Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 9/94 էջ 2-3
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
թծ 9/94 էջ 2-3

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Սեպտեմբերին. Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը մէջ։ Հոկտեմբերին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Բաժանորդագրութիւններ կարելի է առաջարկել վերայցելութիւններուն ընթացքին։ Նոյեմբերին. Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ թէ Մարդոց Խօսքն Է։ Դեկտեմբերին. Մեծագոյն Մարդը Որ Ապրած Է։ ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. Այն ժողովքները որոնք վերոյիշեալ ներկայացուելիք գրականութիւններուն կարիքը ունին, պէտք է զանոնք խնդրեն իրենց յաջորդ ամսական Գրականութիւններու Խնդրանքի Թուղթին (S–14) միջոցաւ։ Հաճեցէք յաւելեալ պարբերաթերթեր խնդրել, Հոկտեմբերին բաշխելու համար։ Ներկայացնելը պէտք է ըլլայ վերայցելութիւններուն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին։

◼ Վերակացու տեսուչը կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, պէտք է ժողովքի հաշիւները ստուգէ Սեպտեմբեր 1–ին, կամ անմիջապէս անկէ ետք։ Երբ ասիկա կը կատարուի, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք։

◼ Այն հրատարակիչները որոնք կը ծրագրեն Հոկտեմբերին ծառայել որպէս օժանդակ ռահվիրաներ, պէտք է իրենց դիմումնագիրները անյապաղ յանձնեն։ Ասիկա թոյլ պիտի տայ երէցներուն որ անհրաժեշտ կարգադրութիւնները ընեն գրականութիւններուն եւ թաղամասերուն համար։

◼ Երէցներուն կը վերյիշեցնենք որ գործադրեն 1 Յուլիս 1991 Դիտարանին մէջ տրուած թելադրութիւնները, էջ 21–3, ոեւէ վտարուողի կամ իր ընկերակցութիւնը խզած անհատի առնչութեամբ, որ կրնայ վերընդունուելու միտում ունենալ։

◼ 1 Յունուար 1994–էն սկսեալ, Դիտարանի ամսական թիւ մը Պարսկերէնով մատչելի եղած է։ Ժողովքներուն միջոցաւ կարելի է խնդրել բաշխողներու օրինակները եւ անձնական բաժանորդագրութիւնները։

◼ Արաբերէն լեզուով մատչելի են 1988-1993 Դիտարանի կազմուած հատորներ եւ 1990-1993 Զարթի՛րի կազմուած հատորներ։

◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ. Անգլերէն. 1991-1993–ի Դիտարանի Հրատարակութեանց Նիւթերու Ցանկ. Երբ Ձեր Սիրած Անհատը կը Մեռնի։ Արաբերէն. Միտք Դիր Կարդալու եւ Գրելու։ Ֆրանսերէն. Երբ Ձեր Սիրած Անհատը կը Մեռնի։

◼ Մատչելի Նոր Ձայներիզներ. Անգլերէն. Մեծագոյն Մարդը Որ Ապրած Է (Ութը ձայներիզներ ալպոմի մը մէջ)։

◼ Մատչելի Նոր Պատկերիզներ. Անգլերէն. Աստուածաշունչը—Ճշգրիտ Պատմութիւն, Հաւաստելի Մարգարէութիւններ. Աստուածաշունչը—Մարդկութեան Ամենահին եւ Այժմու Գիրքը։ [Ժողովքները կրնան զանոնք անմիջապէս խնդրել։] Ֆրանսերէն. Աստուածաշունչը—Ճշգրիտ Պատմութիւն, Հաւաստելի Մարգարէութիւններ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել