Ծառայութեան Ժողովներ Յունուար Ամսուան Համար
Յունուար 2–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 57
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։
25 վյրկ. «Եհովայի Վկաներու 1995–ի ‘Ուրախ Փառաբանողներ’ Նահանգային Համաժողովը»։ Քարտուղարը հարց–պատասխանով յօդուածը նկատի կ’առնէ։ Նախ, կարդացէք 15 Դեկտեմբեր 1994–ի համաժողովի նշանակումի նամակը։ Յօդուածին երրորդ պարբերութիւնը նկատի առնելէ ետք, կարդացէք Recommended Lodging Locations ցանկին բացման ու փակման պարբերութիւնները։ Կարդացէք յաւելուածական յօդուածին 4, 5, 8, 12 եւ 13–րդ պարբերութիւնները։ Շեշտեցէք որ բոլորն ալ պէտք է իջեւան ընտրեն Recommended Lodging Locations ցանկէն նոյնիսկ եթէ պիտի յաճախեն նշանակուած շրջանէն դուրս եղող համաժողովի մը, ինչպէս որ նշուած է 12–րդ պարբերութեան մէջ։ Շեշտեցէք յօդուածին մէջ յիշուած Աստուածաշունչի սկզբունքները. պարկեշտութիւնը, հնազանդութիւնը, ուրիշներու հանդէպ սիրալիր նկատառութիւնը, եւ այլն, նոյնիսկ եթէ թուի որ ո՛չ մէկը օթեւանի դիւրութիւնները պիտի գործածէ։ Գովեցէք զանոնք որոնք կը համագործակցին Ընկերութեան իջեւանելու կարգադրութեան հետ։ Խուլերուն համար ցցուն ըրէք 16 եւ 17–րդ պարբերութիւնները։
15 վյրկ. «Մեր Հին Գրքերը Օգտագործենք»։ Ունկնդիրներուն հետ յօդուածը նկատի առէք։ Ժողովքին տեղեկացուցէք թէ ի՛նչ հին գրքեր մատչելի են. զանոնք քաջալերեցէք որ օրինակներ առնեն ծառայութեան մէջ գործածելու համար։ Կարգադրեցէք մէկ կամ երկու կարճ ցուցադրութիւններ առաջարկուած ներկայացումներուն մասին։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 9–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 77
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւներուն տեղեկագիրը։ Վերաքաղ ըրէք Երբ Սիրելի մը կը Մեռնի գրքոյկին հետաքրքրական երեսակները։ (Տեսէք Հոկտեմբեր 1994 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկը, էջ 7։) Բոլորը քաջալերեցէք որ իրենց հետ օրինակներ ունենան եւ զանոնք առաջարկեն երբ յարմար է։ Յայտարարեցէք 16 Յունուարին համար եղած դաշտի ծառայութեան մասնաւոր կարգադրութիւնները։
15 վյրկ. «Շինիչ Հովուութիւնը»։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Դիտարանի 15 Սեպտեմբեր 1993 թիւին էջ 21-3, ենթագլուխին ներքեւ եղած տեղեկութիւններուն վրայ։ Ցցուն ըրէք Աստուածաշունչի խրատը օգնելու համար խնդիրներու հետ գլուխ ելլելու։
15 վյրկ. Պատրա՞ստ Էք Հաւատքին Ասպարէզ Կարդացող Բժշկական Վիճակ մը Դիմագրաւելու։ Լուրջ բայց քաջալերական դասախօսութիւն ատակ երէցի մը կողմէ, եղբայրներուն օգնելու որ գնահատեն մեր Advance Medical Directive/Release քարտին եւ Identity Card–ին պաշտպանական արժէքը։ Կրկնեցէք անցեալ Յունուար ամսուան յայտագիրը, վստահ ըլլալու համար թէ բոլոր անոնք որոնք որակելի են ու այս պաշտպանութիւնը կ’ուզեն, կրնան զայն ստանալ քարտերը լեցնելով։ Մանրամասնութիւններու համար, տեսէք Յունուար 1994 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկը, էջ 2, «Յունուար 10–ով Սկսող Շաբաթը» խորագրին ներքեւ։
Երգեցողութիւն թիւ 160 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 16–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 127
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Բացատրեցէք խօսակցական կէտեր ամենավերջին պարբերաթերթերէն։ Բոլորը քաջալերեցէք որ այս շաբաթավերջը դաշտի ծառայութեան մասնակցին։
18 վյրկ. «Ուրիշներու Հանդէպ Նկատառութիւն Ցոյց Տանք—Մաս Ա»։ Հարց պատասխանով։ Պարփակեցէք վերյիշեցումներ թէ երէցները պէտք է սերտօրէն համագործակցին ստուգելու համար թէ տանիքը, կապարեայ խողովակները, օդափոխութեան ու ջերմութեան միջոցները, ելեկտրական դրութիւնները եւ Թագաւորութեան Սրահին ապահովութեան միջոցները լաւ վիճակի մէջ են։—Տեսէք Նոյեմբեր 1984 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկը, էջ 4, եւ Դեկտեմբեր 1985 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկը, էջ 6, Անգլերէնով։
17 վյրկ. «Վերայցելութիւններ Ընելով Ձեր Հոգածութիւնը Ցուցաբերեցէք»։ Երեք կամ չորս հրատարակիչներ կը խօսակցին վերայցելութիւններ ընելու նպատակին ու կարեւորութեան մասին։ Շեշտեցէք ուսումնասիրութիւններ սկսելու նպատակակէտը։ Վերաքաղ ըրէք առաջարկուած ներկայացումները։ Մէկ կամ երկու ցուցադրութիւններ կարգադրեցէք, եւ անոնց մասին հրատարակիչներու խումբը թող գովասանք մատուցանէ ու բարելաւման համար՝ թելադրութիւններ։
Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 23–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 204
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ, եւ ուր որ կիրարկելի է, պարփակեցէք խօսակցութիւն քիչ անգամ աշխատցուած թաղամասին մասին։ Վերաքաղ ըրէք 1 Յունուար 1995–ի նամակը։ Հրատարակիչները քաջալերեցէք որ նշանակումի մը համար դիմումնագիր կանուխ ներկայացնեն։ Եթէ հրատարակիչներ կան որոնք կը փափաքին օգնել մօտակայ ժողովքներու թաղամասերուն նկատմամբ, պէտք է շրջանային տեսուչին հետ կապ պահել Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբին միջոցաւ։
10 վյրկ. «Աստուածպետական Գրադարան մը Ինչպէ՛ս Կազմակերպել»։ Դասախօսութիւն հիմնուած Դիտարանի 1 Նոյեմբեր 1994 թիւին վրայ, էջ 28-31։
15 վյրկ. «Անձնական Ուսումնասիրութիւնը—Լուրջի Առնուելիք Հարց մը»։ Հարց պատասխանով։ Ընտրուած մեկնաբանութիւններ պարփակեցէք Դիտարանի 3/1/86 թիւէն, էջ 8-13։
Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 30–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 172
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Աստուածպետական Լուրեր։
17 վյրկ. «Միշտ՝ Ընելիք Շատ Բան Կայ»։ Հարց պատասխանով։ Կարգադրեցէք երկու կամ երեք կարճ հարցազրոյցներ բազմազբաղ անհատներու հետ, ինչպէս՝ երէց մը, տանտիկին մը կամ ռահվիրայ մը. անոնցմէ խնդրեցէք որ բացատրեն թէ ինչպէ՛ս լեցուն յայտագիր մը ունենալով հանդերձ իրենց ուրախութիւնը կը պահպանեն։
18 վյրկ. Փետրուար Ամսուան մէջ Յաւիտեան Ապրիլ Գիրքը Ներկայացնենք։ Բացատրեցէք թէ ինչո՛ւ մարդիկ կարիքը ունին այս գրքին բովանդակած տեղեկութիւնները ձեռք ձգելու։ (Տեսէք Դիտարանի 1 Ապրիլ 1988 թիւը, էջ 25-6, պարբերութիւններ՝ 17 եւ 18։) Ամփոփ կերպով պատմեցէք փորձառութիւններ որոնք ցոյց կու տան զանիկա կարդացող անկեղծ անհատներու յայտնաբերած գնահատանքը։ (Տեսէք Դիտարանի 1 Սեպտեմբեր 1989 թիւը, էջ 32, եւ 1 Դեկտեմբեր 1991 թիւը, էջ 32։) Կարգ մը առաջարկներ տուէք թէ ինչպէ՛ս կրնանք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ այն հետաքրքրուողներուն հետ որոնց հետ Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը տեղաւորեցինք։ Կարգադրեցէք որ ատակ հրատարակիչ մը հակիրճ կերպով ցուցադրէ երկրորդ ներկայացումը՝ «Կեանք/Ուրախութիւն» խորագրին ներքեւ, Պատճառաբանել գրքին 13–րդ էջին մէջ։ Կամ գործածեցէք ուրիշ ներկայացում մը որ տեղական թաղամասին համար յարմար է։ Ունկնդիրներուն յիշեցուցէք որ գրականութիւններ առնեն գործածելու համար ծառայութեան մէջ այս շաբաթ։
Երգեցողութիւն թիւ 113 եւ փակման աղօթք։