Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Յունուարին. 1982–էն առաջ հրատարակուած որեւէ 192–էջնոց գիրք զոր ժողովքը ունի։ Այն ժողովքները որոնք հին գրականութիւնները չունին, պիտի ներկայացնեն Իրական Խաղաղութիւն եւ Ապահովութիւն Կարելի՞ Է։ Փետրուարին. Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը մէջ։ Այս գրքին տեղաւորումներուն պէտք է յաջորդեն վերայցելութիւններ, եւ ջանք պէտք է թափուի Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։ Մարտին. Յայտնութիւն. Անոր Փառաւոր Յանգումը Մօտ Է։ Ապրիլին եւ Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Յաճախակի ծածկուած թաղամասին համար, կարելի է գործածել որեւէ գրքոյկ (Դպրոց գրքոյկէն զատ)։ Երբ հետաքրքրութիւն կը գտնուի վերայցելութեան ատեն, կարելի է բաժանորդագրութիւն առաջարկել։ ՆՇՄԱՐ. Այն ժողովքները որոնք վերոյիշեալ ներկայացուելիք գրականութիւններուն կարիքը ունին, պէտք է զանոնք խնդրեն իրենց յաջորդ ամսական Literature Request Form (S-14)–ին միջոցաւ։ Վերոյիշեալ 1982–էն առաջ եղած գրականութիւնները Պրուքլինի մէջ մատչելի չեն։
◼ Ժողովքները պէտք է յարմար կարգադրութիւններ ընեն այս տարի Յիշատակատօնը տօնակատարելու համար Ուրբաթ՝ Ապրիլ 14–ին, արեւնամուտէն ետք։ Մինչ փափաքելի է որ իւրաքանչիւր ժողովք Յիշատակատօնը առանձին տօնակատարէ, բայց ասիկա միշտ կարելի չէ։ Ուր որ մի քանի ժողովքներ սովորաբար նոյն Թագաւորութեան Սրահը կը գործածեն, թերեւս մէկ կամ աւելի ժողովքներ կարենան կարգադրել ուրիշ դիւրութիւն մը գործածել այդ իրիկուան համար։ Յիշատակատօնը պէտք չէ սկսի շատ ուշ ատեն այնպէս որ նոր հետաքրքրուած անհատները անյարմար գտնեն ներկայ ըլլալը։ Ասկէ զատ, յայտագիրը պէտք չէ շատ սեղմ ըլլայ այնպէս որ ժամանակ չմնայ տօնակատարութենէն առաջ կամ վերջ այցելուներուն բարեւելու, ոմանց յարատեւ հոգեւոր օժանդակութեան համար կարգադրութիւններ ընելու կամ փոխադարձ քաջալերութիւն վայելելու։ Բոլոր ազդակները լման կերպով նկատի առնելէ ետք, երէցները պէտք է որոշեն թէ ո՛ր կարգադրութիւնները լաւագոյնս պիտի օգնեն Յիշատակատօնին ներկայ եղողներուն որ առիթէն լիովին օգտուին։
◼ Կիրակի՝ 23 Ապրիլ 1995–ին, մասնաւոր հանրային դասախօսութիւն մը պիտի ներկայացուի բոլոր ժողովքներուն մէջ։ Խորագիրը պիտի ըլլայ՝ «Սուտ Կրօնքին Վախճանը Մօտ Է»։ Վստահ եղէք հրաւիրելու բոլոր զանոնք որոնք այս տարի Յիշատակատօնին ներկայ պիտի ըլլան։ Մասնաւոր ջանք մը պիտի թափուի միլիոնաւոր աշակերտներու օգնելու որոնց հետ տան մէջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարուին։ Այդ օրը ժողովէն ետք ներկայացուելիք նիւթը պիտի ոգեւորէ զանոնք եւ մեր բոլոր եղբայրները որ ակնկալեն բաժին մը բերել մասնաւոր թերթիկ մը բաշխելու մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ, ան ցոյց պիտի տայ անհատներու դիմագրաւած խնդիրները եւ կարիքը վճռաբար գործելու Աստուծոյ Խօսքին համաձայն։
◼ Փետրուարէն սկսեալ, եւ Մարտ 5–էն ոչ աւելի ուշ, շրջանային տեսուչներուն համար նոր հանրային դասախօսութիւնը պիտի ըլլայ՝ «Աստուածային Ուսուցումը կը Յաղթէ Համայն Աշխարհի մէջ»։ Ասիկա սլայտով ներկայացում մը պիտի ըլլայ որ ցցուն պիտի ընէ մասնաւոր միջազգային «Աստուածային Ուսուցում» Համաժողովները, որոնք տեղի ունեցան 1993 եւ 1994–ի ծառայութեան տարիներուն ընթացքին։ Ուր որ սլայտները աւելի ուշ ատեն մատչելի պիտի ըլլան, շրջանային տեսուչները պիտի ներկայացնեն «Ամէն Մխիթարութեան Աստուծոյն Ապաւինեցէք» դասախօսութիւնը եւ այդպէս պիտի շարունակեն մինչեւ որ սլայտները ձեռք ձգուին։ Երբ բոլոր ժողովքները սլայտի դասախօսութիւնը կ’ունենան, շրջանային տեսուչները պիտի շարունակեն «Ամէն Մխիթարութեան Աստուծոյն Ապաւինեցէք» դասախօսութիւնը ներկայացնել մինչեւ որ շրջանային տեսուչներուն համար յաջորդ նոր դասախօսութիւնը յայտագրուի 1996–ի սկիզբը։
◼ Յունուար 9–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին մէջ, ներկայ եղող բոլոր մկրտուած հրատարակիչներուն մատչելի պիտի ըլլայ Advance Medical Directive/Release քարտէն անձնական օրինակ մը եւ Identity Card՝ իրենց զաւակներուն համար։