Ուրիշներու Հանդէպ Նկատառութիւն Ցոյց Տանք—Մաս Ա
1 Մենք կ’ուրախանանք տեսնելով Եհովայի ժողովուրդին բարգաւաճումը, որու հետեւանքով ժողովքները աւելցած են։ Կարգ մը շրջաններու մէջ, մանաւանդ մեծ քաղաքներու մէջ, Թագաւորութեան Սրահներու դիւրութիւնները ծայրագոյն աստիճան կը գործածուին, երբեմն հարկ ըլլալով որ մի քանի ժողովքներ գործածեն նոյն Թագաւորութեան Սրահը։ Այս պարագան յաւելեալ նկատառութիւն կը պահանջէ բոլոր պարփակուողներուն կողմէ։
2 Թագաւորութեան Սրահը գործածող իւրաքանչիւր ժողովք պէտք է զայն ձգէ մաքուր ու կարգապահ վիճակի մը մէջ, ետքը եկող եղբայրներուն համար։ Աթոռները պէտք է շարել, հաշուասեղանին վրայ գրականութիւն պէտք չէ ձգել եւ Թագաւորութեան Սրահին մէջ մոռցուած որեւէ անձնական առակայ պէտք է հաւաքել։ Բաղնիքները պէտք է վայելուչ վիճակի մէջ պահել, վստահ ըլլալով թէ օճառը, անձեռոցը եւ արտաքնոցի թուղթերը հայթայթուած են եւ աղբի կողովները պարպուած են։
3 Երբ յայտագրուած է որ ուրիշ ժողով մը կարճ ժամանակէ ետք սկսի, առաջին ժողովին ներկայ եղողները պէտք չէ անհարկիօրէն մնան, արգելք հանդիսանալով յաջորդ ժողովին պատրաստութիւններուն։ Երկար ընկերային խօսակցութիւնները կրնան պատճառել խճողում նրբանցքին մէջ եւ եղբայրները ուշացնել որ պէտք եղածը կարգադրեն յաջորդ ժողովին համար։ Թագաւորութեան Սրահին շուրջ թերեւս փարգինկի վայրը սահմանափակ է, եւ ազնուութիւն է շուտով երթալը այնպէս որ եկող ինքնաշարժներուն տեղ գտնուի։ Միւս կողմէն, անոնք որոնք յաջորդ ժողովին ներկայ պիտի ըլլան պէտք չէ շատ կանուխ գան, պատճառելով անտեղի խճողում նրբանցքին ու փարգինկին մէջ։
4 Երբ մի քանի ժողովքներ պարփակուած են, մասնաւոր կարիք կայ սերտօրէն համագործակցելու կարգադրութիւններ ընելու համար Թագաւորութեան Սրահին շաբաթական մաքրութեան։ Սովորաբար, իւրաքանչիւր ժողովք կարգ կ’առնէ որոշուած ժամանակամիջոցի մը համար։ Երբ ձեր ժողովքը այդ պատասխանատուութիւնը կը վերցնէ, վստահ եղէք որ մաքրութիւնը լման կերպով ու արագօրէն կը կատարուի։ Այսպիսով, սրահը գործածող միւս ժողովքները դժգոհելու պատճառ մը պիտի չունենան։
5 Երբեմն հարկ կ’ըլլայ որ իւրաքանչիւր ժողովք իր ժողովներուն ժամերը փոխէ, ինչպէս՝ երբ շրջանային տեսուչը կ’այցելէ։ Երբ ուրիշ ժողովք մը կ’ազդուի, երէցները պէտք է միւս ժողովքին շատ կանուխ իմացնեն, այնպէս որ անոնք կարենան իրենց հրատարակիչներուն առաջուընէ տեղեկացնել։ Նաեւ, եթէ յայտագրուած է որոշ արտօնեալ գործունէութիւն մը, ինչպէս՝ Ռահվիրաներու Ծառայութեան Դպրոցը, շրջանի երէցներուն ժողով մը կամ հարսանիք մը, ազդուած միւս ժողովքներուն եւ շրջանային տեսուչներուն կարծիքը պէտք է առաջուընէ առնուի. այսպիսով, անոնք պիտի չյայտագրեն Թագաւորութեան Սրահին գործածութիւնը նոյն ժամանակին։
6 Կարգ մը սրահներ կան որոնք կը գործածուին տարբեր շրջաններու նշանակուած ժողովքներու կողմէ։ Կարեւոր է որ այս սրահները այցելող շրջուն տեսուչները իրարու տեղեակ պահեն յայտագրուած գալիք այցելութիւններուն նկատմամբ։ Վերջին վայրկեանի վերաճշդումներ կամ ուրիշ դժուարութիւններ կրնան յառաջ գալ երբ երկու շրջուն տեսուչներ այցելութիւններ կը յայտագրեն նոյն շաբթուան ընթացքին։
7 Ուրիշներու հանդէպ սիրալիր նկատառութիւնը, լաւ հաղորդակցութիւնը, առաջուընէ ծրագրելը եւ համագործակցութիւնը պիտի օգնեն որ ժողովքներու միջեւ ջերմ յարաբերութիւն մը պահպանուի եւ պիտի ապահովեն «ամէն բան վայելչութեամբ եւ կարգաւ» ըլլալը։—Ա. Կորն. 14։40