Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Սեպտեմբերին. Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը պիտի գործածուի, եւ պէտք է ջանք թափուի տան մէջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու։ Հոկտեմբերին. Բաժանորդագրութիւններ կա՛մ Զարթի՛րին եւ կամ Դիտարանին համար։ Մասնաւոր ջանք թափեցէք պարբերաթերթերը տեղաւորելու։ Բաժանորդագրութիւնները կարելի է առաջարկել վերայցելութիւններու ատեն երբ հարազատ հետաքրքրութիւն կը յայտնաբերուի։ Նոյեմբերին. Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը եւ Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց։ ՆՇՄԱՐ. Այն ժողովքները որոնք վերոյիշեալ ներկայացուելիք գրականութիւններուն կարիքը ունին, պէտք է զանոնք խնդրեն իրենց յաջորդ ամսական Literature Request Form (S-14)–ին միջոցաւ։
◼ Վերակացու տեսուչը կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, պէտք է ժողովքի հաշիւները ստուգէ Սեպտեմբեր 1–ին, կամ անմիջապէս անկէ ետք։ Երբ ասիկա կը կատարուի, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք։
◼ Այն հրատարակիչները որոնք կը ծրագրեն Հոկտեմբերին ծառայել որպէս օժանդակ ռահվիրաներ, պէտք է իրենց դիմումնագիրները անյապաղ յանձնեն։ Ասիկա թոյլ պիտի տայ երէցներուն որ անհրաժեշտ կարգադրութիւնները ընեն գրականութիւններուն եւ թաղամասերուն համար։
◼ Երէցներուն կը վերյիշեցնենք որ գործադրեն Դիտարան Յուլիս 1, 1991–ի թիւին մէջ տրուած թելադրութիւնները, էջեր 21–3, ոեւէ վտարուողի կամ իր ընկերակցութիւնը խզած անհատի առնչութեամբ, որ կրնայ վերընդունուելու միտում ունենալ։
◼ Նոր Watchtower Publications List մը պատրաստուեցաւ եւ իւրաքանչիւր ժողովքի չորս օրինակներ պիտի ղրկուին։ Զանոնք պէտք է յանձնել քարտուղարին եւ այն եղբայրներուն որոնք հոգ կը տանին գրականութիւններուն, պարբերաթերթերուն եւ հաշիւներուն։
◼ Ընկերութիւնը շատ մը հարցումներ կը ստանայ հրատարակիչներէ եւ ուրիշներէ որոնք հետաքրքրուած են աստուածպետական գործունէութիւնները նիւթական գետնի վրայ յառաջ մղելով։ Այս հարցումներուն ընդառաջելով, Ընկերութիւնը պատրաստած է պարբերաթերթի չափով գրքոյկ մը, որու խորագիրն է՝ Ծրագրուած Նուիրելը՝ Թագաւորութեան Ծառայութեան Օգտելու Համար Համայն Աշխարհի մէջ։ Գրքոյկը կը բովանդակէ տեղեկութիւններ պարգեւներու, կտակներու եւ աւանդներու մասին, ինչպէս նաեւ՝ տեղեկութիւններ կալուածքի, դրամի եւ տուրքի առնչութեամբ ծրագրելու մասին։ Անոր նպատակն է օգնել անոնց որոնք կը փափաքին Թագաւորութեան ծառայութեան օգտել համայն աշխարհի մէջ որ ընտրեն լաւագոյն կերպը ատիկա ընելու, նկատի առնելով իրենց ընտանեկան եւ անձնական պարագաները։ Գրքոյկը կարդալով եւ խորհրդակցելով անոնց հետ որոնք կ’աշխատին Ընկերութեան Planned Giving Desk–ին հետ, շատեր Ընկերութեան օժանդակած են եւ միեւնոյն ժամանակ մեծապէս աւելցուցած են ասկէ յառաջ եկած տուրքի օգուտները։ Երէցները գրքոյկ մը ունին որ մատչելի է աչքէ անցընելու համար, իսկ անձնական օրինակ մը կարելի է ձեռք ձգել հեռաձայնելով կամ գրելով Watch Tower Society, Planned Giving Desk, 100 Watchtower Drive, Patterson, NY 12563-9204, հեռաձայն (914) 878-7000։