ՀՈԳԵՒՈՐ ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏՆԵՐ ՀԵՏԱՊՆԴԵԼԸ ՔԱՋԱԼԵՐԵՑԷՔ
1 Նախապէս բնաւ այսքան շատ պատանիներ բաժին չեն բերած Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելուն մէջ։ Տասնեակ հազարաւորներ կ’ընդունին Ժողովողի 12։1–ի խրատը. ‘‘Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ’’։ Ի՞նչ բան կը մղէ այս պատանիները որ կանոնաւոր բաժին մը բերեն ծառայութեան մէջ, եւ ինչո՞ւ անոնցմէ շատեր միջամիուխ կ’ըլլան ռահվիրայական ծառայութեան։
2 Անկասկած շատեր կ’ընդօրինակեն ուշագրաւ պատանի Տիմոթէոսի վարմունքը։ Անոր մայրը ու մեծ մայրը իրեն տուին մանկութենէն ի վեր մատուցուած հոգեւոր դաստիարակութեան օգուտները եւ զինք քաջալերեցին որ հոգեւոր նպատակակէտներ հետապնդէ։ (Բ. Տիմ. 3։14, 15) Ուստի, երբ առիթը հանդիսացաւ ծառայութեան աւելցած առանձնաշնորհումներու համար, ան որակելի ու պատրաստ էր։—Գործք 16։1–3
3 Ինչպէ՞ս կարելի է աւելի պատանիներ քաջալերել որ հոգեւոր նպատակակէտներ հետապնդեն։ Ի՞նչ տեսակ հիմ մը պէտք է դրուի։ Ծնողներ ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակներուն մէջ ճշմարտութեան համար երախտագիտութիւն կերտել եւ անոնց օգնել որ իրենց համար երկարատեւ նպատակակէտներ դնեն։
4 Սուրբ Գրային Հիմ մը Դրէք. Ծնողները պէտք է վստահ ըլլան թէ ինչ որ իրենց զաւակներուն կը սորվեցնեն Եհովայէն է, այնպէս որ անիկա կարենայ անոնց ‘իմաստուն ընել փրկուելու’։ (Բ. Տիմ. 3։15) Ժրաջանութեամբ ճիգ թափեցէք անոնց մէջ խոր սէր մը մշակելու Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին, հանդէպ։ Ասիկա կը պահանջէ կանոնաւոր, նշանակալից Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը որ իրենց կարիքներուն յարմարցուած է, ինչպէս նաեւ ժողովներուն կանոնաւոր ներկայ ըլլալը։ Որպէսզի պատանիները զօրաւոր հաւատք ունենան որ պիտի մղէ զիրենք հոգեւոր նպատակակէտներ հետապնդելու, պէտք է ունենան իրենց անձնական ուսումնասիրութեան յայտագիրը եւ զարգացնեն իրենց անձնական յարաբերութիւնը Եհովայի հետ։—Ա. Թես. 5։21. Եբր. 11։1
5 Քրիստոնեայ պատանիները աւելի անյապաղ պիտի հետապնդեն հոգեւոր շահերը եթէ իրենց ծնողներն ու ուրիշ հասուն անհատները ժողովքին մէջ լաւ օրինակ մը հանդիսանան ու ‘Եհովայի ուրախութիւնը’ ճառագայթեն։ (Նէեմ. 8։10) Ուրախութիւն ցուցաբերելով, բոլորս ալ կրնանք պատանիներուն օգնել որ գնահատեն թէ ճշմարիտ Քրիստոնէութեան պահանջքները ծանր բան չեն։—Ա. Յովհ. 5։3
6 Շատ մը պատանիներ մեծապէս ազդուեցան այն ռահվիրաներէն, միսիոնարներէն, եւ ճամբորդող տեսուչներէն որոնք իրենց հետ աշխատեցան դաշտի ծառայութեան մէջ կամ որոնք իրենց հետ քաջալերութեան խօսք մը բաժնեցին։ Ծնողներ կրնան օգնել հրաւիրելով օրինակելի լիաժամ աշխատողներ իրենց տունը ճաշի համար կամ ուրիշ ատեն՝ Քրիստոնէական ընկերակցութեան համար։ Յիսուս Քրիստոս ամենալաւ օրինակը հանդիսացաւ դեռահասակներուն հաւասարակշռուած ուշադրութիւն ընծայելուն մէջ։—Մար. 10։13–16
7 Նպատակակէտներ Դնել. Ծնողական պատշաճ առաջնորդութեամբ, յաճախ զաւակները մանկութեան ժամանակ իրենց համար հոգեւոր նպատակակէտներ կը դնեն։ Անգամ մը որ դեռահասակները որոշեն թէ հոգեւոր ո՛ր լաւ նպատակակէտին կ’ուզեն հասնիլ, ըլլայ ռահվիրայական ծառայութիւնը, ծառայել ուր որ կարիքը աւելի մէծ է, Պէթէլի կամ միսիոնարական ծառայութիւնը, եւ նոյն եղանակով, ծնողներ եւ ուրիշ հասուն անհատներ կրնան ջերմօրէն քաջալերել զիրենք որ շարունակեն աշխատիլ դէպի իրենց նպատակակէտը, հայթայթելով գործնական թելադրութիւններ զիրենք խթանելու։
8 Իւրաքանչիւր ժողովք ընտանիքի մը պէս է։ Ուստի իւրաքանչիւրս պէտք է հետաքրքրուած ըլլանք պատանիներուն օգնելով որ շարունակեն քալել ճշմարտութեան մէջ եւ հոգեւոր յառաջդիմութիւն արձանագրեն։ Ասիկա կրնանք ընել հաստատելով մեր սէրը իրենց հանդէպ եւ զիրենք քաջալերելով որ հոգեւոր նպատակակէտներ հետապնդեն։