ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ ՅՈՒՆԻՍ ԱՄՍՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ
Յունիս 7–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 162
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Ուշադրութեան յանձնեցէք եւ հակիրճօրէն վերաքաղ ըրէք «Վերյիշեցումներ Ամառուան Համար»։ Ցոյց տուէք ձեռքի տակ պարբերաթերթեր ունենալու արժէքը, անպաշտօն վկայութեան մէջ գործածելու։
15 վյրկ. «Ուրիշներու Օգնեցէք որ Մեծագոյն Մարդուն Մասին Սորվին»։ Հարց պատասխանով։
20 վյրկ. «Թերթիկները Գործածեցէ՛ք Մեծագոյն Մարդը Գիրքը Ներկայացնելու Համար»։ Ունկնդիրներուն հետ խօսակցութիւն։ Երկու ցուցադրութիւններ կարգադրեցէք։ Առաջինը պէտք է գործածէ 2–րդ պարբերութեան մէջ թելադրուած ներկայացումը։ Իսկ երկրորդ ցուցադրութիւնը պէտք է գործածէ 4–րդ պարբերութեան մէջ թելադրուած ներկայացումը։
Երգեցողութիւն թիւ 85 եւ փակման աղօթք։
Յունիս 14–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 46
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկէն ընտրուած ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ։ Առաջարկեցէք յարմար խօսակցական կէտեր ընթացիկ պարբերաթերթերուն մէջ, գործածուելու համար դաշտի ծառայութեան մէջ այս շաբաթավերջը։
15 վյրկ. Հարցումի Տուփ։ Դասախօսութիւն երէցի մը կողմէ։ Ցոյց տուէք մեր պատասխանատուութիւնը պատշաճօրէն վարուելու երբ մկրտութեան ներկայ կը գտնուինք։ Դեկտեմբեր 1991–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկի Հարցումի Տուփէն կապ ունեցող կէտեր գործածեցէք։
20 վյրկ. «Ինչո՛ւ Թերթիկները Շատ Արժէքաւոր Են Մեր Ծառայութեան մէջ Այսօր»։ Հարց պատասխանով։ Վերջին պարբերութենէն ետք, թող որ ցուցադրութիւն մը ցոյց տայ թէ որքա՛ն դիւրին է թերթիկ մը գործածելը անպաշտօն վկայութեան մէջ։
Երգեցողութիւն թիւ 112 եւ փակման աղօթք։
Յունիս 21–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 55
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Յիշեցէք տեղական ժողովքի Մարտ Ամսուան Ծառայութեան Տեղեկագրին աչքառու կէտերը։ Պարփակեցէք հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրը։ Գնահատանք արտայայտեցէք նիւթական գետնի վրայ նեցուկ կանգնելուն համար տեղական ժողովքին ինչպէս նաեւ Ընկերութեան աշխարհածաւալ գործին։
15 վյրկ. «Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւններ Սկսիլ Մեծագոյն Մարդը Գրքով»։ Հարց պատասխանով։ 2–րդ պարբերութենէն ետք, ցուցադրեցէք ինչպէս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ այս գիրքով։ Հրատարակիչը կը սկսի գրքին 111–րդ գլուխին առաջին երեք պարբերութիւնները կարդալով եւ յետոյ կը շարունակէ յօդուածին 2–րդ պարբերութեան մէջ թելադրուած ներկայացումով։
20 վյրկ. Ստեղծագործութեան մասին դասախօսութիւն, հիմնուած Պատճառաբանել գրքին վրայ, էջ 84–8 [կամ էջ 188–92, Արբ.]։ Դասախօսը պէտք է ընտրողական ըլլայ, ժամանակին ներած չափով կէտեր գործածելով։
Երգեցողութիւն թիւ 114 եւ փակման աղօթք։
Յունիս 28–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 123
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Աստուածպետական Լուրեր։ Ուշադրութեան յանձնեցէք մի քանի խօսակցական կէտեր ընթացիկ պարբերաթերթերէն զորս կարելի է գործածել անպաշտօն վկայութեան ատեն։
20 վյրկ. «Դաշտի Ծառայութեան մէջ Կանոնաւոր Եղէք»։ Դասախօսութիւն ծառայութեան տեսուչին կամ ուրիշ որակելի եղբօր մը կողմէ։ Ժամանակին ներած չափով, վերաքաղ ըրէք Մեր Ծառայութիւնը Կատարելու Համար Կազմակերպուած գրքին տեղեկութիւնները, էջ 106–10 [կամ էջ 107–111, Արբ.]։ Շեշտեցէք կարիքը որ բոլորն ալ կանոնաւորաբար բաժին բերեն ծառայութեան մէջ եւ ամսուան վերջաւորութեան շուտով յանձնեն դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները։
15 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ։ Կարելի է կէտեր վերաքաղ ընել ժողովքին կարիքին մասին ինչպէս որ ցոյց տրուեցան շրջանային տեսուչին վերջին այցելութեան ընթացքին։
Երգեցողութիւն թիւ 113 եւ փակման աղօթք։