Ձեր Զաւակներուն Համար Ի՞նչ Նպատակակէտեր Դրած Էք
1 Կեանքի մէջ յաջողութիւնը կախեալ է արժանաւոր նպատակակէտեր դնելէ եւ իրագործելէ։ Անոնք որոնք սնոտի կամ անիրապաշտական նպատակակէտեր կը հետապնդեն, յուսախաբութեան եւ դժգոհութեան կը մատնուին։ Իմաստութիւն կը պահանջուի զատորոշելու համար հետապնդուելիք նպատակակէտերը որպէսզի ‘ճշմարիտ կեանքը ձեռք ձգուի’։ (Ա. Տիմ. 6։19) Որքա՜ն շնորհակալ ենք որ Եհովա, իր Խօսքին եւ կազմակերպութեան միջոցաւ, ճշգրտօրէն մեզի ցոյց կու տայ թէ ո՛ր ճամբան բռնենք։—Եսայ. 30։21
2 Այսպիսի սիրալիր ուղղութիւն հայթայթելով, Եհովա ընտիր օրինակ մը կը հանդիսանայ ծնողներուն։ Փոխանակ թոյլ տալու որ իրենց անփորձառու զաւակները ընտրեն թէ ո՛ր ճամբան լաւագոյնն է, իմաստուն ծնողները զանոնք կը մարզեն այն ճամբուն մէջ որու պէտք է հետեւին, եւ երբ անոնք կը մեծնան, ‘անկէ պիտի չխոտորին’։ (Առ. 22։6) Քրիստոնեայ ծնողներ փորձառութեամբ գիտեն թէ իրենց դատողութեան չեն կրնար վստահիլ. անոնք պէտք է Եհովայի ապաւինին։ (Առ. 3։5, 6) Այս կարիքը ա՛լ աւելի մեծ է զաւակներուն պարագային, որոնք սահմանափակ գիտութիւն եւ փորձառութիւն ունին։
3 Ծնողներ կրնան իրենց զաւակներուն դիմաց արժանաւոր նպատակակէտեր դնել, որոնք անոնց պիտի օգնեն որ ‘աւելի կարեւոր բաներու’ վրայ կեդրոնանան։ (Փիլ. 1։10, ՆԱ) Անոնք կրնան ընտանեկան ուսումնասիրութեամբ սկսիլ, քաջալերելով զաւակները որ անոր կարեւորութիւնը գնահատեն եւ անկէ սորվին։ Լաւ կ’ըլլայ որ զաւակները սովորութիւն դարձնեն նախապէս ուսումնասիրելը ժողովներուն համար եւ իրենց բառերով պատասխաններ պատրաստելը։ Քարոզչութեան գործին կանոնաւորաբար մասնակցիլը անհրաժեշտ է։ Պզտիկները կրնան մասնակցիլ թերթիկներ մատուցանելով, համարներ կարդալով կամ պարբերաթերթեր ներկայացնելով։ Երբ կրնան ընթերցել, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ արձանագրուիլը կ’արագացնէ իրենց հոգեւոր յառաջդիմութիւնը։ Որակելի ըլլալը որպէս չմկրտուած հրատարակիչ մը կամ մկրտութեան համար ընդունուիլը, մեծ քայլ մըն է դէպի առաջ։
4 Մինչ իրենց զաւակները պատանեկութեան կը հասնին, կամ նոյնիսկ անկէ առաջ, ծնողներ պէտք է իրապաշտական կերպով իրենց հետ խօսին ասպարէզի նպատակակէտերու մասին։ Դպրոցի խորհրդատուներ եւ դասընկերներ կրնան դիւրաւ ազդել անոնց ի նպաստ աշխարհային, նիւթապաշտական հետապնդումներու։ Ծնողներ պէտք է օգնեն իրենց զաւակներուն որ ընտրեն այն դասընթացքները որոնք գործնական մարզում կը հայթայթեն, զիրենք զինելով որ հոգ տանին իրենց նիւթական կարիքներուն առանց Թագաւորութեան շահերը զոհելու։ (Ա. Տիմ. 6։6–10) Զանոնք կարելի է քաջալերել որ հետապնդեն ամուրիութեան ‘պարգեւ’ը, իսկ հետագային, եթէ որոշեն ամուսնանալ, ի վիճակի պիտի ըլլան որ ստանձնեն ամուսնութեան ծանր պատասխանատուութիւնները։ (Մատթ. 19։10, 11. Ա. Կորն. 7։36–38) Դրական կերպով խօսելով ռահվիրայութեան, ծառայելու հոն ուր որ աւելի մեծ կարիք կայ, Պէթէլի ծառայութեան կամ միսիոնարական գործունէութեան մասին, ծնողներ կրնան զաւակներուն մէջ, նոյնիսկ կանուխ տարիքէն, փափաք մը մշակել որ իրենց կեանքերը այնպիսի կերպով մը գործածեն որ Եհովան կը հաճեցնէ, ուրիշներու կ’օգտէ եւ իրենց անձերուն օրհնութիւններ կը բերէ։
5 Դիպուածով չէ որ այսօր այսքան պատանիներ ունինք կազմակերպութեան մէջ, որոնք Քրիստոնէական բարձր չափանիշներուն կը կառչին եւ աստուածպետական նպատակակէտեր կը հետապնդեն։ Անոնց յաջողութեան մեծ մասը կրնայ վերագրուիլ սիրալիր ծնողներուն։ Եթէ ծնող մըն էք, ձեր զաւակները դէպի ո՞ւր կ’ուղղուին։ Անոնք յառաջդիմական կերպով կ’ուղղուի՞ն դէպի Թագաւորութեան շահերուն վրայ կեդրոնացած կեանքի մը։ Յիշեցէք որ ամենէն կարեւոր բաներէն մէկը զոր կրնաք ընել այն է որ ձեր զաւակներուն մէջ ճշմարտութիւնը քանդակէք եւ ամէն օր անոր մասին խօսիք։ Այսպիսով կրնաք օրհնուիլ ընտանիքով մը որ հաւատարմօրէն Եհովայի կը ծառայէ։—Բ. Օր. 6։6, 7. Յես. 24։15