Ծառայութեան Ժողովներ Դեկտեմբեր Ամսուան Համար
Դեկտեմբեր 5–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 150
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկէն յարմար ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ։ Ցոյց տուէք մէկ կամ երկու ուշագրաւ յօդուածներ զորս կարելի է գործածել ամենավերջին պարբերաթերթերը ներկայացնելու ատեն։ Թող որ ատակ հրատարակիչ մը ներկայացում մը ցուցադրէ, գործածելով յօդուածներէն մէկը։
15 վյրկ. «Տիպար մը Որու Սերտօրէն Հետեւինք»։ Հարց պատասխանով։
18 վյրկ. «Ուրիշները Հրաւիրենք որ Մեծագոյն Մարդուն Հետեւին»։ Ունկնդիրներուն հետ յօդուածը նկատի առէք։ Կարգադրեցէք երկու կարճ ցուցադրութիւններ։ Շեշտեցէք կարիքը ճշգրիտ տունէ–տուն արձանագրութիւններ պահելու. ամփոփ կերպով վերաքաղ ըրէք թէ ի՛նչ տեղեկութիւններ պէտք է արձանագրել։
Երգեցողութիւն թիւ 114 եւ փակման աղօթք։
Դեկտեմբեր 12–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 28
13 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Աստուածպետական Լուրեր։ Հաշիւի տեղեկագիրը, պարփակելով որեւէ նուիրատուութեան ընկալագիր։ Մի քանի առաջարկներ մատուցանեցէք թէ ինչպէ՛ս պատասխանել աշխարհային տօնական բարեւներուն։—Տես Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկը, Դեկտեմբեր 1990, էջ 8։
14 վյրկ. «Ձեր Ուսուցումին Յարատեւ Ուշադրութիւն Ընծայեցէք»։ Դասախօսութիւն դպրոցի տեսուչին կողմէ։ Վերաքաղ ըրէք «1995–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Յայտագիր»ին հրահանգները, նշելով որեւէ յիշեցում որու կարիքը ժողովքը յատկապէս ունի։
18 վյրկ. «Գնահատանք Ցուցաբերենք Աստուծոյ Տան Հանդէպ»։ Հարց պատասխանով։ Յաւելեալ մեկնաբանութիւններ ըրէք ճշդապահութեան կարիքին մասին ժողովներուն նկատմամբ։—Տես Դիտարանի 15 Յունիս 1990 թիւը, էջ 26-9, Արաբերէնով։
Երգեցողութիւն թիւ 57 եւ փակման աղօթք։
Դեկտեմբեր 19–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 204
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Վերաքաղ ըրէք դաշտի ծառայութեան տեղական կարգադրութիւնները յառաջիկայ տօնական ժամանակաշրջանին ընթացքին։ Թելադրեցէք կերպեր ընթացիկ պարբերաթերթերը ներկայացնելու տեղական թաղամասին մէջ։
15 վյրկ. «Զանոնք Քաջալերենք որ Իր Հետեւորդները Ըլլան»։ Ունկնդիրներուն հետ յօդուածը նկատի առէք։ Կարգադրեցէք երկու կարճ ցուցադրութիւններ։ Յանձնարարեցէք որ բոլորն ալ ամէն շաբաթ գործածեն դաշտի ծառայութեան ժամանակէն մաս մը վերայցելութիւններ ընելու համար։
20 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ։
Երգեցողութիւն թիւ 21 եւ փակման աղօթք։
Դեկտեմբեր 26–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 172
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Նկատի առէք «Ձեր Ժողովներուն Ժամերը Պիտի Փոխուի՞ն» եթէ կը կիրարկուի ձեր ժողովքին։
10 վյրկ. Դասախօսութիւն ներկայացուցէք «Ձեր Զաւկին կ’Օգնէ՞ք որ Եհովան Ընտրէ» յօդուածին մասին, 1 Հոկտեմբեր 1994 Դիտարանէն, էջ 26-30, Արաբերէնով։
10 վյրկ. Նախապատրաստուինք Յունուար Ամսուան Ներկայացումին Համար։ 1982–էն առաջ հրատարակուած որեւէ 192–էջնոց գիրք կարելի է գործածել։ Եթէ ժողովքը այսպիսի գիրքեր չունի, կրնայ ներկայացնել Իրական Խաղաղութիւն եւ Ապահովութիւն Կարելի՞ Է գիրքը։ Եթէ այս գիրքը տեղականօրէն պիտի գործածուի, ներկայացում մը պատրաստեցէք որ կրնայ գործածուիլ գիրքը առաջարկելու համար վերայցելութեան ատեն։ Եթէ ուրիշ գիրք մը պիտի ներկայացուի, պատրաստեցէք մէկ կամ երկու յարմար ներկայացումներ անոր համար։ Գաղափարներ ներկայացումներուն համար կարելի է գտնել Պատճառաբանել գրքին մէջ, էջ 9-15։ Թող որ ատակ հրատարակիչ մը ցուցադրէ ներկայացումը։
20 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ։
Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։