Ծառայութեան Ժողովներ Սեպտեմբեր Ամսուան Համար
Սեպտեմբեր 5–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 172
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկէն յարմար ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ։
20 վյրկ. «Թագաւորութեան Ծառայութեան Ձեր Գանձը Ընդլայնեցէք»։ Ծառայութեան տեսուչը եւ ուրիշ երէց մը կը խօսակցին յօդուածին գլխաւոր կէտերուն մասին։ Վերաքաղ ըրէք ժողովքին գործունէութիւնը անցեալ տարուան ընթացքին, մատուցանելով գովասանք եւ թելադրութիւններ բարելաւումի համար։ Շեշտեցէք ծառայութեան մեր անձնական մասնակցութիւնը աւելցնելու նպատակակէտը։
15 վյրկ. «Յաւիտեան Ապրիլ Գրքին Հանդէպ Հետաքրքրութիւն Մշակենք»։ Երեք կամ չորս հրատարակիչներ, պատանի մը ի ներառեալ, յօդուածը նկատի կ’առնեն եւ ետքը փորձի նիստ մը կ’ընեն։ Անոնք կը ցուցադրեն երկու կամ երեք ներկայացումներ եւ ետքը զանոնք վերաքաղ կ’ընեն, իրարու մատուցանելով գործնական թելադրութիւններ եւ գովասանք։
Երգեցողութիւն թիւ 32 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 12–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 34
7 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
20 վյրկ. Քրիստոնէական Վարքը Դպրոցին մէջ։ Երէց մը կը խօսակցի երեք կամ չորս պատանիներու հետ։ Դպրոցին մէջ, մեր պատանիները կ’ենթարկուին զանազան ճնշումներու որպէսզի բեկանեն Աստուածաշունչի սկզբունքները։ Ասոր մեծամասնութիւնը կու գայ այնպիսի գործունէութիւններէ որոնք ուղղակիօրէն կապ չունին դասարանին հետ։ Մարզանքը, հակառակ սեռին հետ ժամադրուիլը եւ ընկերային հաւաքոյթները վտանգներ կը ներկայացնեն։ Երէցը պատանիներուն հետ նկատի կ’առնէ «Դպրոցական Յաւելեալ Գործունէութիւններ», գործածելով Դպրոց գրքոյկը, էջ 22-5։ Պատանիները կը մեկնաբանեն ցոյց տալով թէ ճնշումներ կը դիմագրաւեն այս բաներուն մասնակցելու համար, ուստի կը գնահատեն տրուած խրատը։
18 վյրկ. «Անոնք Ետ Չեն Կեցած Վկայելէ»։ Հարց պատասխանով։ Ցցուն ըրէք թէ թէեւ բոլորս ալ ծառայութեան չենք տրամադրեր նոյն ժամանակը, պէտք է ուրախութիւն գտնենք ու ջանանք ամբողջ սրտով ընել։
Երգեցողութիւն թիւ 204 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 19–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 38
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարդացէք հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրը։
15 վյրկ. «Դարձեալ Դպրոց Վերադառնալ»։ Հարց պատասխանով։ Ցցուն ըրէք պատանիներուն դիմագրաւած խնդիրները եւ թէ ինչպէ՛ս ծնողները կրնան իրենց զաւակներուն օգնել։
20 վյրկ. «Յաւիտեան Ապրիլ Գրքով Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւններ Սկսինք»։ Ունկնդիրներուն հետ յօդուածը նկատի առնել։ Կարգադրեցէք երկու ցուցադրութիւններ, գործածելով առաջարկուած ներկայացումները։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 26–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 59
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Ունկնդիրներուն հրաւիրեցէք որ հակիրճ փորձառութիւններ պատմեն Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը տեղաւորելուն կամ անով ուսումնասիրութիւններ սկսելուն մասին։
15 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ։ Կամ դասախօսութիւն մը ներկայացուցէք «Սահմանափակումները Ձեզ կը Վհատեցնե՞ն» յօդուածին մասին, Դիտարանի 1 Սեպտեմբեր 1994–ի թիւէն, էջ 27-8 (Արաբ.)։
20 վյրկ. Դիտարանն ու Զարթի՛րը Առաջարկենք Հոկտեմբեր Ամսուան Ընթացքին։ Մեր պարբերաթերթերը մեծ դեր մը կը խաղան աշխարհածաւալ քարոզչական գործին մէջ. անոնց միջոցաւ միլիոնաւոր անհատներ առաջին անգամ ճշմարտութիւնը լսեցին։ Շեշտեցէք կարեւորութիւնը զանոնք կանոնաւորաբար գործածելու եւ զանոնք առաջարկելու վերայցելութիւններու եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու ատեն, նոյնիսկ երբ ուրիշ գրականութիւններ կը ներկայացուին։ Յիշեցէք այս տեղաւորումներուն օգուտները։ Բացատրեցէք թէ կարելի է բաժանորդագրութիւններ ներկայացնել վերայցելութիւններու ատեն երբ հարազատ հետաքրքրութիւն կայ։ Շեշտեցէք լաւ նախապատրաստուելուն կարեւորութիւնը։ Թող երեք հրատարակիչներ, անոնցմէ մէկը՝ պատանի մը, ցուցադրեն պարբերաթերթի հակիրճ ներկայացումներ։
Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։