէք։ Երբ 2–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնէք, խնդրեցէք փորձառու հրատարակիչէ մը որ բացատրէ թէ ինչպէ՛ս քաջածանօթ կ’ըլլայ բովանդակութեան հետ։ Երկու ցուցադրութիւններ կարգադրեցէք 3 եւ 4–րդ պարբերութիւններուն համաձայն։ Եզրափակեցէք առաջարկներ յիշելով Զարթի՛րի ընթացիկ թիւերուն այն յօդուածներուն մասին զորս կարելի է գործածել։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։
Ապրիլ 11–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 28
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հարցումի Տուփին գլխաւոր կէտերը նկատի առէք։
15 վյրկ. «Ծառայութեան Ժողովը Մեզ կը Պատրաստէ Ամէն Բարի Գործերու»։ Հարց պատասխանով։ Պարփակեցէք ցուցադրութիւն մը ընտանիքի մը մասին որ կը նախապատրաստուի ժողովին համար. շեշտեցէք թէ կարեւոր են (1) նախապատրաստութիւնը, (2) լաւ ուշադրութիւն ընծայելը եւ (3) մասնակցիլը։
20 վյրկ. «Եհովային Ծառայենք Առանց Զբաղումի»։ Յաւելուածականը։ Հարց պատասխանով։ 1-6 պարբերութիւնները նկատի առէք։
Երգեցողութիւն թիւ 34 եւ փակման աղօթք։
Ապրիլ 18–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 21
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարդացէք հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրը։
15 վյրկ. «Պարբերաթերթեր եւ Գրքոյկներ Տեղաւորելու Նպատակով Հետապնդենք»։ Ունկնդիրներուն հետ յօդուածը նկատի առնել։ Խնդրեցէք մեկնաբանութիւններ թէ ինչո՛ւ կարիք կայ քաջածանօթ ըլլալու պարբերաթերթերու բովանդակութեան հետ եւ տանուտիրոջ նախորդ ընդառաջումը ուշադրութեամբ վերլուծելու, ներկայացումին լաւագոյն կերպը որոշելու համար։ Ժամանակին ներած չափով, թող ատակ հրատարակիչներ ցուցադրեն առաջարկուած ներկայացումները։
20 վյրկ. «Եհովային Ծառայենք Առանց Զբաղումի»։ Յաւելուածականը։ Հարց պատասխանով։ 7-12 պարբերութիւնները նկատի առէք։
Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։
Ապրիլ 25–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 10
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Աստուածպետական Լուրեր։
15 վյրկ. Հաւատքը։ Հիմնուած Պատճառաբանել գրքին վրայ, էջ 129-32 (92–6, Արաբ.)։ Խօսակցութիւն երէցի մը եւ խումբ մը պատանիներու միջեւ։ Երէցը նկատի կ’առնէ հաւատքին սահմանումը, ետքը խումբին հարցումներ կ’ուղղէ։ Ինչո՞ւ շատեր հաւատք չունին։ Մեր հաւատքին հիմը ի՞նչ է։ Ինչպէ՞ս կրնանք զօրաւոր հաւատք մը պահպանել։ Այսպիսի հաւատք մը ինչպէ՞ս կրնանք ցուցաբերել։ Երէցը կ’եզրափակէ խումբը գովելով ու քաջալերելով։
20 վյրկ. «Մաքրութիւնը Աստուած կը Պատուէ»։ Երէց մը ունկնդիրներուն հետ յօդուածը նկատի կ’առնէ։ Եզրափակեցէք հակիրճ դասախօսութեամբ մը որ վերաքաղ կ’ընէ տրուած խրատը Դիտարանի Յուլիս 1, 1989 թիւին մէջ, էջ 15-20։
Երգեցողութիւն թիւ 160 եւ փակման աղօթք։