ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ ՎԿԱՅԵԼԸ—ԿԵՐՊ ՄԸ ՇԱՏԵՐՈՒ ՀԱՍՆԵԼՈՒ
1 Շատ ապացոյցներ կան թէ այժմ կ’ապրինք «վերջին օրեր»ուն մէջ։ (Բ. Տիմ. 3։1) Անկասկած Թագաւորութիւնը քարոզելու եւ աշակերտելու համար մնացած ժամանակը կարճցած է։ Հետեւաբար, ամէն մէկս պէտք է ստիպողականութեամբ գործէ ուրիշներու օգնելու որ Եհովա Աստուծոյ ընդունելի երկրպագուներ ըլլան։
2 Պօղոս առաքեալ զգաց իր պատասխանատուութիւնը իր հաւատքը յայտարարելու։ (Հռովմ. 10։10) Ան գիտէր թէ «Աստուած կ’ուզէ որ բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Ա. Տիմ. 2։4) Ճշմարտութիւնը ճանչնալուն համար, Պօղոս ինքզինք նկատեց թէ բոլորին պարտական էր։ Ասիկա աւելցուց ստիպողականութեան իր զգացումը բարի լուրը յայտարարելու։ Ան ըսաւ. «Որչափ որ ձեռքէս կու գայ, յօժարութիւն ունիմ . . . աւետարանը քարոզել։ Վասնզի ես ամօթ չեմ սեպեր աւետարանը քանզի Աստուծոյ զօրութիւնն է ան՝ բոլոր հաւատացեալներուն փրկութեան համար»։—Հռովմ. 1։14–17
3 Անձամբ կը զգա՞նք այս նոյն պարտական ըլլալը եւ նոյնանման ժրաջանութիւն մը կը յայտնաբերե՞նք ամէն անհատի հասնելու մեր թաղամասին մէջ։ Մինչ կը նախընտրենք բարի լուրը բաժնել ուրիշներու հետ երես առ երես, ինչպէս դռնէ–դուռի ատեն, ինչո՞ւ մեր գործունէութիւնը սահմանափակենք ասոր։ Կարելի է որ շատեր մեր ժողովքի թաղամասին մէջ երբեք չեն խօսած Եհովայի Վկայի մը հետ։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ։
4 Չաշխատցուած Թաղամաս. Ձեր թաղամասը դռնապաններով պաշտպանուած շատ բարձր յարկաբաժիններ ունի՞։ Թերեւս մեծապէս ապահովուած շէնքեր կան որոնց կարելի չէ դռնէ–դուռ այցելել։ Արդեօք ժողովքին թոյլ չէ՞ տրուած բարի լուրը քարոզել թաղամասին մէջ եղած այնպիսի վայրի մը մէջ ուր մուտքը մասնաւոր արտօնութեամբ է։ Շատ հաւանական է որ այսպիսի տեղեր բնակող կարգ մը անհատներ երբեք չեն լսած Աստուծոյ Թագաւորութեան օրհնութիւններուն մասին։ Անհատներ կա՞ն որոնք բնաւ տունը չեն գտնուիր։
5 Պէտք չէ յուսահատինք այս մարդոց հասնելու նկատմամբ, անոնց հետ հաղորդակցութեան մէջ գալու դժուարութեան ի տես։ Եհովա ի՞նչպէս կը դիտէ պարագան։ Պետրոս առաքեալ կը գրէ. «Տէրը . . . չուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն։ . . . Մեր Տէրոջը երկայնմտութիւնը փրկութիւն սեպեցէք»։ (Բ. Պետ. 3։9, 15) Կեանքեր պարփակուած են եւ Եհովա հետաքրքրուած է իւրաքանչիւր անհատով։ (Մատթ. 18։14) Ինչպէ՞ս կրնանք ցուցաբերել Եհովայի յայտնաբերած կարեկցութիւնն ու ողորմութիւնը այս անհատներու հանդէպ։ Վստահ ըլլալով թէ մեր թաղամասին մէջ եղող ամէն անհատ վկայութիւն կը ստանայ։—Գործք 20։20, 21. Յայտ. 14։6, 7
