‘Հիմնովին վկայութիւն տալ’. շէնքերու մէջ վկայելով
1. ‘Բարի լուրի մասին հիմնովին վկայութիւն տալը’ ի՞նչ կը պարփակէ։
1 Պօղոս առաքեալին նման, մեր փափաքն է ‘բարի լուրի մասին հիմնովին վկայութիւն տալ’ (Գործք 20։24, ՆԱ)։ Հետեւաբար կը ջանանք մեր թաղամասին մէջ կարելի եղածին չափ շատ անհատներու հաղորդել Թագաւորութեան պատգամը։ Ասիկա կը պարփակէ այն բազմաթիւ անհատները, որոնք յարկաբաժիններէ բաղկացած շէնքերու մէջ կը բնակին։ Երբեմն, այսպիսի բնակիչներու հանդիպիլը կրնայ մարտահրաւէր ըլլալ։ Սակայն, քանի որ շէնքերը մարդոցմով խճողուած կ’ըլլան, անոնք բարի լուրը տարածելու բազմաթիւ պատեհութիւններ կը ներկայացնեն մեզի։
2. Խոհեմութիւնը եւ լաւ դատողութիւնը ինչո՞ւ անհրաժեշտ են շէնքերու մէջ վկայելու համար։
2 Ոճիրի ու բռնութեան սպառնալիքին ի տես, հետզհետէ աւելի շատ շէնքերու դռները փակ կ’ըլլան եւ անոնց վրայ կը հսկեն դռնապաններ ու լուսանկարչական մեքենաներ (Բ. Տիմ. 3։1, 2)։ Թերեւս վարչութեան կեցուածքն է՝ անհրաւէր անհատներուն թոյլ չտալ ներս մտնել։ Պատասխանատուն կրնայ մեզմէ խնդրել որ շէնքէն դուրս ելլենք, մանաւանդ եթէ յարկաբնակ մը գանգատի։ Ուստի խոհեմ ըլլալը եւ լաւ դատողութիւն գործածելը կարեւոր են։
3. Շէնքերու մէջ վկայելու լաւագոյն ժամանակը ե՞րբ է եւ ինչո՞ւ։
3 Ե՛րբ վկայել։ Ինչպէս այլ տեսակի թաղամասերու մէջ, շէնքերու մէջ քարոզելու լաւագոյն ժամանակն է՝ երբ բնակիչները տունը գտնուին։ Կրնանք կասկած արթնցնել եթէ յարկաբնակներուն մեծամասնութեան բացակայութեան ժամանակ երթանք։ Շատ մը հրատարակիչներ մարդիկը տունը գտած են երեկոյեան կանուխ ժամերուն, շաբաթ կէսօրէ ետք եւ կիրակի յետմիջօրէին։ Առաւօտեան կանուխ ժամերուն շէնքերու մէջ վկայելը, մանաւանդ շաբաթավերջերուն, կրնայ պատճառ ըլլալ որ յարկաբնակները պատասխանատուին գանգատին։
4, 5. Ի՞նչպէս կրնանք կարգ մը շէնքերէ ներս մտնել, որոնց մուտքի դուռը կղպուած է։
4 Ներս մտնելու արտօնութիւն ստանալ։ Հրատարակիչներ ծառայութեան սկսելէ առաջ պէտք չէ շէնքի պատասխանատուին կամ անձնակազմին հետ շփման մէջ գան։ Եթէ կղպուած շէնքին մուտքին ինթըրքոմ կայ, կրնանք զայն գործածել յարկաբնակ մը գտնելու, որ թոյլ կու տայ մեզի որ ներս մտնենք ու իրեն հետ խօսինք։ Անոր վկայելէ ետք, թերեւս կրնանք շէնքին մէջ տունէ տուն քարոզել։ Սակայն այլ պարագաներու մէջ, խոհեմութիւն է շէնքէն դուրս ելլել եւ ինթըրքոմ–ը կրկին գործածել՝ ուրիշ յարկաբնակի մը հետ խօսելու։ Լաւ դատողութիւն պէտք է գործածենք որոշելու թէ նոյն առիթով քանի՛ յարկաբնակներու հետ այս կերպով պիտի խօսինք։
5 Կարգ մը յարկաբնակներ թերեւս նախընտրեն որ ինթըրքոմ–ի միջոցաւ այցելութեանդ նպատակը նշես։ Այս պարագային, բարեկամական կերպով դուն քեզ ծանօթացուր։ Տանտիրոջ անունը գործածէ, եթէ գրուած է։ Նիւթդ ամփոփօրէն ներկայացուր։ Ոմանք յաջողութիւն գտած են՝ Պատճառաբանել գրքէն բացում մը ուղղակի կարդալով։
6. Ի՞նչ պէտք է ընենք, երբ պիտի քարոզենք շէնքի մը մէջ որ դռնապան ունի։
