Հարցումի Տուփ
◼ Ի՞նչ զգուշութիւն պէտք է ընենք երբ անապահով թաղամասի մը մէջ կ’աշխատինք։
1 Երթալով աւելի կը լսենք տեղեկագիրներ բռնութեան, յարձակումներու եւ ընկերային խռովութեան մասին, մանաւանդ քաղաքներու մէջ։ Թէեւ կը մտահոգուինք, գիտենք որ նոյնիսկ անհանդարտ շրջաններու մէջ անկեղծ անհատներ կան որոնք Թագաւորութեան պատգամին պիտի ընդառաջեն։ Ուստի երբ յարմար է, պէտք է համարձակ ըլլանք մեր քարոզչական գործը շարունակելու, վստահ ըլլալով Եհովայի հսկողութենէն։—Առ. 29։25. Ա. Թես. 2։2
2 Սակայն, ամէն ատեն պէտք է բանաւոր ու խոհեմ ըլլանք։ Մեր թաղամասին մէջ թերեւս կարգ մը շրջաններ աւելի վտանգաւոր նկատուին քան ուրիշներ։ Հետեւաբար, Եհովա մեզմէ կ’ակնկալէ որ զգոյշ ըլլանք եւ լաւ դատողութիւն գործածենք։ Գերուշադիր եղէք։ «Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ, բայց միամիտները առաջ կ’անցնին ու կը վնասուին»։ (Առ. 22։3) Փորձառու հրատարակիչները կը գնահատեն միասնաբար աշխատելուն իմաստութիւնը, ըլլայ զոյգ զոյգ կամ, եթէ հարկ կայ, նոյնիսկ մի քանի հրատարակիչներէ բաղկացած խմբակներով։ Ժողովողի 4։9, 12 կը նշէ. «Երկուքը մէկէն աղէկ է . . . եթէ մէկը անոնց բռնութիւն ընէ, երկուքը կրնան անոր դէմ դնել»։
3 Շատ մը ժողովքներու մէջ, հրատարակիչները սկսած են կեդրոնանալ երեկոյեան վկայութեան վրայ։ Անոնք տեղեկագրած են որ կարգ մը թաղամասերուն մէջ գրեթէ ամէն տան մէջ անհատ մը գտած են, ուր աւելի կանուխ ժամանակ քիչեր իրենց տուները կը գտնուէին։ Եթէ ստիպուած էք փողոցները ըլլալ մթննալէ ետք կամ այնպիսի ժամանակ մը որ ապահով չէ, խուսափեցէք չլսաւորուած ճամբաներէն քալելէ ուր քիչ երթեւեկ կայ։ Ձեր վրայ մի դնէք սուղ գոհարեղէն։ Եթէ պիտի կողոպտուիք, արագօրէն դուք ձեզ բնորոշեցէք որպէս Եհովայի Վկաներէն մէկը։ Մի դիմադրէք եթէ անոնց ուզածը միայն ձեր դրամը կամ ինչքն է. ձեր կեանքը աւելի արժէք ունի քան որեւէ նիւթական բան զոր ունիք։—Մար. 8։36
4 Առաջնորդութիւն առնող եղբայրները պէտք է գերուշադիր ըլլան։ Եթէ որեւէ տեսակ անսովոր խանգարում զարգանայ կամ կարգ մը անհատներ պատճառեն դժուարութիւններ ու խռովութիւն, իմաստութիւն է որ հրատարակիչներու խումբը անմիջապէս թաղամասը ձգէ։ Մի վիճաբանիք անոնց հետ որոնք կը թուին սպառնացող կամ ասպարէզ կարդացող ըլլալ։ Հետագային, կարելի է կարգադրութիւններ ընել թաղամասին մէջ կրկին աշխատելու ժամանակ առ ժամանակ, հոն բնակողներուն պատեհութիւնը տալով որ յոյսի պատգամը լսեն։
5 Եթէ գերուշադիր ու զգոյշ ենք, կրնանք շարունակել այն պարկեշտ անհատներուն հասնիլ, որոնք ‘եղած բոլոր պղծութիւններուն համար կը հառաչեն ու կ’ողբան’։—Եզեկ. 9։4