Ծառայութեան Ժողովներ Մայիս Ամսուան Համար
Մայիս 2–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 172
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկէն յարմար ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ։ Վերաքաղ ըրէք որեւէ կարգադրութիւն դաշտի ծառայութեան գործունէութիւնները ընդարձակելու, ինչպէս՝ իրիկուան վկայութիւնը։
15 վյրկ. «Շարունակենք Աստուածպետական Գործունէութիւններ Հետապնդել Ամառուան Ընթացքին»։ Հարց պատասխանով։ Պատմեցէք ոմանց վայելած փորձառութիւնները մինչ օժանդակ ռահվիրայութիւն կ’ընէին կամ անպաշտօն կերպով կը վկայէին։
10 վյրկ. «Պէ՞տք Է Յարատեւ Փոխեմ»։ Խօսակցութիւն երկու երէցներու միջեւ։ Շեշտեցէք դաշտի ծառայութեան մէջ կանոնաւորաբար բաժին բերելուն օգուտները։
15 վյրկ. «Պարբերաթերթերը Գործածենք Ճշմարտութիւնը Ներկայացնելու Համար»։ Ունկնդիրներուն հետ յօդուածը նկատի առէք։ Բացատրեցէք թէ ի՛նչ բան մեր պարբերաթերթերը տարբեր կը դարձնէ եւ ասիկա ինչո՛ւ պէտք է մեզ մղէ զանոնք ներկայացնելու ամէն պատեհութիւն օգտագործելով։ Կարգադրեցէք երկու հակիրճ ցուցադրութիւններ։
Երգեցողութիւն թիւ 113 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 9–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 33
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Պէտք է ուշադիր ըլլանք բաժանորդագրութիւններ ձեռք ձգելու պատեհութիւններուն։ Կրնանք զանոնք առաջարկել անոնց որոնք անցեալին պարբերաթերթերը կանոնաւորաբար ընդունեցին ու կարդացին։ Ընդհանուր առմամբ լաւագոյն բանն է առաջարկել վեց ամսուայ բաժանորդագրութիւններ։
20 վյրկ. «Աստուածաշունչի Աշակերտները Ծառայութեան Պատրաստենք»։ Հարց պատասխանով։ 4 եւ 5–րդ պարբերութիւններուն համաձայն, հակիրճ ցուցադրութիւն մը կարգադրեցէք որ ցոյց կու տայ ինչպէս աշակերտին օգնել որ դռներու առջեւ վկայէ։ Աշակերտը կը սկսի պարզ ներկայացումով մը, գործածելով Սաղմոս 37։11–ը։ Ուսումնասիրութիւն վարողը կ’ընդհատէ, ըսելով. «Ունիմ կրօնքս»։ Աշակերտը վստահ չէ թէ ինչ ըսէ։ Երկուքն ալ կը բանան Պատճառաբանել գիրքը, էջ 18-19, վերաքաղ կ’ընեն առաջարկուած կարգ մը պատասխաններ, եւ կ’ընտրեն այն պատասխանը որ աշակերտը հանգիստ կը զգայ անոր հետ։ Աշակերտը կը վերսկսի, լաւ պատասխան մը կու տայ եւ արդիւնքով քաջալերուած կը զգայ։
15 վյրկ. «Ռահվիրաները Օրհնութիւններ կը Շնորհեն ու կը Ստանան»։ Դասախօսութիւն ծառայութեան տեսուչին կողմէ, հիմնուած Դիտարանի Յունուար 15, 1994 թիւին վրայ, էջ 21-3 (Արաբ.)։ Քաջալերեցէք ռահվիրայութիւն ընելը, մանաւանդ պատանիներու կողմէ։
Երգեցողութիւն թիւ 21 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 16–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 14
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարդացէք հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրը։ Վերաքաղ ըրէք ներկայացուելիք գրքոյկները եւ ուշադրութեան յանձնեցէք մի քանի խօսակցական կէտեր։
17 վյրկ. «Վերադառնանք Ուր որ Հետաքրքրութիւն Գտանք»։ Հարց պատասխանով։ Առաջարկուած ներկայացումներէն ցուցադրեցէք մէկ կամ երկու ներկայացումներ։
18 վյրկ. «Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցէն Լաւագոյնս Օգտուինք»։ Դպրոցի տեսուչը յօդուածը նկատի կ’առնէ ունկնդիրներուն մասնակցութեամբ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ նշանակումները ընդունին ու կատարեն։ Շեշտեցէք Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումին հետ քայլ պահելու կարեւորութիւնը։ Բացատրեցէք թէ ինչպէս ամբողջ ժողովքը կրնայ աշակերտներուն տրուած խրատէն օգտուիլ։
Երգեցողութիւն թիւ 28 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 23–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 127
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Վերաքաղ ըրէք ուշագրաւ յօդուածներ ընթացիկ պարբերաթերթերուն մէջ եւ կարգադրեցէք մէկ կամ երկու հակիրճ ներկայացումներ։
20 վյրկ. «Ուրիշները կը Պատուէ՞ք Երբ կը Խրատէք»։ Դասախօսութիւն երէցի մը կողմէ, հիմնուած Դիտարանի Փետրուար 1, 1994 թիւին վրայ, էջ 25-9 (Արաբ.)։
15 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ, թերեւս այն կարգադրութիւններուն նկատմամբ որոնք եղած են կամ պէտք է ըլլան օգնելու համար Յիշատակատօնին ներկայ եղողներուն։
Երգեցողութիւն թիւ 34 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 30–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 204
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Աստուածպետական Լուրեր։
20 վյրկ. Վերաքաղ ըրէք Յունիս ամսուան ներկայացուելիք գրականութիւնը. Կեանքը Ինչպէ՞ս Ծագում Առաւ Հոս—Բարեշրջութեա՞մբ թէ Ստեղծագործութեամբ։ Ուշադրութեան յանձնեցէք կոչ ընող պատկերներ, ինչպէս՝ անոնք որոնք կը գտնուին 6, 236, 243 եւ 245–րդ էջերուն վրայ։ Թող ատակ հրատարակիչ մը ցուցադրէ հակիրճ ներկայացում մը որ այդ պատկերներէն մէկուն վրայ հիմնուած է, գործածելով Յայտնութիւն 21։4–ը։ Ուրուագծեցէք դաշտի ծառայութեան կարգադրութիւնները յառաջիկայ շաբթուան համար։
15 վյրկ. «Վիժում»։ Պատճառաբանել, էջ 25-6 (27-9, Արաբ.)։ Դասախօսութիւն եւ ունկնդիրներուն հետ խօսակցութիւն։
Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։