6 Կազմակերպուած Լման Գործունէութեան մը Համար. Անցեալին Ընկերութիւնը քաջալերեց անոնց որոնք իրենց տուներուն դատապարտուած էին, ըլլա՛յ առժամապէս կամ մնայուն կերպով՝ հիւանդութեան կամ ֆիզիքական տկարութեան պատճառաւ, որ հեռաձայնը օգտագործեն։ Անոնք որոնք այսպիսի վիճակի մէջ են պէտք է շարունակեն այս ընտիր գործը։ Նաեւ, տեղեկագրուած է թէ կարգ մը եղբայրներ եւ քոյրեր, մէջը ըլլալով կանոնաւոր եւ օժանդակ ռահվիրաներ, գործածած են հեռաձայնով վկայելը որպէս յաւելուած բան մը իրենց սովորական դռնէ–դուռ ծառայութեան վրայ։
7 Կարգ մը ժողովքներ ծրագրուած աշխատանք տարած են կարգադրելու համար հեռաձայնով վկայելը։ Աւելի մեծ յաջողութիւն տեղեկագրուած է երբ երէցները առաջնորդութիւնը առած են թաղամասերը կազմակերպելու մէջ եւ թիկունք կանգնելուն մէջ ըլլա՛յ անձամբ կամ ուրիշ հրատարակիչներու միջոցաւ։ Ծառայութեան տեսուչը պատասխանատու է վերահսկելու այս գործունէութիւնը։ Սակայն, երէցներու մարմինը կրնայ ընտրել որակելի ոեւէ երէց կամ պատասխանատու օգնական ծառայ որպէսզի սերտօրէն աշխատի ծառայութեան տեսուչին հետ այս գործը կազմակերպելու։
8 Այն հրատարակիչները որոնք յաղթահարած են իրենց սկզբնական դժկամակութիւնը եւ փորձառութիւն ձեռք ձգած են հեռաձայնով վկայելու առնչութեամբ, տեսած են որ անիկա արդիւնաբեր դաշտ մըն է։ Սկիզբը, թերեւս միայն մի քանի հրատարակիչներ եւ ռահվիրաներ պիտի հեռաձայնեն։ Անոնք վկայելու այս տեսակին քաջածանօթ ըլլալէ ու հանգիստ զգալէ ետք, անոնց խանդավառութիւնը եւ քաջալերական փորձառութիւնները կրնան ուրիշներ մղել որ սորվին ինչպէ՛ս բաժին բերեն քարոզչական գործին այս հետաքրքրական երեսակին մէջ։
9 Ո՛ւր Սկսիլ. Կարելի է բնակողներու անունները առնել անուանացանկէն յարկաբաժինի մուտքին մէջ։ Ետքը կարելի է փնտռել հեռաձայնի թիւերուն վրայ հեռաձայնի ուղեցոյցին մէջ։
10 Վկայելու գործունէութեան բոլոր տեսակներուն մէջ, մեծապէս օգտակար է ճշգրիտ արձանագրութիւններ պահել։ Ասիկա նաեւ ճիշդ է հեռաձայնով վկայելու պարագային։ Գործածելով տունէ–տուն արձանագրութիւն մը, ուշադրութեամբ նոթագրեցէք օգտակար տեղեկութիւններ, ինչպէս՝ նկատի առնուած նիւթը, տանուտիրոջ հետաքրքրութիւնները եւ այն նիւթը որ նկատի պիտի առնուի յաջորդ անգամ։ Նշեցէք թէ ե՛րբ պիտի հեռաձայնէք կամ անձնական այցելութիւն մը պիտի ընէք։
11 Անձնական Յայտագրի Հարկ Կայ. Սովորութիւն դարձնելը կ’օգնէ ձեր ինքնավստահութիւնը կերտելու եւ երկչոտութիւնը վանելու։ Նախընտրելի է հեռաձայնել երբ մարդիկ աւելի հաւանական է որ տունը գտնուին, ինչպէս՝ իրիկուան ժամանակ եւ շաբաթավերջերը։ Յատկացուցէք կանոնաւոր ժամանակ իւրաքանչիւր շաբաթ հեռաձայնելու։ Ոմանք Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութենէն առաջ եղած մէկ ժամը արդիւնաբեր գտած են։ Փորձեցէք գիտնալ թէ ձեր շրջանին մէջ ինչ բան աւելի կը յաջողի։
