Ծառայութեան Ժողովներ Մայիս Ամսուան Համար
Մայիս 1–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 14
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։
15 վյրկ. «Բարի Լուր Հեզերուն Համար»։ Ունկնդիրներուն հետ յօդուածը նկատի առ, ապա թող ցուցադրուին մէկ կամ երկու ներկայացումներ։
20 վյրկ. «Մասնաւոր Թագաւորութեան Լուրեր Ամէն Անհատի Համար»։ Դասախօսութիւն եւ ունկնդիրներուն հետ խօսակցութիւն, ծառայութեան տեսուչին միջոցաւ։ Վերաքաղ ըրէ ինչ որ իրագործուած է մինչեւ հիմա Թագաւորութեան Լուրերու բաշխումին նկատմամբ, յատկապէս նշելով ծառայութեան կարգադրութիւններուն տրուած լաւ աջակցութիւնը եւ նորեկներուն դաշտի ծառայութեան մասնակցիլը առաջին անգամ ըլլալով։ Խօսիր թաղամասին ծածկուելուն մասին. բացատրէ թէ ի՛նչ պէտք է ընել եթէ ուրիշ ժողովք մը օգնութիւն խնդրէ։ Բոլորը քաջալերէ որ յաւելեալ ջանք թափեն իրենց հետ եղած Թագաւորութեան Լուրերը բաշխելու։ Յայտնաբերուած հետաքրքրութեան մասին արձանագրութիւն մը պահելու եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու նպատակով վերայցելութիւններ ընելու կարեւորութիւնը շեշտէ։ Թող ցուցադրուի թելադրուած ներկայացումը։
Երգեցողութիւն թիւ 55 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 8–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 162
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ «Դուն Ալ Կրնաս Լաւ Փորձառութիւններ Վայելել»։ Ժամանակին ներած չափով, ունկնդիրները հրաւիրէ որ քաջալերական փորձառութիւններ պատմեն զորս վայելեցին Թագաւորութեան Լուրերը ներկայացնելով։
15 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ։ Կամ դասախօսութիւն՝ «Քրիստոնեաները Ինչպէ՛ս Գլուխ կ’Ելլեն Հանրապէս Նախատուելուն Հետ» յօդուածին մասին, Դիտարան Ապրիլ 1, 1995–ի Անգլերէն թիւին մէջ, էջեր 26–9։
15 վյրկ. «Տունը Չեղողներու Մասին Ինչո՞ւ Արձանագրութիւն մը Պահենք»։ Հարց պատասխանով։
Երգեցողութիւն թիւ 32 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 15–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 21
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւներուն տեղեկագիրը։
15 վյրկ. «Մեր Տիպարին Հետեւինք Որպէս Լոյս Կրողներ»։ Հարց պատասխանով։
20 վյրկ. «1995–ի ‘Ուրախ Փառաբանողներ’ Նահանգային Համաժողով»։ Հարց պատասխանով ծածկել 1–16 պարբերութիւնները։
Երգեցողութիւն թիւ 28 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 22–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 204
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Քաջալերէ օժանդակ ռահվիրայութիւնը ամառուան ամիսներուն ընթացքին։ Վերաքաղ ըրէ ուրուագծուած որակումները Մեր Ծառայութիւնը Կատարելու Համար Կազմակերպուած գրքին մէջ, էջեր 113–14։
15 վյրկ. «Ազատագրում Բերող Նշան Դնելը»։ Ունկնդիրներուն հետ յօդուածը նկատի առ։ Պարփակէ մէկ կամ երկու ցուցադրութիւններ, ցոյց տալու համար թէ ինչպէ՛ս վերայցելութիւններ կարելի է ընել։
20 վյրկ. «1995–ի ‘Ուրախ Փառաբանողներ’ Նահանգային Համաժողով»։ Հարց պատասխանով ծածկել 17–28 պարբերութիւնները։ Վերաքաղ ըրէ «Վերյիշեցումներ՝ Նահանգային Համաժողովի Վերաբերեալ» բաժինը։ Ժամանակին ներած չափով, վերաքաղ ըրէ յարմար մանրամասնութիւններ «Պարզում 1995–ի Նահանգային Համաժողովին Առնչութեամբ» յօդուածէն, Փետրուար 1995 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ։
Երգեցողութիւն թիւ 57 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 29–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 28
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Թելադրութիւններ ներկայացուր որոնք պիտի քաջալերեն հրատարակիչները որ դռներուն առջեւ փորձեն համար մը կարդալ որպէս իրենց ներկայացումին մէկ մասը։ Շատ մարդիկ յարգանք ունին Աստուածաշունչին հանդէպ եւ յօժար են մտիկ ընելու երբ անկէ կը կարդացուի։ Անոր խրատը ազդեցութիւն ունի եւ պիտի մղէ անհատ մը որ անկեղծ է։ Կրնայ պատշաճ ըլլալ որ ձեր Աստուածաշունչը ձեր ձեռքը ունենաք երբ դուռը կը զարնէք։ Համարները պէտք է զգացումով ու սահուն կարդացուին։—Տես Դպրոցի Ուղեգիրքը, էջեր 32–3, պարբերութիւններ 12–15։
12 վյրկ. Հարցումի Տուփ։ Հարց պատասխանով։ Բացատրէ թէ ինչո՛ւ ժողովներէն ա՛լ աւելի կ’օգտուինք երբ առաջուընէ կը պատրաստուինք ու նշանակուած բոլոր ուսումնասիրուելիք նիւթերը մեր հետ կը բերենք։
18 վյրկ. Ստեղծագործութիւն Գիրքը Յունիս Ամսուան Ընթացքին Ներկայացնենք։ Յիշէ հետաքրքրուած անհատներու արտայայտութիւնները, որոնք տպաւորուած էին Կեանքը Ինչպէ՞ս Գոյացաւ—Բարեշրջութեա՞մբ թէ Ստեղծագործութեամբ գիրքէն։ (Տես Դիտարան Մարտ 15, 1987, էջ 32. Մայիս 1, 1986, էջ 32. Սեպտեմբեր 1, 1986, էջ 31, Անգլերէնով։) Մատնանշէ այն պատկերները որոնք էջ 6, 236–7, 243 եւ 245–ի մէջ կը գտնուին, եւ ցոյց տուր թէ ինչպէ՛ս զանոնք կարելի է գործածել խօսակցութիւններ սկսելու համար։ Թող ատակ հրատարակիչ մը ցուցադրէ ներկայացում մը որ կը բացատրէ այն ընտրութիւնը զոր ամէն անհատ պէտք է ընէ յաւիտենական կեանք շահելու համար, գործածելով էջ 250–1–ի մէջ յիշուած միտքերն ու համարները։ Բոլորին վերյիշեցուր որ օրինակներ առնեն գործածելու համար ծառայութեան մէջ այս շաբաթավերջը։
Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։