Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 9/94 էջ 3
  • Դարձեալ Դպրոց Վերադառնալ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Դարձեալ Դպրոց Վերադառնալ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ո՛վ Պատանիներ՝ Ձեր Ուսման Տարիներէն Օգտուեցէք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
թծ 9/94 էջ 3

Դարձեալ Դպրոց Վերադառնալ

1 Սեպտեմբեր ամսուան մէջ, մեր պատանիները պիտի սկսին նոր դպրոցական տարեշրջանին միջամուխ ըլլալ։ Ակնկալուիք հաճոյալի բաներ կան, բայց մի քանի հարցեր ալ կան որոնք կրնան անհանգստութիւն պատճառել։ Շատ մը պատանիներ տարբեր ուսուցիչներու պիտի նշանակուին, նոր դասընթացքներու պիտի հետեւին եւ օտար աշակերտներու հետ պիտի ընկերակցին։ Մեր պատանիները կ’ուզեն դպրոցի հեղինակութիւններուն հետ համագործակցիլ եւ իրենց դասընկերներուն հանդէպ կարեկցութիւն ունենալ, բայց պէտք է ի մտի ունենան թէ պէտք է զգուշանան որեւէ բանէ որ կրնայ հոգեւոր գետնի վրայ վնասակար ըլլալ։—Ա. Կորն. 15։33

2 Վկայ պզտիկներուն եւ պատանիներուն համար գլխաւոր հետաքրքրութիւն մըն է խուսափիլ աշխարհին ապականիչ ազդեցութենէն, որ ներկայիս շատ մը երկիրներու դաստիարակչական դրութիւնները կը թափանցէ։ Քրիստոնեաները՝ պատանի թէ տարեց՝ պէտք է քաջաբար մերժեն աշխարհային չափանիշներն ու մտածելակերպը, որոնք բարոյական հարցերու առնչութեամբ այժմ յառաջ կը մղուին, եւ պէտք է ‘զգուշութիւն ընեն’ խրատ առնելով Եհովայի Խօսքէն եւ անով առաջնորդուելով։ (Սաղմ. 119։9) Հետաքրքրուող ծնողները պէտք է գիտնան թէ ի՛նչ պարփակուած է դպրոցի ծրագրին մէջ, որպէսզի իրենց զաւակներուն յարմար ուղղութիւն տան։ Եթէ ինչ որ կ’ուսուցուի դպրոցին մէջ կամ այլուր, կը հակասէ Եհովայի ծառաներէն պահանջուած սրբութեան ու անբծութեան, պէտք է անկէ խուսափիլ։—Ա. Պետ. 1։15, 16

3 Նաեւ շատ սովորական է հարցեր դիմագրաւել որոնք կապ ունին ազգայնական արարողութիւններու, տօնական արարողութիւններու, մարզանքի կամ ընկերային հաւաքոյթներու հետ։ Դպրոցը եւ Եհովայի Վկաները գրքոյկը այս հարցերուն առնչութեամբ Քրիստոնեայ պատանիներուն օգնական է։ Դժուար պարագաները կարելի է յաղթահարել կամ նուազեցնել երբ պզտիկներ ունեցող ծնողները նախաձեռնութիւնը կ’առնեն ուսուցիչներուն հետ խօսակցելու, այս գրականութիւնը գործածելով։ Անոնք կրնան բացատրել թէ ասիկա ուսուցիչին պիտի օգնէ որ հասկնայ թէ ինչո՛ւ Եհովայի Վկաները կ’ընտրեն չմասնակցիլ որոշ գործունէութիւններու։ Այս տեղեկութիւնները ուսուցիչին մատչելի դարձնելը կրնայ մեծապէս նպաստել համագործակցութեան հոգի մը յառաջ բերելու։

4 Ասկէ զատ, լաւ կ’ըլլայ որ Քրիստոնեայ աշակերտները դպրոցին մէջ միշտ ունենան իրենց գրքերուն հետ Դպրոց գրքոյկէն անձնական օրինակ մը։ Յաճախ պատեհութիւններ կը հանդիսանան վկայութիւն մը տալու ուրիշ աշակերտներու, որոնք հարցումներ կ’ուղղեն երբ ուշադրութեան կը յանձնուին մեր հաւատալիքները։ Նաեւ, Վկայ պզտիկները պէտք է ամէն ատեն անձամբ կրեն իրենց Advance Medical Directive/Release քարտը կամ Identity Card–ը, որ այժմէական, պատշաճօրէն վկայուած ու ստորագրուած է։ Անոնք որոնք այս յորդորանքը կը կիրարկեն, վստահաբար այն խորագէտին նման պիտի ըլլան որ «չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ»։—Առ. 22։3

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել