Ծանուցումներ
◼ Գործածուելիք գրականութիւնները Նոյեմբերին. Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց։ Դեկտեմբերին. Մեծագոյն Մարդը որ Ապրած Է։ Յունուարին. 1982–էն առաջ հրատարակուած որեւէ 192–էջնոց գիրք զոր ժողովքը ունի։ Այն ժողովքները որոնք հին գրականութիւնները չունին, պիտի ներկայացնեն Իրական Խաղաղութիւն եւ Ապահովութիւն Կարելի՞ Է։ Փետրուարին. Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը մէջ։ Այս գրքին տեղաւորումներուն պէտք է յաջորդեն վերայցելութիւններ, եւ ջանք պէտք է թափուի Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։ ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. Այն ժողովքները որոնք վերոյիշեալ ներկայացուելիք գրականութիւններուն կարիքը ունին, պէտք է զանոնք խնդրեն իրենց յաջորդ ամսական Գրականութիւններու Խնդրանքի Թուղթին (S–14) միջոցաւ։ Վերոյիշեալ հին գրականութիւնները Ընկերութեան կողմէ մատչելի չեն։ Ներկայացնելը պէտք է ըլլայ վերայցելութիւններուն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին։
◼ 1 Յունուար 1995–ի թիւէն սկսեալ, Ընկերութիւնը պիտի արտադրէ Դիտարանը Սպաներէն լեզուով ձայներիզի վրայ արձանագրուած։ Բաժանորդագրութիւնները պէտք է ժողովքին միջոցաւ խնդրել։