12 Ի՛նչպէս Նախապատրաստուիլ. Խօսեցէք անոնց հետ որոնք կը վայելեն ծառայութեան այս առանձնաշնորհումը եւ գաղափարներ առէք։ Միշտ դրական եղէք։ Եհովայի նայեցէք որպէս ձեր ոյժին ու զօրութեան աղբիւրը եւ աղօթքով իր առաջնորդութիւնը փնտռեցէք։ (Սաղմ. 27։14. Փիլ. 4։13) Ծրագրեցէք ձեր բոլոր սիրտը դնելու այս գործունէութեան մէջ, ճիշդ ինչպէս որ կ’ընէք վկայելու միւս տեսակներուն մէջ։—Բաղդատել Մարկոս 12։33։
13 Փորձառութիւնը ցոյց տուած է որ սեղանի մը շուրջ նստիլը կրնայ օգնական ըլլալ։ Թիկնաթոռի մը վրայ նստիլը կը խթանէ յստակ մտածելը եւ կեդրոնանալը։ Մէջտեղ դրէք վկայելու բոլոր նիւթերը զորս կարելի է որ գործածէք—թերթիկներ, ընթացիկ ներկայացուելիք գրականութիւնը, ամենավերջին պարբերաթերթերը կամ հետաքրքրական կարգ մը հին թիւերը, Աստուածաշունչը, Պատճառաբանել գիրքը, ինքնահոս մը կամ մատիտ մը եւ տունէ–տուն արձանագրութիւններ։ Ձեր գրականութիւնը թող մատչելի ըլլայ, նոյնիսկ բացուած՝ որոշ յօդուածի մը վրայ։ Ձեր ներկայացումը լման կերպով փորձ ըրէք։ Ձեր միտքը պահեցէք թէ ձեր հեռաձայնելու նպատակն է վկայութիւն մը տալ եւ այցելութիւն մը կարգադրել անհատին հետ կարելի եղածին չափ շուտ։
14 Հեռաձայնելը. Հանգստացէք։ Ձեր բնական կերպով խօսեցէք։ Ջերմ, հաճոյալի ձայնի մը կարիքը կայ հեռաձայնով ազդեցիկ վկայութիւն մը տալու համար։ Ձեր ժպիտը պիտի ցոլացուի ձեր ձայնի եղանակով։ Դանդաղօրէն ու յստակօրէն խօսեցէք, գործածելով բաւարար ձայնի աստիճան։ Քաղաքավար, համբերող եւ բարեկամական եղէք։ Մերժումէն մի վախնաք։ Ընդունեցէք այն իրողութիւնը թէ անհատներ կրնան չհետաքրքրուիլ ձեր պատգամով։ Անոր դիտեցէք ինչպէս որ պիտի ընէիք ձեր կանոնաւոր դռնէ–դուռ ծառայութեան մէջ։
15 Ձեր բացումին մէջ, ձեր լման անունը տուէք։ Նախընտրելի է չըսել թէ որոշ յարկաբաժինի մը մէջ եղող բոլոր անհատներուն կը հեռաձայնէք, քանի որ ասիկա կրնայ արգելքներ յարուցանել։
16 Պատճառաբանել գրքէն շատ մը բացումներ կարելի է կարդալ բառ առ բառ խօսակցական ոճով։ Զոր օրինակ, կրնաք դուք ձեզ ծանօթացնել այս կերպով. «Բարեւ. անունս __________։ Ձեզի կը հեռաձայնեմ քանի որ անկարող եմ գալու եւ ձեզի անձամբ տեսնելու»։ Յետոյ, առանց դադար տալու, ըսէք. «Հետաքրքրուած եմ ձեր տեսակէտը առնելով թէ կեանքի որակը պիտի բարելաւուի՞։ Մեզմէ շատեր ուրախ են որ ողջ են, բայց ոմանք հարց կու տան. ‘Իսկապէս ուրախ կեանք մը կարելի՞ է’։ Ի՞նչ կը խորհիք անոր մասին։ [Առիթ տուէք որ պատասխանէ]։ Ի՞նչ բանը պիտի ըսէք թէ ներկայիս ուրախութեան ամենամեծ արգելքներէն մէկն է»։ Կամ վերոյիշեալ կերպով ձեր անձը ծանօթացնելէ ետք, կրնաք ըսել. «Ես պարփակուած եմ միջազգային յօժարակամ գործի մը մէջ եւ կը փափաքիմ ձեր գաղափարը առնել կեանքի իմաստին մասին։ Մինչ կը մեծնանք, կը գիտակցինք թէ կեանքը շատ կարճ է։ Արդեօք մտադրուած էր որ կեանքը ա՞յսպէս ըլլար։ Ի՞նչ կը խորհիք ասոր մասին»։—Տես Պատճառաբանել գիրքը, էջ 13 [11, Արաբ.], «Կեանք/Ուրախութիւն» ենթագլուխը։