6 Եթէ շէնքի մը դռնապանը թոյլ չի տար որ շէնքին մէջ քարոզենք, ջանանք իրեն վկայել։ Բազմաթիւ դռնապաններ մեր հրատարակութիւնները հաճոյքով կը կարդան։ Թերեւս կարենանք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ եւ զայն նախասրահին մէջ վարել։ Եթէ դռնապանը մեզի թոյլ տայ որ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած յարկաբնակի մը այցելենք, սովորաբար նախընտրելի է որ միւս դռները չզարնենք ու քարոզելու ազատ չզգանք։
7. Վկայութեան պայուսակին նկատմամբ ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենանք։
7 Պարկեշտ հագուածք ու վարմունք։ Մեծ պայուսակներ կրելը կրնայ մեր վրայ ուշադրութիւն հրաւիրել։ Ուստի յարմար է փոքր պայուսակ գործածել կամ երբեք չգործածել։ Կարգ մը հրատարակիչներ ներկայացնելիք հրատարակութիւնները կը դնեն բարակ ծրարի մը մէջ, իսկ Աստուածաշունչը կը կրեն իրենց ձեռքին կամ գրպանին մէջ։
8. Շէնքերու մէջ վկայելու համար, խումբը ի՞նչպէս պէտք է կազմակերպուի։
8 Նախընտրելի է մեծ խումբերով չհաւաքուիլ, մանաւանդ նախասրահներու կամ կառատուներու մէջ, քանի որ ասիկա անհարկի ուշադրութիւն պիտի հրաւիրէ։ Յատուկ նախազգուշութիւններ պէտք է առնենք, երբ քարոզենք ոճիրի բարձր համեմատութիւն ունեցող շրջաններու շէնքերուն մէջ (Առ. 22։3)։ Օրինակ, երկու կամ երեք զոյգ հրատարակիչներ կրնան նոյն յարկին մէջ քարոզել, իրարու մօտիկ մնալով, թերեւս կարգով՝ զոյգ մը դուռը կը զարնէ, մինչ միւսները կը սպասեն։
9. Ի՞նչպէս կրնանք քաղաքավարութիւն ցուցաբերել, եւ ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։
9 Երբ շէնք մը մտնես, կօշիկդ սրբէ եւ մուտքի դուռը լաւ գոցէ։ Այսպէս թոյլ չես տար որ յարկաբնակները գանգատին։ Անգամ մը որ ներս մտար, առանց տնտնալու ուղղուէ դէպի վերելակ կամ այն յարկը, ուր պիտի քարոզես։ Ասիկա դիտողներուն կասկածը պիտի փարատէ։
10. Ի՞նչպէս կրնանք նրբանցքներուն մէջ անհարկի աղմուկ հանելէ խուսափիլ։
10 Շատ մը շէնքերու մէջ, աղմուկը նրբանցքներուն մէջ կը տարածուի։ Ուստի տանտիրոջ լսելի ըլլալէն աւելի բարձր ձայնով մի՛ խօսիր։ Երբ միւս հրատարակիչներուն հետ խօսիս, ձայնդ ցած պահէ, բայց հանդարտ ու չափաւոր թոնով խօսէ, որպէսզի կասկած չարթնցնես։ Որպէսզի յարկաբնակները անհարկիօրէն չխանգարուին, կարգ մը հրատարակիչներ նախ նրբանցքին մէկ վերջաւորութեան գտնուող դուռ մը կը զարնեն, ապա միւս վերջաւորութեան գտնուող դուռ մը, փոխանակ նրբանցքին բոլոր դռները կարգաւ զարնելու։ Ասկէ զատ, դուռը զօրաւոր կամ հեղինակաւոր կերպով զարնելը կրնայ ներս եղողները վախցնել։
11. Եթէ դռնածակ կայ, ի՞նչ թելադրութիւններ կրնան օգտակար ըլլալ։
11 Եթէ դռնածակ կայ, այնպէս մը կայնէ որ ներսէն դիտողը կարենայ քեզ ու ընկերակիցդ տեսնել։ Ուղղակի դռնածակին նայէ, եւ երբ զգաս թէ մէկը կը դիտէ, ջերմօրէն բարեւէ եւ սկսէ նիւթդ ներկայացնել։ Եթէ անհատը հարցնէ. ‘Ո՞վ է’, թերեւս լաւագոյն բանն է՝ անունդ եւ ընկերակիցիդ անունը տալ։ Միտքը հանգիստ ըլլալով, թերեւս տանտէրը դուռը բանայ։ Այլապէս, կրնաս շարունակել ներկայացումդ տալ։
12. Երբ տունը չեղողներուն դրան առջեւ հրատարակութիւն մը պիտի ձգենք, ի՞նչպէս կրնանք խնդիրներէ խուսափիլ։
