Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Փետրուարին. Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը մէջ։ Այս գրքին տեղաւորումներուն պէտք է յաջորդեն վերայցելութիւններ, եւ ջանք պէտք է թափուի Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։ Մարտին. Յայտնութիւն. Անոր Փառաւոր Յանգումը Մօտ Է։ Ապրիլին եւ Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Յաճախակի ծածկուած թաղամասին համար, կարելի է գործածել որեւէ գրքոյկ (Դպրոց գրքոյկէն զատ)։ Երբ հետաքրքրութիւն կը գտնուի վերայցելութեան ատեն, կարելի է բաժանորդագրութիւն առաջարկել։ ՆՇՄԱՐ. Այն ժողովքները որոնք վերոյիշեալ ներկայացուելիք գրականութիւններուն կարիքը ունին, պէտք է զանոնք խնդրեն իրենց յաջորդ ամսական Literature Request Form (S-14)–ին միջոցաւ։
◼ Քարտուղարը եւ ծառայութեան տեսուչը պէտք է վերաքաղ ընեն բոլոր կանոնաւոր ռահվիրաներուն գործունէութիւնը։ Եթէ անոնցմէ ոեւէ մէկը դժուարութիւն կը գտնէ ժամերու պահանջին գոհացում տալու մէջ, երէցները պէտք է կարգադրեն օժանդակութիւն հայթայթելը։ Թելադրութիւններու համար, վերաքաղ ըրէք Ընկերութեան նամակները (S-201). 1 Հոկտեմբեր 1993 եւ 1 Հոկտեմբեր 1992։ Նաեւ, նկատի առէք Օգոստոս 1986 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկին յաւելուածականին 12-20–րդ պարբերութիւնները։
◼ Յիշատակատօնի տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ 14 Ապրիլ 1995–ին։ Թէեւ դասախօսութիւնը կրնայ կանուխ սկսիլ, հաճեցէք վերյիշել թէ Յիշատակատօնի հացն ու գինին Պէտք է ներկայացնել միայն արեւնամուտէն ետք։ Տեղական աղբիւրներէ ստուգեցէք թէ ե՛րբ արեւնամուտը տեղի կ’ունենայ ձեր շրջանին մէջ։ Այդ թուականին որեւէ ժողով պէտք չէ վարուի, դաշտի ծառայութեան ժողովներէն զատ։ Եթէ ձեր ժողովքը կանոնաւորաբար ժողով կ’ունենայ Ուրբաթ օրը, կրնաք ուրիշ օր մը այդ ժողովը ընել եթէ Թագաւորութեան Սրահը մատչելի է։
◼ 23 Ապրիլ 1995–ին, ժողովքային հանդիպումներուն, շրջանային համաժողովներուն եւ մէկ օրուայ մասնաւոր համաժողովներուն վերջաւորութեան, ծանուցում մը պիտի ներկայացուի մասնաւոր աշխատանքի մը առընչութեամբ, որ պիտի սկսի լայնատարած կերպով բաշխելով չորս-էջնոց թերթիկ մը որ այժմէական պատգամ մը կը բովանդակէ։ Հրատարակիչներուն քաջալերութիւն պիտի տրուի որ յատկապէս ուշադրութիւն դարձնեն այն պարկեշտ սրտով անհատներուն որոնք լրջօրէն կը մտածեն իրենց դիմագրաւած շփոթեցուցիչ խնդիրներուն մասին եւ վստահելի առաջնորդութիւն կը փնտռեն։ Բոլոր հրատարակիչները, մէջը ըլլալով նորեկները որոնք դաշտի ծառայութեան պիտի սկսին Մարտ, Ապրիլ ու Մայիս ամիսներուն ընթացքին, պիտի ուզեն լման կերպով մասնակցիլ ու թիկունք կանգնիլ այս մասնաւոր արշաւին։
◼ Հրատարակիչներուն եւ հետաքրքրուողներուն շատ մը խնդրանքներուն ընդառաջելով, Ընկերութիւնը պատրաստած է պարբերաթերթի չափով գրքոյկ մը որու խորագիրն է՝ Ծրագրուած Նուիրելը Երկրածաւալ Թագաւորութեան Ծառայութեան Օգտելու։ Անոնք որոնք կը ծրագրեն մասնաւոր նուիրատուութիւն մը հիմա ընել կամ ժառանգ ձգել Ընկերութեան, կրնան այս տեղեկութիւններէն օգտուիլ, յատկապէս եթէ կը փափաքին ընտանեկան նպատակակէտ մը կամ կալուածքի նկատմամբ ծրագիր մը իրագործել մինչ տուրքի օգուտները կը գործածեն նուազեցնելու համար նուիրատուութեան կամ ժառանգին ծախքը։ Կարելի է գրքոյկէն օրինակ մը ձեռք ձգել գրելով կամ հեռաձայնելով Watch Tower Society, Planned Giving Desk, 100 Watchtower Drive, Patterson, NY 12563-9204, հեռաձայն (914) 878-7000։
◼ Այն հրատարակիչները որոնք կը փափաքին ծառայել որպէս օժանդակ ռահվիրաներ Մարտ, Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներուն ընթացքին, պէտք է հիմա ծրագրեն եւ իրենց դիմումնագիրները շուտով յանձնեն։ Ասիկա երէցներուն պիտի օգնէ որ դաշտի ծառայութեան անհրաժեշտ կարգադրութիւնները ընեն եւ ձեռքի տակ բաւարար գրականութիւններ ապահովեն։
◼ Շաբաթ 13 Մայիս 1995–ին, Ընկերութեան դիւրութիւնները Նիւ Եորքի՝ Պրուքլինի, Ուոլգիլի եւ Փէթըրսընի մէջ, փակ պիտի ըլլան գարնան մաքրութեան համար։ Հետեւաբար, կարգադրութիւններ պիտի չըլլան շրջագայութեան համար կամ ժողովքներու համար որ գրականութիւններ առնեն այդ օրը։
◼ Կոյրերու Համար Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.
Բ. Կարգի Անգլերէն. Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր—1995 (չորս հատորներ). 1995–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Յայտագիր (մէկ հատոր)։
Երբ կոյրերու համար եղած գրականութիւնները կ’ապսպրէք, խնդրանքին վրայ գրեցէք. ATTENTION: BRAILLE DESK։ Պարփակեցէք այն անհատին անունն ու հասցէն որ կոյրերու համար եղած գրականութիւնը պիտի գործածէ։