17 Աստուածաշունչը գործածեցէք խօսակցութեան սկիզբը։ Եթէ թուի յարմար է, որոշ ատեն մը խօսակցութեան ընթացքին յիշեցէք թէ Եհովայի Վկաներէն մէկն էք։ Թոյլ տուէք որ տանուտէրը խօսակցութեան մասնակցի։ Մի վախնաք լսելու եթէ անհատը ուզէ բաժնել իր գաղափարը։ Անոր շնորհակալութիւն յայտնեցէք իր արտայայտութիւններուն եւ դիտողութիւններուն համար։ Պատրաստ եղէք գովելու։ Սակայն, եթէ անհատը սկսի խօսակցութեան վրայ տիրել կամ վիճաբանիլ, փափկանկատութեամբ վերջ դրէք խօսակցութեան։ Աստուծոյ հոգին թող առաջնորդէ ձեր ջանքերը եւ օգնէ ձեզի որ փնտռէք անոնց վրայ որոնց սրտերը ուղիղ են իրեն հանդէպ։
18 Աւելի լաւ է որ դուք եզրափակէք խօսակցութիւնը քան թէ թոյլ տաք որ տանուտէրը այդպէս ընէ։ Կրնաք եզրափակել պարզապէս հարցնելով եթէ կարելի է իր տունը այցելել որպէսզի աւելի խօսիք նկատի առնուած նիւթին մասին։
19 Հեռաձայնով Վկայելու Ուրախութեան մէջ Բաժին Բերէք. Բոլոր անոնք որոնց կը հեռաձայնենք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ պիտի ըլլա՞ն։ Ոչ, բայց ոմանք պիտի ըլլան։ Զոր օրինակ, քոյր մը մէկ ամսուայ ընթացքին աւելի քան 300 հեռաձայն ըրաւ։ Ինքզինք ծանօթացնելէ ետք, ան կը բացատրէր թէ ինչո՛ւ կը հեռաձայնէր քան թէ այցելէր իւրաքանչիւր տանուտէր։ Ապա ան հակիրճ ներկայացում մը կու տար։ Ատոր արդիւնքն էր 12 լաւ հեռաձայններ։ Ան տակաւին կը հաղորդակցի երեք հետաքրքրուած անհատներու հետ հեռաձայնի միջոցաւ եւ ուրիշ չորս անհատներ ընդունեցին որ զիրենք այցելէ իրենց տուներուն մէջ։ Անհատ մը Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը ընդունեց եւ այժմ կանոնաւորաբար այցելութիւն կը ստանայ։
20 Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտներուն պատուիրեց որ վկայութեան գործը տարածեն «մինչեւ երկրին ծայրերը»։ (Գործք 1։8) Կարգ մը շրջաններու մէջ, այս պատուէրը կատարելը կը նշանակէ հեռաձայնով վկայել։ Վերոյիշեալ նիւթը վերաքաղ ընելէ ետք, դուք ձեզի հարց տուէք. «Կրնա՞մ աւելին ընել ժողովքիս թաղամասին մէջ բարի լուրը քարոզելու ‘բոլոր մարդոց’, մէջը ըլլալով անոնք որոնք կ’ապրին չքարոզուած շրջաններու մէջ»։ Այն եղբայրները որոնք կիրարկեցին այս թելադրութիւնները մեծապէս քաջալերուեցան եղած արդիւնքներով։ Անոնք տեսան որ հեռաձայնով վկայելը բացառիկ կերպ մըն է ‘իրենց ծառայութիւնը մեծարելու’։ (Հռովմ. 11։13) Թող որ նոյն ուրախութեան փորձառութիւնը ունենաք հեռաձայնով վկայելու միջոցաւ։