12 Տունը չեղողներ։ Շէնքերու պատասխանատուները յաճախ կը գանգատին, թէ ստիպուած են նրբանցքէն կամ շրջակայքէն հրատարակութիւններ հաւաքել։ Դրան առջեւ ձգուած հրատարակութիւն մը կրնայ դիւրաւ հոս–հոս իյնալ եւ աղբ դառնալ։ Հետեւաբար, տունը չեղողներուն դրան առջեւ որեւէ հրատարակութիւն այնպէս մը պէտք է դրուի, որ անցորդներէն անտեսանելի ըլլայ։
13. Ի՞նչ պէտք է ընենք եթէ զայրացած տանտիրոջ մը հանդիպինք։
13 Զայրացած տանտէրներ։ Եթէ զայրացած տանտիրոջ մը հանդիպինք, որ կ’ուզէ պատասխանատուն կանչել, նախընտրելի է այդ յարկէն հեռանալ եւ ուրիշ ատեն վերադառնալ, կամ բոլորովին շէնքէն հեռանալ, որպէսզի պատասխանատուին հետ բախում չունենանք։ Նոյնիսկ եթէ տանտէրը մասնայատուկ կերպով չխնդրէ որ ապագային իրեն չայցելենք, լաւ կ’ըլլայ յարկաբաժնին թիւը նոթագրել, որպէս անհատ մը՝ որուն պէտք չէ այցելել, եւ զայն թաղամասի քարտին կցել։ Ըստ սովորութեան, այսպիսի տանտէրներու պարբերաբար պէտք է այցելել, անոնց փափաքը զատորոշելու համար։
14, 15. Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ շէնքին մէկ ներկայացուցիչը խնդրէ որ մեկնինք։
14 Եթէ խնդրուի որ մեկնիս։ Եթէ շէնքին մէջ վկայելու ընթացքին, պատասխանատուն, պահակը, նորոգութեան հոգ տանողը կամ այլ ներկայացուցիչ մը խնդրէ որ մեկնիս, խոհեմութիւն է անմիջապէս համակերպիլ։ Չենք ուզեր բախում ունենալ եւ օրինական քայլեր առնելու կամ ոստիկանութեան դիմելու սպառնալիքին առիթ տալ։ Շատ մը պարագաներուն, շէնքին անձնակազմը Եհովայի վկաներուն դէմ կանխադատութիւն չունի, այլ պարզապէս իր պարտականութիւնը կը կատարէ։
15 Երբեմն, երբ շէնքին մէկ ներկայացուցիչը խնդրէ որ մեկնիս, թերեւս կարենաս ազնուօրէն եւ փափկանկատօրէն այցելութեանդ նպատակը բացատրել (Ա. Պետ. 3։15)։ Մենք կը գիտակցինք թէ ան պատասխանատուութիւն ունի բնակիչները ուրախ պահելու եւ շէնքին ապահովութիւնը պահպանելու։ Թերեւս ան թոյլ տայ որ շէնքին մէջ մնաս։ Այլապէս, ազնուաբար շէնքէն մեկնէ։ Եթէ պարագաները թոյլատրեն, կրնաս արտօնութիւն խնդրել որ կանոնաւորաբար հրատարակութիւններ տեղաւորես նախասրահին կամ լուացքատան մէջ (Կող. 4։6)։ Ծառայութեան տեսուչը այսպիսի պարագաներու շուրջ միշտ տեղեակ պէտք է ըլլայ։
16. Ի՞նչ պէտք է ընենք, երբ շէնքի մը մէջ վկայելու ատեն խնդիրները յարատեւեն։
16 Թերեւս բաւական ժամանակ ետք, հրատարակիչները կրնան խոհեմօրէն փորձել այդ շէնքին մէջ դարձեալ վկայել։ Սակայն եթէ խնդիրները յարատեւեն, երէցները մասնաճիւղին պէտք է դիմեն օգնութեան համար։ Հրատարակիչները կրնան ջանալ յարկաբնակներուն այլ կերպերով վկայել, ինչպէս՝ հեռաձայնով կամ նամակով։ Կարգ մը հրատարակիչներ փողոցի վկայութեան կը մասնակցին ուղղակի շէնքին առջեւ, առաւօտեան եւ երեկոյեան ժամերուն, երբ մարդիկ ընդհանրապէս գործի կ’երթան կամ անկէ կը վերադառնան։
17. Շէնքերու մէջ վկայելը ինչո՞ւ կարեւոր է։
17 Այս չար դրութեան վախճանը մօտալուտ է։ Միայն անոնք որ Եհովայի անունը կը կանչեն պիտի փրկուին։ Սակայն «ի՞նչպէս պիտի կանչեն անոր, եթէ անոր չհաւատան, կամ ի՞նչպէս պիտի հաւատան անոր, որուն վրայով չեն լսած» (Հռով. 10։13, 14)։ «Յաւիտենական կեանքի սահմանուած»ներէն շատեր շէնքերու մէջ կը բնակին (Գործք 13։48)։ Խոհեմ ըլլալով եւ լաւ դատողութիւն գործածելով, կրնանք բարի լուրը անոնց հաղորդել։