ՍՐՏԱՆՑ ԾԱՌԱՅԵՑԷՔ
1 Որպէս Յիսուսի աշակերտներ, նշանակուած ենք Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին բարի լուրը քարոզելու եւ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտներ ընելու։ (Մատթ. 24։14. 28։19, 20) Երկրագունդին վրայ ուրիշ գործ մը չկայ որ անոր չափ ստիպողական կամ կարեւոր է։ Միլիոնաւոր մարդոց կեանքերը պարփակուած են։ Անիկա արժանի է մեր լաւագոյն ջանքին։ Պօղոսի յորդորանքը լաւ կերպով կը կիրարկուի. «Ինչ որ կ’ընէք՝ սրտանց ըրէք, որպէս թէ Տէրոջը»։ (Կող. 3։23) «Սրտանց» կը սահմանուի որպէս «բուռն խանդավառութիւն կամ միանպատակ նուիրում» ունենալ։ Արդեօք սրտանց կը ծառայէ՞ք։
2 Բոլոր սրտով ըլլալը ի՞նչ կը պահանջէ մեզմէ։ Եհովա ակնարկեց ընդունելի ծառայութեան որպէս տասանորդ։ (Մաղ. 3։10) Քան թէ որոշ գումար մը խորհրդանշէ, տասանորդը կը ներկայացնէ Եհովայի ծառայութեան մեր յատկացուցած ժամանակն ու ջանքը որպէս իրեն հանդէպ մեր սիրոյ արտայայտութիւնը եւ առ ի գիտակցութիւն մեր նուիրումին իրեն։ (Դիտ. 4/1/93 էջ 14) Մեր գործունէութիւնը պէտք է ցոլացնէ Եհովայի հանդէպ մեր սիրոյ ու նուիրումի խորութիւնը։ Բոլոր սրտով եղող անհատը կը մղուի Եհովայի ծառայելու իր առողջութեան եւ պարագաներուն ներած չափով։
3 Պօղոս խօսեցաւ նպաստաւոր կերպով այն Քրիստոնեաներու մասին որոնք յոյսի հիման վրայ ժրաջանօրէն կ’աշխատին։ (Ա. Տիմ. 4։10) Անոնք Եհովայի օրհնութեամբ կը վարձատրուին որ զիրենք հարուստ կ’ընէ։ (Առ. 10։22) Ճիշդ հակառակը, անոնք որոնք կու տան խնայողութեամբ կամ դժկամակելով, կը ձախողին այն ուրախութեան փորձառութիւնը ունենալ որ տալէն յառաջ կու գայ։ (Գործք 20։35) Եթէ մեր լաւագոյնը տալը անտեսենք, Եհովայէ իրապէս կողոպտած կ’ըլլանք իրեն պատկանած «տասանորդներ»ը։—Մաղ. 3։8
4 Մեր Լաւագոյնը Տանք. Երբ բաժին կը բերենք դաշտի ծառայութեան մէջ եւ մեր տեղեկագիրը կը յանձնենք, արդեօք տեղեկագիրը ճշգրի՞տ է։ Մեր Ծառայութիւնը գիրքը, էջ 104 [105, Արաբ.], կը նշէ. «Ձեր դաշտի ծառայութեան ժամանակը կը սկսի երբ կը սկսիք ձեր վկայութեան գործը եւ կը վերջանայ երբ կը լրացնէք ձեր վերջին հանդիպումը իւրաքանչիւր վկայելու ժամանակամիջոցին։ Պէտք չէ հաշուել այն ժամանակը որ դաշտի ծառայութեան ընթացքին կը տրամադրուի զովացուցիչներու կամ կերակուրի»։ Լաւ ծրագրելը եւ ջանք թափելը պահանջուած են լաւագոյնը իրագործելու համար երբ դաշտի ծառայութեան մէջ ենք։
5 Մեր լաւագոյնը տալը կը նշանակէ թէ մենք կ’ընենք մեր կրցածին չափ երբ ծառայութեան կը մասնակցինք։ Ան որ բոլոր սրտով է իր քարոզչութիւնը նպատակաւ պիտի չսահմանափակէ պատահական կերպով անպաշտօն վկայութիւն տալու, քան թէ դռնէ–դուռ գործին մասնակցելու։ Բոլոր սրտով եղող, պատանի չմկրտուած հրատարակիչը քարոզելու պիտի չերթայ միայն քանի որ իր ծնողքը կը պնդեն, ցուցաբերելով քիչ հետաքրքրութիւն տունէ–տուն ծառայութեան հանդէպ կամ չնչին բաժին բերելով ներկայացումը տալուն մէջ։
6 Պօղոս մեզ կը յորդորէ որ մեր ժրաջանութիւնը պահպանենք որպէսզի անփոյթ չըլլանք։ (Եբր. 6։11, 12) Ի՜նչ ուրախութիւն է որ կարողանանք մեր անձնական ծառայութիւնը վերաքաղ ընել ու ամչնալու պատճառ չգտնել—քանի որ բոլոր սրտով էինք։ (Բ. Տիմ. 2։15) Մեր մեծագոյն ուրախութիւնը պիտի ըլլայ երբ տեսնենք մեծ նեղութենէն վերապրողներուն մէջ այն անհատները որոնց անձամբ օգնած ենք։ Վստահաբար, Եհովա առատապէս կը վարձատրէ իրեն սրտանց ծառայողները։