ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿԱՆՈՆԱՒՈՐ ԵՂԷՔ
1 Դրական քայլեր կ’առնե՞նք որպէսզի կանոնաւոր կերպով բաժին բերենք դաշտի ծառայութեան մէջ։ Ջանասէ՞ր ենք մեր դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրը արագօրէն յանձնելու նկատմամբ Թագաւորութեան Սրահին մէջ ամէն ամիս։ Ասիկա բան մըն է որ բոլորս ալ պէտք է ջանանք ընել, բնաւ թոյլ չտալով որ ամիս մը անցնի առանց կերպով մը մեր հաւատքը հրապարակաւ արտայայտելու։—Հռովմ. 10։9, 10
2 Մենք կանոնաւոր ըլլալէ զատ, կ’ուզենք արթուն ըլլալ ուրիշներու օգնելու որ դաշտի ծառայութեան կանոնաւորապէս մասնակցին։ (Փիլ. 2։4) Ասիկա ինչպէ՞ս կրնանք ընել։ Կրնանք հրաւիրել չմկրտուած հրատարակիչները որոնք նոր սկսած են դաշտի ծառայութեան մասնակցիլ, որ մեզի հետ աշխատին։ Ծառայութեան հաստատ յայտագիր մը պիտի օգնէ որ իրենց սրտերուն մէջ ճշմարտութիւնը անխախտօրէն տեղաւորուած պահուի։
3 Դաշտի ծառայութեան մէջ կանոնաւոր եղէք։ Հաւատարմօրէն յանձնեցէք ձեր դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրը ամէն ամիս։ Ուրիշներու օժանդակեցէք որ ծառայութեան կանոնաւորապէս մասնակցին։ «Եղբայրութիւնը սիրեցէ՛ք»։—Ա. Պետ. 2։17