Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 3/95 էջ 1
  • Շատ Կը Տրուի՝ Շատ Կը Պահանջուի

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Շատ Կը Տրուի՝ Շատ Կը Պահանջուի
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մենք Մեզ Կամաւ Ներկայացնենք Ամէն Բարի Գործի Համար
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • Պատգամը՝ Զոր Պէտք Է Ծանուցանենք
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
թծ 3/95 էջ 1

Շատ Կը Տրուի՝ Շատ Կը Պահանջուի

1 Որքա՜ն առանձնաշնորհեալ ենք որ ճշմարտութիւնը ունինք։ Եհովային նուիրուելուն շնորհիւ, մեզի ‘բարի լուրը վստահուած է’։ (Ա. Թես. 2։4) Ասիկա մեզ կը դնէ աւելի մեծ պատասխանատուութեան մը տակ։ Յիսուս ըսաւ. «Որու որ շատ տրուեցաւ, շատ պիտի ուզուի անկէ»։—Ղուկ. 12։48բ

2 Այս խօսքերը որքա՜ն ճշմարիտ են։ Քանի որ բոլորս ալ օրհնուած ենք վայելելով Աստուծոյ Խօսքին գիտութիւնը, սքանչելի եղբայրակցութիւն մը եւ հոյակապ յոյս մը, ճշմարտաբար կրնայ ըսուիլ որ մեզի շատ տրուած է։ Տրամաբանական է որ փոխարէն շատ ակնկալուի։

3 Պահանջներուն Հանդէպ Պատշաճ Տեսակէտ մը Պահպանենք. Ոմանք եզրակացուցած են թէ մեզմէ խիստ շատ կ’ակնկալուի։ Որպէս Քրիստոնէական ժողովքի Գլուխը, Յիսուս Քրիստոս կ’որոշէ «ինչ որ պէտք է» որպէսզի ան պատշաճօրէն գործէ։ (Եփ. 4։15, 16, ՆԱ) Յիսուս մեզ կը վստահեցնէ թէ ‘իր լուծը քաղցր է եւ իր բեռը թեթեւ’։ (Մատթ. 11։28–30) Ան սիրալիր կերպով նկատի կ’առնէ սահմանափակումներ ունեցողները։ (Ղուկ. 21։1–4) Եթէ մեր լաւագոյնը ընենք՝ ի՛նչ որ ալ ըլլայ քանակը՝ պիտի օրհնուինք։—Կող. 3։23, 24

4 Դուք ձեզի հարցուցէք. ‘Թագաւորութեան շահերը կեանքիս մէջ առաջին տեղը կը գրաւե՞ն։ Ժամանակս եւ նիւթական միջոցներս կը գործածե՞մ այնպիսի կերպով մը որ Աստուծոյ անուան փառաբանութիւն կը բերէ եւ ուրիշներու կ’օգտէ։ Կը նկատե՞մ որ ամենամեծ հաճոյքս յառաջ կու գայ Եհովային ծառայելէն, փոխանակ նիւթական բաները անձնասիրաբար վայելելէն’։ Այս հարցումներուն մեր անկեղծ պատասխանները երեւան կը հանեն մեր սրտի մղումները։—Ղուկ. 6։45

5 Գէշ Բաներ Գործելու Փորձուելէ Խուսափինք. Ասկէ առաջ երբեք չեն եղած այսպիսի փորձութիւններ եւ ճնշումներ որպէսզի մէկը հետապնդէ շահախնդրութիւնը, ագահութիւնը եւ հեշտասէր հաճոյքի սէրը։ Ամէն օր բարոյական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւենք, զիջում ընելու փորձութիւններով։ Այս մարտահրաւէրներուն հետ գլուխ ելլելու համար, պէտք է Եհովայէն խնդրենք որ մեզի օգնէ։ (Մատթ. 26։41) Իր հոգիին միջոցաւ, ան կրնայ մեզ զօրացնել։ (Եսայ. 40։29) Աստուծոյ Խօսքը օրական ընթերցելը մեծ օգնութիւն մըն է։ (Սաղմ. 1։2, 3) Ինքնակրթութիւնը եւ ինքնազսպումը նաեւ մեծ դեր մը կը խաղան։—Ա. Կորն. 9։27

6 Բաւարար չէ սիրել ի՛նչ որ բարի է. պէտք է նաեւ ատենք ի՛նչ որ չար է։ (Սաղմ. 97։10) Ասիկա կը նշանակէ տենչանք չմշակել գէշ բաներուն հանդէպ։ Առակաց 6։16–19 կը թուէ եօթը բաներ զորս Եհովա կ’ատէ։ Բացայայտօրէն, մէկը որ կ’ուզէ Եհովան հաճեցնել պէտք է նաեւ ատէ այսպիսի բաներ։ Ճշմարտութեան ճշգրիտ գիտութեամբ օրհնուած ըլլալով, պիտի ուզենք այդ գիտութեան համաձայն գործել, մեր միտքը հաստատ պահելով լաւ բաներու վրայ։

7 Պատշաճ է աղօթել այն պարագաներուն համար որոնք նպաստաւոր են ‘ամէն ատեն Տէրոջը գործին մէջ աւելնալու’։ (Ա. Կորն. 15։58) Շատեր նկատած են որ Եհովայի ծառայութեան մէջ խճողուած յայտագիրը պաշտպանութիւն մըն է, որովհետեւ քիչ ժամանակ կը ձգէ անարժէք բաներ հետապնդելու։

8 Ամէն բան նկատի առնելով, ի՛նչ որ Եհովա մեզմէ կը պահանջէ շատ բանաւոր է։ (Միք. 6։8) Ամէն պատճառ ունինք երախտապարտ ըլլալու ծառայութեան իւրաքանչիւր առանձնաշնորհումին համար։ (Եփ. 5։20) Հետեւաբար, կը շարունակենք ‘ծանր աշխատիլ ու ճգնիլ’, վստահ ըլլալով որ մեր վարձատրութիւնը անսահմանօրէն աւելի մեծ պիտի ըլլայ քան որեւէ բան որ մեզմէ պահանջուած է։—Ա. Տիմ. 4։10, ՆԱ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել