Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 5/12 էջ 1
  • Ծառայութեան ընթացքին զգոյշ եղիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան ընթացքին զգոյշ եղիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հարցումի Տուփ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
  • Ծառայութիւնդ ամբողջովին կը կատարե՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
  • Ձեր Ծառայութեան Մէջ Ազդու Եղէք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
  • Ծառայութեան մէջ Ոսկի կանոնին հետեւէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
թծ 5/12 էջ 1

Ծառայութեան ընթացքին զգոյշ եղիր

1. Ծառայութեան ընթացքին զգոյշ ըլլալը ինչո՞ւ կարեւոր է։

1 «Իբրեւ ոչխարներ գայլերու մէջ», Աստուծոյ ծառաները «կամակոր ու խոտորեալ ազգին մէջ» կը քարոզեն (Մատ. 10։16. Փլպ. 2։15)։ Քաղաքացիական խռովութեան, խուժանային բռնութեան եւ անգութ առեւանգումներու ահաւոր տեղեկագրութիւնները սովորական են,– ապացոյց մը՝ որ չար մարդիկ «չարութեան մէջ [կը] յառաջանան» (Բ. Տիմ. 3։13)։ Աստուածաշնչական ո՞ր սկզբունքները ի գործ դնելը մեզի պիտի օգնէ որ ծառայութեան մէջ ‘խորագէտ ըլլանք’ (Մատ. 10։16)։

2. Ի՞նչ պարագաներու ներքեւ իմաստութիւն է թաղամասը ձգել եւ այլուր քարոզել։

2 Խորագիտութեամբ գործէ։ Առակաց 22։3–ը կը շեշտէ թէ իմաստութիւն է ‘զգուշանալ’ կամ պահուըտիլ աղէտէն։ Արթո՛ւն կեցիր։ Սովորաբար ապահով եղող շրջանի մէջ, պարագաները կրնան անսպասելիօրէն փոխուիլ։ Թաղին մէջ թերեւս նկատես ոստիկաններու գալը կամ ամբոխներու կազմուիլը։ Ատեններ ազնիւ տանտէր մը կրնայ մեզ զգուշացնել։ Փոխանակ առ ի հետաքրքրութիւն տնտնալու, իմաստութիւն է անմիջապէս մեկնիլ եւ ուրիշ տեղ շարունակել քարոզել (Առ. 17։14. Յովհ. 8։59. Ա. Թես. 4։11)։

3. Ժողովող 4։9–ի սկզբունքը ինչպէ՞ս մեր ծառայութեան կը կիրարկուի։

3 Միասնաբար աշխատիլ։ Ժողովող 4։9–ն կ’ըսէ. «Երկուքը մէկէն աղէկ է»։ Թերեւս վարժուած ես ապահովաբար առանձին ծառայել, բայց այժմ այդպէս ընելը տակաւին ապահո՞վ է։ Կարգ մը շրջաններու մէջ՝ այո՛. սակայն այլուր, այլեւս ապահով չէ որ քոյր մը կամ պատանի մը առանձին դռնէ դուռ ընէ, մա՛նաւանդ՝ արեւամուտէն ետք։ Փորձառութիւնը փաստած է թէ ուշադիր ընկերակից ունենալը անգին է (Ժող. 4։10, 12)։ Ծառայութեան խումբի միւս անդամներուն ուշադրութիւն ընծայէ։ Սովորութիւն դարձուր հրատարակիչներուն իմացնել թէ թաղամասէն կը մեկնիս։

4. Ինչպէ՞ս կրնանք ժողովքի բոլոր անդամներուն պաշտպանութեան համար աշխատիլ։

4 Որպէս ‘մեր հոգիներուն համար հսկողներ’, երէցները պատասխանատու են գործնական ուղղութիւն տալու՝ ըստ տեղական պարագաներուն (Եբ. 13։17)։ Եհովայի օրհնութենէն վստահ ենք, մինչ քրիստոնէական համեստութիւն կը դրսեւորենք եւ անոնց հետ լիովին կը համագործակցինք (Միք. 6։8. Ա. Կոր. 10։12)։ Թող որ Աստուծոյ բոլոր ծառաները թաղամասերուն մէջ ազդու վկայութիւն տան, սակայն միշտ զգոյշ ըլլալով։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել